
25 օգոստոսին պիտի հրապարակուի Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին տիրացողին անունը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 55 երկիրներու լրագրողներուն կողմէ:
Այդ տիտղոսին տիրանալու յոյս ունին գլխաւորաբար երեք մարզիկներ, որոնք կը գրաւեն առաջին երեք դիրքերը:
Անոնք են` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Կերըթ Պէյլ (Ռէալ Մատրիտ) եւ Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ):
Մնացեալ դիրքերը` 4-էն 10-ը, յաջորդաբար կը գրաւեն Լուիս Սուարեզ, Լիոնել Մեսսի, Ճիանլուիճի Պիւֆոն, Փեփէ, Մանուէլ Նէօյըր, Թոնի Քրուս եւ Թոմաս Մէօլըր:


