Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջի Մրցումներուն

January 26, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարգ մը խումբեր պարագլուխի իրենց դիրքը զիջեցան այլ խումբերու:

Անգլիոյ մէջ Լոնտոն մայրաքաղաքի տերպիին Արսենալ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Լայսթըրի, որ ունեցաւ երեք կէտի առաւելութիւն մը մարզիչ Արսէն Վենկերի կազմին վրայ, որ նահանջեց

3-րդ դիրք, մինչ Մանչեսթըր Սիթի բարձրացաւ 2-րդ դիրք` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Արսենալը:

Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Սաութհեմփթընէն, մինչ կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք Լիվըրփուլ 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նորուիչի դաշտին վրայ

Սպանիոյ մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք Սեւիլլայի հետ, պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Պարսելոնայի, որ քիչ մը դժուար մրցումի մը ընթացքին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Մալակայի դաշտին վրայ, գրաւեց պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Աթլեթիքօ Մատրիտը: Նշենք, որ Պարսելոնա մրցում մը նուազ կատարած է:

Ռէալ Մատրիտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռէալ Պեթիսի հետ: Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Զինետին Զիտան իր դաշտէն դուրս կը կատարէր իր առաջին մրցումը:

Իտալիոյ մէջ, շաբթուան գագաթի ճակատումին, Եուվենթուս 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ա. Էս. Ռոմային, արձանագրեց ախոյեանութեան գծով իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը: Եուվէ այժմ 2 կէտով միայն ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլիէն, որ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Սամտորիայի:

Ֆրանսայի մէջ Փարիզ Սեն Ժերմենի գերազանցութիւնը կը շարունակուի: Մայրաքաղաքի կազմը, որ ցարդ անպարտելի է, 5-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անժէի, 21 կէտի բաւական հսկայ տարբերութիւն մը ունեցաւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքոյի հետ:

 

Նախորդը

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց, Ռեփթըրզ, Սելթիքս Եւ Նեթց` Յաղթական

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.