Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալի Եւ Ներկայի Տեսիլքներու Իրականացում

May 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Ա.

Kchag-1ՔՋԱԿ-ը  Քրիստոնէական ջանից ամառնային կեդրոն) Միջին Արեւելքի հայութեան համար ընդհանրապէս, հայ աւետարանականներուն համար յատկապէս, նաեւ ո՛չ հայ աւետարանականներու յիշողութեան մէջ իր յատուկ տեղը գրաւած է: Հոն տիրող քրիստոնավայել կեանքը մեծապէս նպաստած է մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու առողջ դաստիարակութեան:

Մինչեւ 1975-ի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը` ՔՋԱԿ-ի մէջ է, որ Աստուծոյ սիրով աճող երիտասարդներ հոգեւոր կեանքի նուիրուած են, շատ պարագաներու` կազմած են Քրիստոսի խօսքով սնանող ընտանիքներ:

Այս բոլորը սկսած է խումբ մը նուիրեալներու տեսիլքով:

1937-էն սկսեալ Ջանիցը համագումարներ կը կազմակերպէր Շուէյր գտնուող համագումարներու կեդրոնի տարածքին: Երկսեռ երիտասարդներ մեծ խանդավառութեամբ կու գային Սուրիայէն եւ Լիբանանէն` շաբաթ մը անցընելու, Աստուածաշունչի սերտողութիւն, դասախօսութիւն եւ տարբեր գործունէութիւններու ժամանակ տրամադրելով: Շուտով միութեան ղեկավարները նկատեցին, թէ ուսուցչաց, երիտասարդաց, պատանեաց եւ մանուկներու համագումարներէն ետք մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Իսկ Ջանից յատուկ կեդրոնի մը գոյութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէր, որ ամբողջ ամառնային արձակուրդի շրջանին կարելի ըլլար կազմակերպել տարբեր տարիքի խումբերու համագումարներ:

1949-ին Օգոստին Պետիր եւ խումբ մը ջանիցականներ կը գնեն Մոնթեվերտիի շրջանին մէջ գտնուող ներկայ ՔՋԱԿ-ի 20,000 քառ. մեթր հողատարածքը, որ 500 մեթր բարձր է ծովէն: Նոյն տարին, ձմրան, օր մը, խումբով ՔՋԱԿ կը բարձրանան 10 նուիրեալ ջանիցականներ` հոն տեղադրուած փայտէ խաչին շուրջ իրենց առաջին պաշտամունքը կատարելու:

Այսպէս, նախքան համապատասխան շէնքերու կառուցումը` վրաններու տակ համագումարները կը կազմակերպուին: Առանց որեւէ խտրութեան, գրեթէ բոպիկ եւ չքաւոր մանուկներ, «սննդակարօտ» անուանեալ խումբերով վրաններու տակ կը ստանան սնունդ եւ հագուստեղէն` քրիստոնէական դաստիարակութեան կողքին: Նաեւ կ՛ունենան ընկերային պահեր ու պտոյտներ:

Սննդակարօտներու այս խումբի տղաքը իրենց հացերը բարձերուն տակ կը պահէին` յաջորդ օրուան մտահոգութեամբ: Հետզհետէ գաղութին վիճակը կը բարելաւուի եւ «սննդակարօտները» կը փոխարինուին «օդակարօտներու» խումբերով:

Համագումարներու մասնակիցներ կու գան Հալէպէն, Եգիպտոսէն, Այնճարէն, ի հարկէ` Պէյրութէն եւ այլ երկիրներէ:

Սերունդներ կը փոխուին, նորեր կու գան, որոնք իրենց սէրն ու յոյզը կը կապեն Քրիստոնէական ջանից ընկերակցութեան, կը կոփուին ու կը դաստիարակուին իրենց երկրորդ տունը նկատուող ՔՋԱԿ-ի մէջ:

Kchag-2Այսօր նոր շունչով, նոր լիցքաւորումով եւ հաւատքով գործի լծուած են ՔՋԱԿ-ի առաքելութեան հաւատացողներ անցեալի տեսիլքի շարունակութիւնը ապահովելու համար: Այս տեսիլքները իրականացնելու համար անհրաժեշտ են մարդուժն ու նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Այսօր ալ խումբ մը ջանիցական պատասխանատուներու երազն է տեսնել ՔՋԱԿ-ը բարեկարգուած եւ գեղեցիկ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի՛ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ կազմակերպել երիտասարդական, ուսուցչական կամ այլ համագումարներ:

Գործը սկսած է, կը մնայ շարունակել մինչեւ աւարտը` Աստուծոյ օգնութեամբ:

ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման ծրագիրը սկսաւ 2003-ի գարնան, երբ վերջնականապէս ՔՋԱԿ-ի տարածքէն հեռացան զինուորական ուժեր: Նախնական աշխատանքը առաւելաբար կեդրոնացաւ մաքրութեան վրայ: Առաջին հերթին քանդուեցաւ եկեղեցիի մուտքին կառուցուած պատը, որմէ ետք, բնութիւնը պահպանելու համար, հարկադրուեցանք հականեխելու միջավայրը եւ յօտելու ծառերը: Առաջին հերթին կարելի եղաւ վերանորոգել ՔՋԱԿ-ի մուտքէն մինչեւ վերնատուն անցնող ճամբան, որ քանդուած էր օտար զօրքերու տեղակայութեան օրերուն: Երկրորդ` մատուռը նորոգուեցաւ  այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ պաշտամունք ունենալ: Իսկ ներքեւի սենեակը կահաւորուեցաւ խոհանոցի համեստ սարքերով, որպէսզի կարելի ըլլայ այցելու խումբերը սնունդով մատակարարել: Երրորդ` 2004-ին նորոգուեցան երկու սենեակներ, ուր զետեղուեցաւ 12 անկողին` իւրաքանչիւր սենեակի մէջ: Այսպիսով, կարելի պիտի ըլլար 24 հոգինոց փոքր խումբեր հիւրընկալել ամրան ընթացքին: Չորրորդ` լուսաւորուեցաւ նաեւ ՔՋԱԿ-ի ներքին ճամբան: Հինգերորդ` փոքրիկներու խաղավայրով օժտուեցաւ ՔՋԱԿ-ը: Վեցերորդ ջուրի տակառները մաքրուեցան եւ վերադասաւորուեցան մաքուր ջուր ապահովելու համար: Եօթներորդ` տեղադրուեցաւ ելեկտրածին նոր սարք մը: Վերոյիշեալ նորոգութիւնները իրագործուեցան տեղական համեստ ուժերու ներդրումով:

kechag12007-ին երկրաչափներու խումբ մը այցելեց ՔՋԱԿ: Այս ամերիկեան ընկերակցութիւնը EMI (Engineering Ministries International) կամաւոր կերպով ուսումնասիրեց ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման կարիքները եւ ամբողջական ծրագիր մը մշակեց:

ՔՋԱԿ-ի վերանորոգման առաջին հանգրուանը ամբողջացաւ կիրակի, 5 սեպտեմբեր 2010-ին: Մատուռի վերանորոգումն ու նուիրումը տեղի ունեցաւ 1 յուլիս 2012-ին, իսկ անկէ ետք նուիրումը կատարուեցաւ «Իզմիրլեան» եւ «Գասարճեան» մասնաշէնքերուն: Հայ աւետարանական եկեղեցիներու պատասխանատուները հանգանակութիւն կատարեցին եւ սեպտեմբեր 2013-էն ապրիլ 2014 աշխատանքի լծուեցան: Մեծ ու փոքր կամաւորներ խանդավառութեամբ հետեւեցան վերանորոգման գործին:

Շաբաթ, 3 մայիս 2014-ին, ժամը 5:00-ին (բացում-նուիրում) ամբողջացած կ՛ըլլայ  ՔՋԱԿ-ի 70 առ հարիւրին նորոգութիւնը: Տակաւին շատ գործ կայ երիտասարդներու եւ կամաւոր աշխատողներու` ապագայ քրիստոնէական ջանքին եւ ազգակերտումին նպաստող այս հաւաքավայրի վերանորոգման համար:

Ըստ այս ծրագրին, ՔՋԱԿ-ը կարելիութիւն պիտի ունենայ 100-է աւելի անձեր ընդունելու նորակառոյց սենեակներու մէջ, եւ արդիական ճաշարանի ու մարզադաշտի գործածութեան վայելքը հրամցնել բոլոր համագումարներուն միջոցով, այնպէս որ, հոգեւոր եւ ֆիզիքական օրհնութիւններ ստանան մասնակցողները եւ Աստուած փառաւորուի:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայաստանի Բնանկարներու Տաղանդաւոր Գծանկարիչը

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։