Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեսապը` Մեր Անցեալը, Մեր Ապագան

April 4, 2014
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երբ երկու տարիներ առաջ Սուրիոյ պատերազմը իր բոցերը ուղղեց Հալէպ, ընկերային ցանցերուն շրջանակներուն մէջ բարձրացան Հալէպին համար իրար հակադրուող տեսութիւններ եւ «ռազմավարութեան» տարբեր առաջարկներ: Մաս մը դիմեց աղօթարշաւի (Հալէպին համար աղօթելու թուային արշաւ, որուն ձեւերէն են աղօթք խորհրդանշող նկարներու տարածումը), մաս մը կոչ ուղղեց հալէպահայերուն` չգաղթել «Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն ապաստան տուած» երկրէն, ոմանք արդէն առաջին առիթով անցան Լիբանան, իսկ լաւագոյն պարագային` ոմանք հաստատուեցան Հայաստան: Երեք տարիներու ընթացքին Հալէպի մասին մեր հնչեցուցած ահազանգերը հետզհետէ խլացան եւ գաղութը ընտելացաւ հալէպահայերուն դիմագրաւած իրավիճակին կամ ալ կորսնցուց առաջին օրերուն բարձրացուցած տագնապալի հոգեվիճակը:

Երկու շաբաթներ առաջ կատարուեցաւ (ան)սպասելին: Քեսապի հայութիւնը մէկ օրէն միւսը միաձուլուեցաւ Սուրիոյ պատերազմի օրէնքներուն հետ: Մինչեւ այդ օրը համեմատաբար խաղաղ Քեսապին լեռները յանկարծ որոտացին, եւ քեսապահայութիւնը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին գաղթեց իր տուներէն` ապաստան գտնելու համար Լաթաքիոյ մէջ: Քեսապէն մեզի հասած տեղեկութիւնները եւ նկարները մեզ վերադարձուցին մեր նախկին երգերուն եւ տեսութիւններուն: Քեսապին աշխարհագրական եւ պատմական դիրքը աղմուկը բազմապատկեց, բայց մեզ տարաւ տարբեր ուղղութիւններու: Ոմանք քեսապահայութեան` Լաթաքիա ապաստան գտնելը որակեցին տեղահանութիւն` կատարուած կամ գոնէ կիրարկումը իրականացուցած ցեղասպան թուրքին կողմէն, ուրիշներ զայն տեսան պատերազմի անխուսափելի օրէնք: Այս կարծիքները անցան իրենց վերլուծական սահմաններէն անդին:

Առ այդ, ընկերային ցանցերուն վրայ տեղ գտած գրառումներ եւ կարգ մը մամլոյ ներկայացուցիչներ իրենց մատիտները սրեցին Քեսապին մէջ պատահածին անուանում մը գտնելու` ցեղասպանութիւն, տեղահանում, պատերազմ եւ այլն, եւ շատ քիչ (չըսելու համար բնաւ) քեսապահայութեան ձայնը հասցնելու: ՄԵՆՔ յանձն առինք խօսելու անոնց փոխարէն ու ՄԵՐ ձայները արձագանգ տուին Քեսապին իւրաքանչիւր լեռնէն: Սփիւռքահայերուն զգաստութեան եւ խոհեմութեան կոչեր հրատարակուեցան, անհատներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին պատերազմելու յանուն Քեսապին. տակաւին, ասոր աւելցան ապատեղեկատուութիւններ եւ հայերուն կողմէն հայերուն ուղղուած հայատեաց սուր քննադատութիւններ: Անգամ մը եւս մէջտեղ ելան ամէն յարմար առիթին «Հայաստանն է միակ հայրենիքը» ծախող փերեզակներ եւ Քեսապին պատմական դիմագիծը հարցականի տակ դնողներ: Սկսաւ առցանց ստորագրահաւաք եւ Քեսապին զօրավիգ կանգնելու ու անոր համար օգնութիւն հայցելու առցանց արշաւ (#savekessab) խորհրդանիշով: Չմոռցանք անշուշտ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական ծագում ունեցող հռչակաւոր դերասաններուն, որոնք արշաւին միացան:

Իսկ ինչո՞ւ այդքան կարեւոր է մեզի համար Քեսապը: Հայկական տարածքի կորո՞ւստն է  մեզ հետաքրքրողը, թէ՞ Թուրքիոյ կողմէն կիրարկուած հակավարչակարգ քաղաքականութիւնը, թէ՞ այլ մտահոգութիւն: Քեսա՞պն ալ պիտի ենթարկուի Նոր Գիւղի, Վիլլաներու եւ Հալէպի միւս հայաշատ թաղերուն ճակատագիրին եւ քանի մը ամիս ետք պիտի մարի՞ ան մեր այսօրուան կայտառ յիշողութենէն:

Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, ազդուելով տարածաշրջանին քաղաքական խնդիրներէն, սփիւռքին առագաստանաւը լուռ կ’ընկղմի: Իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն իր կողմ կը քաշէ կայմը եւ իր անձնական խարիսխը կը նետէ ջուրերուն խորքը, ինչ որ անհաւասարակշիռ կը դարձնէ նաւը: Իրաքի հայութենէն դատարկումէն ետք, կարգը կը հասնի Հալէպին, վերջերս Քեսապին: Քաղաքագէտի մը պէտք չունինք հասկնալու համար, որ Միջին Արեւելքի ցեղային քարտէզը ամբողջութեամբ փոփոխութեան ենթարկուած է եւ իր ազդեցութիւնը ձգած է նաեւ տեղի հայկական գաղութներուն վրայ: Համացանցին պարգեւած դրութիւնը թէեւ մեծ թիւով հայեր «մէկտեղած» է թուային տարածքի մը մէջ, բայց հաւաքականութիւնը այսօր կը տառապի պառակտումէ, որ թէեւ կարելի է տեսնել որպէս կարծիքներու փոխանակում, բայց կը ծառայէ տոտեմներ եւ վոհմակ շինելու ու անոնց համար հաւատարիմներ շահելու: Այս երեւոյթը կը մղէ, որ առագաստանաւը մնայ ջուրերուն վրայ ու չհասնի ցամաք:

Ինչ որ պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին` մեկնած Քեսապին դատարկուելուն լուրէն, հետեւանքն է առագաստանաւուն պատռած առագաստներուն (տակաւին չեմ համարձակիր ըսել, որ Քեսապը կամ Հալէպը իրենք արդիւնքն են պատռած առագաստին):

Դիմատետրին վրայ կը շարունակուին հակաթուրք ու հայապահպանման պայքարներու մեթոտներ կիրարկելու վէճեր, որոնք հայութեան վրդովումը կը ներկայացնեն, բայց Քեսապին ճակատագիրէն բխած տեսութիւնները, տեղահանութեան դէմ պայքարելէ աւելի` նաւաստիներուն նաւապետ մը փնտռելը կը ներկայացնէ:

 

Նախորդը

Դաշտը Թողուց, Սուր Հրացան…

Յաջորդը

Սթաթիւս-Քուոյի Պահպանումը` Ղարաբաղեան Հիմնահարցի Լուծման Եւրոպական Բանալի (Բ.)

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.