Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇԱԿԻ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒՄՈՎ

August 23, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թ. նիստին ատենապետը եւ զեկուցաբերները

Շաբաթ, 20 օգոստոս 2011-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ եզրափակուեցաւ Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարը` հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, գործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին:

Նախքան եզրափակման նիստը, գումարուեցան Թ. եւ Ժ. նիստերը, որոնք դարձեալ ունէին իրենց օրակարգերը` նուիրուած արեւմտահայերէնի պահպանման կենսական հարցին:

Թ. նիստը քննարկեց «Եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքի եւ ազգային կառոյցներուն դերը արեւմտահայերէնի պահպանման ու բիւրեղացման մէջ» նիւթը: Նիստը վարեց Վերա Թահմազեան, իսկ այդ մասին զեկուցումներ ներկայացուցին Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Սեդա Խտըշեան` Լիբանանէն, եւ Ժիրայր Ռէիսեան` Սուրիայէն:

Զեկուցաբերները եկեղեցւոյ, ընտանիքին ու ազգային կառոյցներուն շրջապատին մէջ հայոց լեզուն բիւրեղացնելու առաջարկներուն հետ ցոյց տուին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով աղաւաղման ու կորստեան վտանգին կ՛ենթարկուի արեւմտահայերէնը: Սեդա Խտըշեան եւ Ժիրայր Ռէիսեան յատկապէս քննարկումի ենթարկեցին հայ ընտանիքին եւ մեր կառոյցներուն մէջ բծախնդրութիւն ցուցաբերելու հրամայականը: Նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հերա Իսկենտերօղլու` Թուրքիայէն, որ յատկապէս Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն լեզուամակարդակին իրավիճակը ներկայացուց:

Ժ. նիստին ատենապետը եւ զեկուցաբերները` Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ

Վերջին` Ժ. նիստով քննարկուեցաւ ներկայ արհեստագիտութեան այս գծով բերելիք նպաստին այժմէական հարցը: Օրակարգի նիւթն էր «Արդի արհեստագիտութեան սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ օգտագործման ընդհանուր ծրագիրի մշակում եւ մարդուժի պատրաստութեան հարց»ը: Նիստը վարեց Արմէն Իւրնեշլեան` Լիբանանէն, իսկ զրոյցին մասնակցեցան Մինաս Հանսքէհեան` Լիբանանէն, Մաթիկ Էպլիղաթեան` Սուրիայէն եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան` դարձեալ Լիբանանէն: Զրոյցին մասնակիցները ներկայացուցին այն կարելիութիւնները, որոնք արդի արհեստագիտութիւնը կ՛ընձեռէ մեզի, մեր լեզուն աւելի արագ, աւելի դիւրին ու նոր սերունդին աւելի մատչելի կերպով սորվեցնելու: Համակարգիչի, համացանցի ու լսատեսողական բոլոր միջոցներու օգտագործումը, անժխտելի ներկայութիւն են արդի մարդու կեանքին մէջ, որոնց լայնօրէն գործածութիւնը մեր վարժարաններուն մէջ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:

Համագումարին եզրափակիչ նիստը. Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան

Յետմիջօրէին, եզրափակիչ նիստով, մասնակիցները նախ ունկնդրեցին բանաձեւուած այն մտածումները, որոնք երեք օրերու վրայ տարածուած համագումարին ընթացքին հնչած էին ժողովասրահին մէջ եւ որոնք հիմքը պիտի կազմեն խմբագրուելիք յայտարարութեան: Ապա, մասնակիցներուն դիմեց Արամ Ա. կաթողիկոս` երեք օրերու իր ստացած տպաւորութեան տակ իր եզրափակիչ խօսքը արտասանելու: Վեհափառը ոչ միայն անդրադարձաւ եռօրեայ համագումարի աշխատանքներուն ու առաջարկներուն, այլեւ նախորդ համագումարներէն յամեցող առաջարկներուն, որոնք նոր իրագործումներու ճամբով պէտք է իրենց նպաստը բերեն ընդհանրապէս հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի բիւրեղացման գործին:

Եզրափակման հանդիսաւոր պահուն, ընդառաջելով համագումարի մասնակիցներու փափաքին, վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ հիմնեց «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ»ը: Սոյն խորհուրդը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ լեզուի մասնագէտներէ, յատուկ կանոնագրութեամբ պիտի գործէ` համակարգելով այն հարցերը,  որոնք առնչուած են արեւմտահայերէնին` հրատարակութեանց ճամբով եւ այլ միջոցներով իրագործուող:

Վեհափառը այս առիթով իր բարձր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին ու անոր ժրաջան տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին` համագումարի իրականացման համար կատարած անդուլ ճիգին համար: Վեհափառը գնահատեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն, որոնք սիրայօժար եկած էին մայրավանք` իրենց մտահոգութեան հետ նաեւ նորանոր առաջարկներով լուծում որոնելու սփիւռքի համար անժամանցելի այս հարցին:

Յայտնենք, որ համագումարի պաշտօնական յայտարարութիւնը առանձնապէս լոյս պիտի տեսնէ մամուլին մէջ:

Նշենք նաեւ, որ եզրափակման օրը տեղի ունեցաւ նաեւ խրախճանք` ի պատիւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երեք օրերու հեւքոտ աշխատանքը մասամբ նաեւ շարունակեցին խրախճանքի զուարթ միջոցին` նորանոր ծրագիրներու փոխանակումով:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ . ՍՏԵՓԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։