
Ռէալ Մատրիտի Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իր գործակալէն` Ճոնաթըն Պառնեթէն խնդրած է իրեն համար նոր խումբ մը փնտռել «Փրեմիեր Լիկ»-էն:
Օգտագործելով «Ֆրանս ֆութպոլ»-ի հրապարակած լուրը` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պէյլ ինքզինք երջանիկ չի զգար արքայական ակումբին հետ: Անոր հեռացման պատճառներն են` համակիրներուն դժգոհութիւնը եւ խումբին չյարմարիլը:
Նշենք, որ նախապէս իրենց կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Պառնեթ եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քրիս Քոլման յայտնած էին, որ Ռէալի ֆութպոլիստները կ՛անտեսեն Պէյլը մրցումներուն ընթացքին:


