Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Բացումը Կատարեց ՀԵՀՈՄ-ի Կազմակերպած Ամանորի Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին

December 14, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

hom_121315

Ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) կողմէ կազմակերպուած Նոր տարուան ցուցահանդէս-տօնավաճառին` ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ցուցադրութեան ու վաճառքի համար դրուած էին հայկական արուեստի գործեր, ամանորեան զարդարանքներ, հայկական խոհանոցը ներկայացնող ուտեստեղէններ, հայկական գինիներ եւ քոնեակներ, տուրմեր, խտասալիկներ, հայկական մրգեղէններ, ձեռագործներ, տնային գործնական պիտոյքներ եւ այլ զարդեղէններ:

Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ բարեգործական աշխատանքի գծով ՀԵՀՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որմէ ետք հայերէնով բացման խօսք արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Յովիկ Յակոբեան, իսկ արաբերէնով` Սինթիա Արաբկիրլեան: Իրենց խօսքին մէջ անոնք շեշտը դրին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ սոյն ամանորեան ձեռնարկին բարեգործական բնոյթին կարեւորութեան վրայ:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մէջ ՀԵՀՈՄ-ի ունեցած դերին ու աշխուժ գործունէութեան, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ զօրավիգ կանգնին լիբանանահայ բոլոր երիտասարդական միութիւններուն ու քաջալեր հանդիսանան անոնց կողմէ կատարուած ազգանուէր ծառայութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը իր գնահատական խօսքը ուղղեց ՀԵՀՈՄ-ին եւ ներկաները քաջալերեց, որ մասնակից դառնան իրենց կատարած բարեգործական աշխատանքին:

Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէս-տօնավաճառին գլխաւոր նպատակն է կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակել եւ զանոնք բաժնեկից դարձնել նոր տարուան ուրախութեան: Այս առումով տօնավաճառի մուտքին զետեղուած են երկու խոշոր տուփեր, որոնց մէջ ժողովուրդը իր սրտաբուխ նուէրը (ուտեստեղէն եւ խաղալիք) պիտի նետէ, եւ այդ բոլորը հաւաքուելով պիտի բաշխուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Նախորդը

Քեսապ-Լաթաքիա Մայրուղին` Վերահսկողութեան Տակ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-Ի կեդրոնական վարչութեան Ա. լիագումարի հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.