Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցեալէն Ներկայ` Ո՞ւր Է Ռոստոմ

January 31, 2014
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

ROSTOMՀաւաքականութեան մը դժուարին պայմաններուն մէջ բարձրացող ձայներ ժամանակի ընթացքին կը ծնին գործիչներ, որոնք մերթ ընդ մերթ կը ստանան այդ միջավայրին համակրութիւնը: Գործիչները կը դառնան հերոսներ, կ՛անմահանան իրենց գործերուն ընդմէջէն ու ապա կը դառնան իտէալներ:Թէեւ իրենց կեանքի ընթացքին անոնք կ՛ըլլան աչքառու, սակայն միայն պատմութեան էջին մասնիկը ըլլալէ ետք կը վերածնին մեր միտքերուն մէջ որպէս իտէալ հերոս:

Այսպէս, Իննսունհինգ տարիներ առաջ հայ գործիչ մը եւս կ՛անմահանայ մեր պատմութեան մէջ` մեզի կտակելով մինչեւ օրս գործող կուսակցութիւն մը: Թէեւ «մեր պատմութիւն»-ը միայն ՀՅԴ-ին չի պատկանիր այս պարագային, որովհետեւ ի վերջոյ անոր կերտած ճամբան չ՛անջատուիր հայոց պատմութենէն, բայց անոր գործունէութիւնը առաւելաբար կ՛արտացոլայ ՀՅԴ-ին արմատաւորման կարեւորագոյն շրջանին մէջ: ՀՅԴ հիմնադիր սերունդին «կամք»-ը այն մարդն է, որ գիտցաւ բարձրանալ իր եսէն վեր հասնելու համար բռնատիրութեան տակ ցիր ու ցան եղած հայ ժողովուրդին: Ան եղաւ թէ՛ ցուցմունք տուող պատասխանատու եւ թէ՛ գետնի վրայ գործունեայ զինուոր: Գիտցաւ իրեն վստահուած գործերը կատարել` թէկուզ առանց համակրելու այդ գործի բնոյթին, ինչպէս էր պարագան «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան գործը տարած ժամանակ, քանի որ Քոթոթը չէր կրնար միայն մէկ տեղ հաստատուելով` «պատերազմի դաշտէն» հեռու գործել:

Ռոստոմ այն ուսանողն էր, որ գիտէր մաս կազմել տարածաշրջանի քաղաքական անցուդարձերուն` առանց որեւէ հրահանգ ստանալու այլոց կողմէն ու իր անձնական ապահովութիւնը մէկդի դնելով` նետուիլ հաւաքականութեան շահին համար տարուած պայքարին մէջ: Այս իմաստով, Նոր-Աղեքսանդրիայի բարձրագոյն գիւղատնտեսական ճեմարանը յաճախած շրջանին ծայր առած ուսանողական ցոյցերուն մասնակցելով` իրեն ալ բաժին ինկած էր ձերբակալուիլ ու աքսորուիլ իր գիւղը` Ցղնա: Աքսորէն ետք, Աբրահամեան ծածկանուն ճարելէ ու անգամ մը եւս ուսանողական կեանքին մաս կազմելէ ետք, տաքարիւն ուսանողը հեռու չի մնար Մոսկուայի ուսանողական ցոյցերէն ու անգամ մը եւս կ՛իյնայ ոստիկանութեան ժանիքներուն մէջ: Ռուսիա ուսանող հայերը մեքենաբար մաս չէին կազմեր կատարուած իրողութեան, այլ այդ մէկը դարձած էր առիթ` անոնց համախմբման ու կազմաւորման, թէկուզ` քաղաքական ծրագիրի կարծիքներու փոխանակման համար: Զօրեանն ալ իր բաժինը ունէր հայկական այս շարժումին մէջ Մարտին Շաթիրեանի, Վարդգէս Քաջազնունիի, Սիմոն Զաւարեանի ու Ստեփան Շահնազարեանի հետ:

Մարտին Շաթիրեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ 1890-ի ցոյցերուն տեղի ունեցած ուսանողական մեծ ձերբակալութեան ժամանակ, երբ կառավարութիւնը ձերբակալած էր բոլոր ուսանողները, Ռոստոմ եւ ինք կը գտնուէին քաղաք, որուն պատճառով զերծ կը մնան ձերբակալութենէ: Ճեմարան վերադարձին, իմանալով պատահարը, Ռոստոմ ու Շաթիրեան կը լծուին միւս ազատ մնացածները հաւաքելու ու իրենց բանտարկուած ընկերներուն միանալու աշխատանքին: Երբ նախ տեսուչէն ու ապա ոստիկանութենէն բանտարկուիլ պահանջելը կը մնայ անպատասխան, անոնք կը յարձակին ոստիկանութեան վրայ ու կը բանտարկուին: Սակայն քանի մը օր ետք դարձեալ ազատ կ՛արձակուին թէ՛ բանտէն, թէ՛ ալ Ճեմարանէն: Այս որոշումէն Ռոստոմ կը վրդովի ու աւելի խանդավառ` յեղափոխական շարժումներով կը շարունակէ գործել:

Ի՞նչը աւելի ազատ է, քան` զարգացած միտքն ու կրթուած հոգին: Ռոստոմ ուսման տենչը ունէր ու այդ պատճառով ամէն անգամ որ հեռացուէր համալսարանէն, այլ պատուհանէ մուտք կը գործէր: Անոր ասպարէզն էր ուսուցչութիւնը, ուրկէ եւ կու գար կազմաւորելու ու խրախուսելու ունակութիւնը: Ան ոչ միայն կը գործէ որպէս ուսուցիչ, տեսուչ, այլ նաեւ իր կնոջ հետ կը հիմնէ Ֆիլիպէի Զօրեան վարժարանը, որ կը նպատակադրէ ազատիլ դպրոցներուն մէջ յեղափոխութիւնը սպաննող հարուստ ձեռքերէն: 1910-ին յանձն կ՛առնէ Պոլսոյ ազգային վարժարաններու ընդհանուր տեսչութիւնը: Ռոստոմ հմուտ էր իր շուրջ երիտասարդներ խմբելու ու զինելու: Նոյն Ֆիլիպէի մէջ ան մաս կը կազմէ տեղի «Արամեան» երիտասարդ խումբին` անոնց քաղաքատնտեսութիւն դասաւանդելով: Վ. Մազմանեան կը գրէ, թէ այդ ալ աւելի հրապուրելով երիտասարդները` «Արամեան խումբը» հետագային կ՛ունենայ երկրորդ խումբ մը «Վազգէն» անունով:  Բնաւ չի սպառիր սակաւախօս այս ընկերոջ եռանդը, երբ հարցը կը վերաբերի ազատութեան համար երիտասարդներ պատրաստելու աշխատանքին, եւ իր գործին բերումով, ո՛ւր որ ալ կը գտնուէր, կը տանէր զօրաշարժի աշխատանք: Անոր կը պատկանի նաեւ 1895-ին Կարինի կոտորածներուն դիմադրելու համար տարուած կազմաւորման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` Պուլկարիոյ մէջ ՀՅԴ-ի հիմնած զինուորական վարժարանը:

Թափառական, ինչպէս ամէն հայու բնական ճակատագիր, համեստ գործիչը իր կեանքին մեծամասնութիւնը կ՛անցընէ շրջելով հայկական շրջաններ, սակայն բնաւ ցոյց չտալով իր ֆիզիքական ներկայութիւնը օտարներուն: Նոյնիսկ ան ֆիզիքապէս ներկայ չէր ՀՅԴ-ի հիմնադիր ժողովին, բայց իրեն կը պատկանի ՀՅԴ ծրագիրին ներածականը: Իր այս յատկութեան մասին կան տասնեակ էջերով վկայութիւններ, իր սերնդակից ընկերները շատ լաւ կը ճանչնային Ռոստոմին գործն ու լսած էին անոր ձգած տպաւորութիւններուն մասին, թէկուզ` չճանչնալով անոր դէմքը. իսկ հիմա՞…

Ստեփան Զօրեան իր ժամանակաշրջանին դարձաւ գործիչ ու հերոսացաւ շնորհիւ իր աշխատանքին: Իննսունհինգ տարի ետք բոլորս կը ճանչնանք Ռոստոմին դիմանկարը եւ երգերուն մէջ միշտ կը յիշենք անոր անունը, բայց արդեօք ան մեր իտէա՞լն է: Համացանցի վրայ արագ ծնող ու մեռնող հերոսներու կողքին, արդեօք գիտե՞նք արժեւորել իսկական իտէալներ, թէ՞ ան կը մնայ միայն ՀՅԴ հիմնադիր սերունդին դիմանկարներէն մին, ՀՅԴ-ի զինանշանի բռունցք եւ կոմիտէներու ու պատանեկան միութիւններու անուն: Արդեօք ատա՞կ ենք Ռոստոմը դուրս բերելու ՀՅԴ-ի պատմութենէն ու տանելու դէպի հայոց պատմութեան էջեր. աւելի՛ն, արդեօք ատա՞կ ենք զայն կենդանացնելու ՀՅԴ-ի մեր ներկային մէջ: Հաւաքականութիւնը հաւաքականութիւն կը դառնայ իր հերոսներով: Գտնուելով համացանցի ու ելեկտրոնային տիրապետութեան տակ, բոլորս պէտք է Ռոստոմ ըլլանք, ապա թէ ոչ անոր յիշատակը պիտի մնայ իւրաքանչիւր յունուար ամիսի մէջ կրկնուած ծիսակատարութիւն:

 

Յ. Գ.- Պատմական տեղեկութիւնները ճշդելու համար օգտագործուած է Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ «Ռոստոմ», 1979 (Պէյրութ) հատորը:

Նախորդը

Նամականի. (Պօղոս Շահմելիքեանի «Մարտահրաւէր» Յօդուածին Առիթով)

Յաջորդը

Տեղեկատու

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.