Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Վնասուած Շրջանները Վերականգնելու Եւ Զինուորներուն Ի Նպաստ Հանգանակային Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

May 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ARF-logo-color1

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 29 ապրիլին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն բնագիրը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.

Արցախի հերոսական ժողովուրդը իր երիտասարդներուն թափած թանկագին արեան գնով կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Իր նահատակ զաւակը հողին յանձնող մայրը, արտայայտելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին զգացումները, մեզի յստակօրէն կը պատգամէ, որ` «մենք թանկագին կեանքեր կորսնցուցինք մեր հողը պաշտպանելու համար: Մէկ թիզ հող իսկ պիտի չյանձնենք թշնամիին»:

Ազրպէյճանական ուժերուն Արցախի վրայ վայրագ յարձակումները` ապրիլ 2-ին, ո՛չ միայն ապակայուն վիճակ ստեղծած են տարածաշրջանէն ներս, այլեւ ամբողջական պատերազմի մը բռնկումը հաւանական դարձուցած են` վտանգելով Արցախի եւ իր ժողովուրդի գոյութիւնը: Արցախի Պաշտպանական բանակը կանգնեցուց այս յարձակումները եւ ուժեղ հարուածով ետ շպրտեց թշնամի ուժերը, սակայն  աւերուեցան Թալիշն ու Մատաղիսը, եւ ծանր վնասներ հասցուեցան Մարտակերտին: Այս սադրիչ յարձակումները քաղաքացիական ու զինուորական բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ դարձան:

Մենք կը վերահաստատենք մեր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին, կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան բանակին, իրենց  մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման այս վերջին դրսեւորման դէմ կանգնելու ճիգին մէջ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, անսալով Արցախի մեր եղբայրներու կոչին, վճռած է կարեւոր դեր ստանձնել` շուտով վերականգնելու համար քանդուած շէնքերը, որպէսզի մեր հայրենակիցները վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին, եւ որպէսզի Ազրպէյճանին համար յստակ դառնայ, թէ իր զինուորական ուժով ու սպառնալիքով չի՛ կրնար կոտրել հայ ժողովուրդին կամքը` ո՛չ Արցախի մէջ, ո՛չ սփիւռքով մէկ:

Կեդրոնական կոմիտէս կոչ կ՛ուղղէ շրջանիս հայութեան` միանալու Հայ մշակութային միութեան «Արցախի հետ» եւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան «Մեր զինուորներուն հետ» զոյգ նախաձեռնութիւններուն` ապահովելու համար Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ ամրացնելու համար Արցախի անկախ պետականութիւնը:

Արցախի ազգային ազատագրական պայքարը սկիզբ առաւ 1988-ին, եւ արցախցին կենաց-մահու պատերազմ մղելու պարտադրուեցաւ 1990-ականներու առաջին տարիներուն: ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը իր շարքերով, համակիրներով եւ ուղեկից կառոյցներով մի՛շտ կանգնեցաւ Արցախի կողքին եւ իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դրաւ անոր ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Ժամանա՛կն է, որ վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը` աջակցելու հայրենի մեր արիասիրտ եղբայրներուն ու քոյրերուն:

 

Նախորդը

Հոնոլուլու Գաւառն Ու Քաղաքը Վաւերացուցած Են Արցախի Զօրակցական Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պիտի Օժանդակե՛նք

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.