
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հաւաք կատարող Պորուսիա Տորթմունտ, երէկ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատեցաւ Ժէոնպուք Հիունտայ Մոթորզի դէմ (Հարաւային Քորէա) եւ արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեանի կատարած կոլի փոխանցումէն ետք Կոնցալօ Քասթրօ` նշանակելով երկրորդ կոլը (42-րդ), արդիւնքը վերածեց 2-1-ի:
Տորթմունտի առաջին կոլը նշանակեց Մարքօ Ռէօս (4-րդ), իսկ մնացեալները` Ժու-Հօ Փարք (53-րդ) եւ Քրիսթիան Փուլինիչ (90-րդ):


