Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանցիները Եկան»

November 1, 2013
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Այսպէս գաղտնիք մը մէջտեղ կը հանէ Տիգրանաւան գիւղի դպրոցի տնօրէնուհին` փոխադրակառքին պատուհանէն գլուխը դուրս հանած պոռալով ճամբան քալող առաջին երիտասարդուհիին, որ ուրախութենէն ցատկռտելու կը սկսի:

Հոս կը զգամ կարեւորութիւնը ԶՈՄ-ի ձեռնարկած այս գործուղումին: Մինչեւ հիմա ամէն ինչ տեսական էր, բայց երբ հասանք գործադաշտ, այդ տեսութիւնները գործնականի վերածելու ոչ շատ դիւրին, բայց հաճելի աշխատանքը կար:

Հասանք քովի գիւղը` Այգեհովիտ, ուր պիտի մնայինք մենք: Եթէ նոյնիսկ օտարութեան զգացում մը կար, արդէն չկայ: Գիւղապետին տղուն հագած վերնաշապիկը յստակօրէն կ՛ըսէ «Դէպի Երկիր 2010»: Երեք տարիներ առաջ, երկու ընկերներ մնացած են այս գիւղին մէջ եւ շապիկներ, խտասալիկներ եւ պիտոյքներ բաժնելէ բացի, գիւղացիներուն եւ մանաւանդ մանուկներուն մօտ ձգած են լաւ յիշատակներ: Մեր այցելած բոլոր տուներէն մեզի հարցուեցաւ ընկերուհի Փաթիլին եւ ընկեր Տարօնին մասին: Այս մարդիկը, որոնք կենսական հազարաւոր դժուարութիւններ ունին, զարմանալիօրէն իրենց յիշողութեան մէջ պահած են երեք տարի առաջ իրենց գիւղին մէջ տասը օր անցուցած երկու անձերուն անունները:

Այգեհովիտ գիւղին դպրոցը մեծ, երկյարկանի, վերջին երկու տարիներուն նորոգուած կառոյց մըն է, ճերմակ, մաքուր պատերով, հսկայ մարզասրահով եւ քննութեան սրահով մը օժտուած: Դպրոցը, որ կարելիութիւնները ունի 150-200 աշակերտ ընդունելու, անցած տարեշրջանին ունեցած է 30-40 աշակերտ, եւ այս թիւը յառաջիկայ տարիներուն բարձրանալու տրամադրութիւն չունի: Ցաւալի է, չէ՞: Եւ այս դպրոցը մանրանկար մըն է ամբողջ Արցախին: Բոլոր գիւղերը երիտասարդներէ եւ, հետեւաբար, ժողովուրդէ պարպուելու ընթացքի մէջ են:

Ինչ կը վերաբերի տուներու վիճակին, անոնց կարեւոր մէկ մասը, չըսելու համար կիսաքանդ, ամբողջութեամբ շինուած չեն: Կար տուն մը, որուն առաստաղը փլաւ, քանի որ նորոգութեան կը կարօտէր: Շինանիւթը դուրսը գետինն  էր, բայց գիւղացին այդ նորոգութիւնը ընելը առաջնահերթութիւն չէր նկատեր: Հոս կը ծագի սովորական հարցումը. տո՞ւն, թէ՞ բնակարան: Կարծես աւելի մեր տունն էր, քան` գիւղացիինը: Քաշաթաղի գիւղերը ընդհանրապէս վերաբնակեցուած են Հայաստանի շրջաններու բնակիչներով: Ուրեմն տարօրինակ չէ երբեմն լսել նման նախադասութիւններ.

«Էտի էստեղ չի բուսնիր, Արցախում կը բուսնի»,  ըսաւ Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Այգեհովիտ գիւղի բնակիչներէն մէկը:

«Դուք մնացէք, մենք երթանք ձեր քաղաքը»,  ըսին մեծ թիւով կիներ:

ԶՈՄ-ի ընտրած գործուղումի վերնագիրը «Քաշաթաղը իմ տունն է» արդէն կը յստակացնէ միութեան ունեցած նպատակներէն մէկը: Քաշաթաղի բնակիչներուն մէջ ամրապնդել իրենց հողին հետ կապը` անոնց փոխանցելով կարեւորութիւնը այդ շրջանին եւ, աւելի՛ն, իրենց ներկայութիւնը այդ շրջանին մէջ:

Բայց բաւարար չէ միայն այնտեղ բնակողին բացատրել իր որոշումին ճշդութիւնը: Ասոր զուգահեռ, հիմնական նպատակին հասնելու համար պէտք է «Դէպի Երկիր» գաղափարը տարածել սփիւռքի մէջ: Կապել սփիւռքահայը իր հայրենիքին, զգացնել իր կարեւորութիւնը` բարեփոխութեան գործընթացին մէջ: Թող սփիւռքահայը համոզուած տեղափոխուի հայրենիք, եւ` ոչ ստիպուած:

17-10-13

 

Նախորդը

Արցախ` Աշխատելաձեւի Բարեփոխման Անհրաժեշտութիւն

Յաջորդը

Չեմ Մտածեր Մեր Կատարած Գործին Մասին…

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.