
«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը երէկ «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ «Մատինա» թատերասրահի սեփականատէր Նիտալ Աշքարը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին:
Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Նիտալ Աշքար անդրադարձաւ արկածախնդրութիւններով լեցուն իր մանկութեան, եւ ապա ծնողքին, որոնք Ղովմի կուսակցութեան պատկանած են եւ պայքարած անոր կողքին:
Ան լուսարձակի տակ առաւ իր հօր բանտարկութեան տարիները` ընդգծելով իր մօր դերակատարութիւնը անոր օժանդակելու առումով:
Աշքար իր կեցուածքներուն ընդմէջէն բողոքեց Լիբանանի մէջ տիրող կենսոլորտային, ընկերային, մարդկային եւ քաղաքական իրավիճակին դէմ` շեշտելով, որ ինք ոչ մէկ օժանդակութիւն ստացած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիէն: «Ռաֆիք Հարիրի պարզապէս նորոգեց «Մատինա» թատերասրահը, որ կը գտնուի Քլեմանսոյի մէջ, սակայն ես մերժեցի Հարիրիի կողմէ այդ թատերասրահին համար ճշդուած տնօրէն խորհուրդը, որովհետեւ անոր անդամներուն հետ տարակարծիք էի», ըսաւ ան:
Նիտալ Աշքար հաստատեց Լիբանանի կողմէ հակաիսրայէլեան պայքարի անհրաժեշտութիւնը` արուեստի, մշակոյթի եւ ակադեմական առումով:


