
Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Մալակայի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ դաշտէն վտարուեցաւ, 3 մրցումով կախակայուեցաւ:
Մալակայի վտանգաւոր մէկ յարձակումին ընթացքին, Սիմէոնէ դաշտին եզրին գնդակ մատակարարող տղուն նշան ըրած էր, որ երկրորդ գնդակը նետէ խաղադաշտ:
Աթլեթիքօ պնդեց, որ այդ տղեկը ինքնիրմէ նետած էր գնդակը, բայց ֆետերասիոնը այդ պնդումը չընդունեց:
Այսպիսով, Սիմէոնէ պիտի բացակայի այս տարեշրջանի վերջին երեք` Ռայօ Վայեքանոյի, Լեվանթէի եւ Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն:


