ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Շաբաթ, 4 յունիս 2016-ը պատմական օր մը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին համար, որ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի աւարտական մրցումներուն իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով Ռիատի Պէյրութի դէմ եւ 3-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան:
Տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ Անթիլիաս միշտ ալ կը պայքարէր ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու համար, իր ամէն կարելին կ՛ընէր հանդիսանալու համար Լիբանանի զօրաւորագոյն խումբը, սակայն այդ երազը չէր իրականանար:
Ռիատի Պէյրութի եւ Անդրանիկ Պէյրութի ետին տարիներ շարունակ փոխախոյեան հանդիսանալէ ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ի վերջոյ յաջողեցան պատմութիւն կերտել եւ բարձրացնել ախոյեանութեան բաժակը:
Վերջին անգամ 1996-1997 տարեշրջանին էր, երբ ՀՄԸՄ Պէյրութի խմբապետ Կասիկ Խաչերեան բարձրացուցած էր ախոյեանութեան տիտղոսը:
Լիբանանի ախոյեանութեան այդ տիտղոսին տիրանալէ ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութ առիթով մըն ալ հանդիսացած էր Լիբանանի բաժակակիր:
Մինչեւ 2013-2014 տարեշրջան, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հանդիսացած էր Լիբանանի բաժակակիր, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերէն ոչ մէկ խումբ կրցած էր ախոյեան հանդիսանալ կամ որեւէ տիտղոսի տիրանալ:
Շաբաթ օր, սակայն, ՀՄԸՄ Անթիլիասի խմբապետը` Նաթալի Սվաճեան, եկաւ բարձրացնելու ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու անոր համակիրներուն յիշողութեան մէջ եկաւ վերակենդանացնելու 1996-1997 տարեշրջանը:
Տարեշրջանի մը ամբողջ յոգնութիւնը եւ վազքը ի վերջոյ արդիւնաւորուեցաւ` այդ տիտղոսին նուաճումով:
Շաբաթ օրուան այդ կարեւոր մրցումին արձանագրուած կարեւոր յաղթանակը եղաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն ներկայութեան: Վերջիններս ամբողջ տարեշրջանին ընթացքին մնացին հաւատարիմ իրենց կազմին եւ անսակարկ նուիրումով ներկայ գտնուեցան անոր կատարած բոլոր մրցումներուն:
Պէտք չկայ անուններ նշելու, թէ այսինչ մարզիկը աւելի լաւ կը խաղար, այդինչ պատասխանատուն աւելի աշխատեցաւ, կամ ալ այնինչ մարզիչը իր բոլոր գիտելիքները տուաւ` խումբը ախոյեան դարձնելու համար: Սակայն մէկ բան կարելի է ըսել, որ ամբողջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը եղաւ մեծագոյն յաղթականը իր մասնաճիւղին` ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջոցով:
Կը շնորհաւորենք բոլորը անխտիր` մարզիչը, մարզիկները, պատասխանատուները, թեքնիք պատասխանատուն, քուլիսներու ետին աշխատողները եւ բնականաբար համակիրները, որոնք խումբին վեցերորդ խաղցողներն են եւ անոր յաջողութեան գլխաւոր բանալիները:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի, պասքեթպոլի կամ մարզական այլ խումբերուն յաղթական սլացքը կանգ պէտք չէ առնէ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս եկաւ յուշելու, որ լիբանանահայ մարզական կեանքը ամուր հիմերու վրայ կը գտնուի եւ լիբանանեան մարզական աշխարհին մէջ իր ըսելիքը ունի:
Այս յաջողութեան պէտք է յաջորդեն նորանոր յաղթանակներ եւ տիտղոսներու նուաճումներ:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին եւ շնորհաւոր` ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:


