Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Կազմակերպած Մայրերու Օրուան Իւրայատուկ Ձեռնարկը

May 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kahl-2_51816

ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 17 մայիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան մէջ տեղի ունեցաւ տարեց մամիկներու յատուկ մայրերու օրուան ձեռնարկ:

ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տան մեծ ընտանիքին մաս կը կազմեն 121 մամիկներ ու պապիկներ, որոնցմէ 82-ը մամիկներ են: Ձեռնարկին ներկայ էին 60 մամիկներ, իսկ 22-ը դժբախտաբար անշարժ ըլլալով իրենց սենեակներուն մէջ, չկրցան վայելել ձեռնարկին հաճելի մթնոլորտը:

ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան իր բացման խօսքով նշեց օրուան իւրայատկութիւնը` մայրերով շրջապատուած. ան անոնց մաղթեց երկար եւ ուրախութեամբ լի կեանք: Պատուելի Սեպուհ Թերզեան  շնորհակալական խօսքով պատուեց խնամակալութեան մարմինի եւ տիկնանցի օժանդակ յանձնախումբի անդամները` իրենց անձնուէր աշխատանքին համար: Տնօրէնը հրաւիրեց խնամակալութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը, որ իր կարգին յայտնեց իր ուրախութիւնը այս մեծ եւ օրհնեալ ընտանիքի գոյութեան համար` դարձեալ շնորհակալական խօսք ուղղելով տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն` մաղթելով, որ այս օրհնեալ ծառայութիւնը ըլլայ  ժառանգական` յաջորդ սերունդին, նոյն զոհաբերական շունչով:

kahl-1_51816

ՔԱՀԼ-ի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան անունով շնորհակալական շքանշանի արժանացաւ Ժանէթ Պետոյեան` իր երկարամեայ ծառայութեան համար, շքանշանի յանձնումը կատարեց Թամար Տէր Պետրոսեան:

Վերապատուելիի աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիրի մը ներկայացումը, որուն ընթացքին Լոռի Քէշիշեան իր զուլալ ձայնով խանդավառեց ներկաները:

Մամիկները ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ վայելեցին իրենց համար մեծ հոգատարութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագիրը: Անոնք մեծարուեցան նաեւ ծաղիկներով:

 

Նախորդը

Մեր Օրերու Բարեգործները

Յաջորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Նուիրուած Յատուկ Արարողութիւնները Կը Համախմբեն Հաւատացեալները

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.