
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ նոր տարեշրջանէն սկսեալ սպանական ֆութպոլի ակումբները տուգանքի պիտի ենթարկուին, եթէ իրենց դաշտերուն վրայ կատարած մրցումներուն ընթացքին դաշտին թրիպիւնները դատարկ ըլլան:
Եթէ մարզադաշտը լեցուած ըլլայ 75 տոկոսէն քիչ թիւով, ապա խումբը տուգանք պիտի ստանայ: Իսկ եթէ պատահի, որ մարզադաշտը կէսէն աւելի նուազ լեցուած ըլլայ, տուգանքը պիտի կրկնապատկուի:
Սակայն բացառութիւն պիտի ըլլան այն մրցումները, որոնք կը կատարուին կլիմայական աննպաստ պայմաններու մէջ:
Նշենք, որ ասոր զուգահեռ, մրցումներու ուղղակի պատկերասփռումին գծով ակումբները յաւելեալ գումարներ ալ պիտի ստանան:


