Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սթրաթֆոր» Կը Գովերգէ Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան Ռազմաքաղաքական Գործակցութիւնը

August 6, 2013
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան` «Սի.Այ.Էյ.»-ի անպաշտօն վերլուծողական հիմնարկը հանդիսացող «Սթրաթֆոր» կայքէջը վերջերս հրատարակեց «Սթրաթֆոր» հիմնադիր եւ տնօրէն Ճորճ Ֆրիտմընի  «Ազրպէյճան եւ Ամերիկա» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ ցայտուն կերպով զգալի են ազրպէյճանամէտ մօտեցումներն ու ռազմաքաղաքական վերլուծումները:

Ճորճ Ֆրիտմըն «Ազրպէյճան եւ Ամերիկա» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ Կովկասը այն կէտն է, ուր երեք մեծ տէրութիւններ` Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը զիրար կը խաչաձեւեն: Ներկայիս այդ խաչաձեւման կէտը Ազրպէյճանն է. իրողութիւն մը, որ այդ երկիրը անոնց միջեւ «պատերազմի դաշտի» վերածած է, որովհետեւ նշեալ երեք երկիրներուն սահմանակից է: Ազրպէյճան ժամանակին խորհրդային կայսրութեան գանձն էր, սակայն այսօր աշխարհագրական շատ վտանգաւոր դիրքի մը վրայ գտնուող անկախ պետութիւն մըն է:

Ֆրիտմըն կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտները երկու խումբի կը բաժնուին: Առաջինը իրապաշտներն են, որոնք կը հաւատան, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է իրենց ազգային շահերը պաշտպանեն: Ինչ որ տրամաբանական կը թուի, մինչեւ անոնց հարց տրուի, թէ ազգային շահ ի՛նչ կը նշանակէ: Երկրորդ խմբակը կազմուած է գաղափարապաշտներէ, որոնք կ՛ուզեն ամերիկեան ուժը օգտագործել բարիք գործելու համար, ինչպէս` ժողովրդավարութիւն հաստատելու կամ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները կասեցնելու, ինչ որ լաւ գաղափար մըն է, մինչեւ իրենց հարց տրուի, թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս կը մտածեն իրագործել: Ընդհանրապէս պատասխանը այն է, որ պէտք է միջամտել, սակայն` միայն վատ մարդիկը սպաննել: Բայց եւ այնպէս, այդպիսի պարագաներու ընթացքին վատերն ու բարիները իրարմէ զատորոշելը շատ դժուար է:

Վերադառնալով Ազրպէյճանի նիւթին` Ֆրիտմըն կը գրէ, որ Ազրպէյճան Ռուսիոյ Տաղստան շրջանին սահմանակից է, իսկ Իրանի հիւսիսի ազրպէյճանական շրջանին կամ Ատրպատականին: Ազրպէյճանցիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Իրանի մէջ, ուր անոնք երկրին մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնն են (այաթոլլա Ալի Խամենէին ազերի է): Ազրպէյճան աշխարհիկ երկիր մըն է եւ ինքզինք իրանեան շիի ահաբեկչութենէն եւ հիւսիսի սիւննի ահաբեկչութենէն վտանգուած կը զգայ: Ազրպէյճան, 1990-ական թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, ռուսերուն աջակցութիւնը վայելող Հայաստանի դէմ պատերազմ մը մղեց եւ կորսնցուց: Այժմ Հայաստանի մէջ ռուսական ուժեր տեղակայուած են: Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր ունեցող կառավարութիւն մը կը թուի փոխարինած ըլլալ Վրաստանի ամերիկամէտ կառավարութիւնը: Ազրպէյճան ինքզինք դժուար կացութեան մէջ կը գտնէ, եւ երկրին Ռուսիոյ ու Իրանին միջեւ գտնուիլը կացութիւնը վտանգաւոր կը դարձնէ: Այս շրջանին մէջ թէ՛ Իրանին եւ թէ՛ Ռուսիոյ հակադրուած աշխարհիկ պետութիւն մը ըլլալը սովորական երեւոյթ մը չէ:

Ազրպէյճան, ամերիկեան տեսանկիւնէն, ունի նաեւ մէկ այլ ռազմավարական յատկութիւն մը` ուժանիւթը: Ռուսիա եւրոպական երկիրներուն ռուսական ուժանիւթէն կախեալ ըլլալու վիճակը պահպանելու եւ խորացնելու ռազմավարութիւնը որդեգրած է` մեկնելով այն տեսութենէն, թէ այդ մէկը իր ազդեցութիւնը պիտի աճեցնէ եւ ռուսական ազգային ապահովութեան դէմ վտանգները նուազեցնէ: Այս ռազմավարութեան երկրորդ հանգրուանը եւրոպացիներուն, ներառեալ Թուրքիոյ այլընտրանքները սահմանափակելն է:

Այնպիսի պահու մը, երբ Եւրոպան տկար ու անկազմակերպ է, արեւմտամէտ պետութիւնները կայունացնելու համար շրջապատին վրայ Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութիւնը սահմանափակելը ամերիկեան շահերէն կը բխի: Իրանեան ազդեցութեան սահմանափակումն ու Իրանի մէջ ազերի բնակչութեան ազդելու բեմ մը պահելը եւս Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի: Սակայն ամերիկեան ուժն ու շահերը իրենց սահմանը ունին: Միացեալ Նահանգներ պատերազմի չեն կրնար դիմել եւ կրնան աջակցիլ միայն այն երկիրներուն, որոնք իրենց ազգային ապահովութեան գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն: Միացեալ Նահանգներ այդ անվտանգութեան ապահովման գլխաւոր աղբիւրը չեն կրնար ըլլալ:

Այս իրողութիւնը Ազրպէյճանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները հետաքրքրական կը դարձնէ: Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներու հակադրուած երկու երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական դիրքի մը վրայ կը գտնուի: Ազրպէյճան դէպի Աֆղանիստան մատակարարումներու իբրեւ գլխաւոր ուղի ծառայած է: Ազրպէյճան կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութիւնն ունենալ: Ընդհանուր առմամբ, Միացեալ Նահանգներ մերժած են այդ խնդրանքը, ուստի ազրպէյճանցիները դիմած են իսրայէլացիներուն, որոնց հետ սերտ կապեր ունին:

Ազրպէյճան Ամերիկայի ամբողջական դաշնակիցի մը բոլոր յատկութիւններն ունի. ռազմավարական դիրք ունի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ իրադարձութեանց ազդելու եւ ուժանիւթի այլընտրանք մը տրամադրելով Եւրոպայի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը սահմանափակելու հնարաւորութիւն կ՛ընծայէ: Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով ան պէտք ունի զէնքերու, որոնց համար պատրաստ է վճարելու: Սակայն Միացեալ Նահանգներ անոր զէնքի մատակարարումը կը սահմանափակեն` երկու պատճառով. առաջինը Միացեալ Նահանգներու ցեղագրական քաղաքականութիւնն է: Ամերիկայի ուժեղ հայ համայնքը Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին շուրջ վէճին պատճառով Ազրպէյճանի դէմ է: Միացեալ Նահանգներու մէջ ազրպէյճանական լոպին չէ կրցած հայկական լոպիին ազդեցութեան հետ մրցիլ: Ուստի Քոնկրեսի մէջ դէպի Ազրպէյճան զէնքի առաքումները արգելակելու ճնշում գոյութիւն ունի եւ նոյնիսկ դեսպան մը նշանակելը դժուար է:

Երկրորդ պատճառը աւելի նշանակալից է: Մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, ներառեալ անոնք, որոնք արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը գտնուին, յայտնած են, թէ ազրպէյճանական կառավարութիւնը բռնակալ եւ փտած է: Ուստի անոնք Ազրպէյճանի զէնք ծախելուն դէմ կանգնած են:

Երկիր մը 20 տարուան ընթացքին խորհրդային հանրապետութենէն մը փտածութենէ զուրկ կամ ազատական ժողովրդավար պետութեան չի վերածուիր, մանաւանդ երբ երեք կողմերէ` Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նման թշնամական երկիրներով պաշարուած է: Երբ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները աչքէ անցընենք կը տեսնենք, թէ Ազրպէյճան արտակարգ երեւոյթ մը չէ: Եթէ Ազրպէյճան այս պատճառներով անտեսելի է, ապա նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ դժուար է գտնել երկիր մը, որուն հետ Միացեալ Նահանգներ կրնան դաշնակցիլ:

Ֆրիտմըն կը գրէ, որ զինք կ՛անհանգստացնէ «Արաբական գարունի ախտը» մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն այն ենթադրութիւնը, թէ բռնակալ վարչակարգի մը ընդդիմացող ամբոխը նուազ բռնակալ կառավարութիւն մը պիտի ստեղծէ: Ան կը նշէ, որ 1979-ին Իրանի շահին դէմ տեղի ունեցած ցոյցերը այդ վարկածը կը ջրեն, աւելցնելով, որ նոյնը կարելի է ըսել Ազրպէյճանի պարագային: Վարչակարգը, որքան ալ քննադատելի ըլլայ, դժուար է երեւակայել, թէ անոր այլընտրանքը աւելի ազատական կամ թափանցիկ պիտի ըլլայ: Իրանեան հովանաւորութիւնը վայելող այլընտրանք մը Իրանի նման պիտի ըլլայ, իսկ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող այլընտրանք մը` Ռուսիոյ:

Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ թէ իր բարոյական յատկութեան համար, այլ որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ խրուած սեպ մըն է: Ներկայ վարչակարգին յաջորդող որեւէ վարչակարգ հաւանաբար բարոյական գետնի վրայ աւելի վատ պիտի ըլլայ եւ թերեւս` Միացեալ Նահանգներու հակադրուած: Ազրպէյճանական քարիւղը Ռուսիոյ եւ Իրանին ձեռքը անցնիլը Թուրքիոյ վրայ ճնշումը պիտի աճեցնէ եւ Ռուսիոյ սահմանամերձ երկիրներուն համար ուժանիւթի այլընտրանքները սահմանափակէ:

Փոխան չնախատեսուած տագնապներու հարցով անակնկալ ռազմական հակադարձութիւններու` Միացեալ Նահանգներ պէտք է ռազմավարական գործընկերներու աջակցելու երկարաշունչ եւ նուազագոյն վտանգ պարունակող ռազմավարութիւն մը որդեգրեն: Անկախ Ազրպէյճան մը Ռուսիոյ եւ Իրանի կոկորդին մնացած ոսկոր մըն է, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ համար ուժանիւթի աղբիւր մը: Աւելի՛ն. Ազրպէյճան դրամ կը վճարէ զէնքերու համար, որոնք ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ պիտի գործածուին եւ ոչ թէ ամերիկացիներու:

Ան կը գրէ, որ ներկայիս իրենց արտաքին քաղաքականութեան համար կայուն շրջագիծ մը ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու կարողութիւնն է, որ Ազրպէյճանի մէջ քննութեան կ՛ենթարկուի:

Ֆրիտմըն իր երկարաշունչ յօդուածը կը փակէ` նշելով, որ թէ՛ Հիթլեր եւ թէ՛ Ստալին կը հասկնային, թէ Պաքուի վերահսկելը Եւրոասիոյ տարածքը վերահսկել կը նշանակէ: Ուժանիւթի իրողութիւնները ներկայիս փոխուած են, սակայն Պաքու իր կենսական կարեւորութիւնը կը պահէ:

 

Նախորդը

Աշխարհաքաղաքական Կողմնորոշման Դեգերումները Որպէս Արտագաղթային Մտածողութեան Ախտանշան

Յաջորդը

Ինչպէս Թուրք-Սուրիական Սահմանի Մի Մասը Կարող Է Վերածուել Թուրք-Քրտական Սահմանի

RelatedPosts

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչներ Եւ Պապական Նուիրակ Ռեմի Լըփրեթրը Քեսապի Մէջ Եւ Գաւառը Փրկելու Հետեւողական Աշխատանքներ

November 18, 2026
Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը
Պատմական

Թրքական Զօրքերու Մուտքը Սանճագ Եւ Հաթայի Պետութեան Հռչակումը

November 11, 2026
Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը
Պատմական

Սանճագի Հանրաքուէ Ընտրութիւնները Եւ Դէպի Թրքացում Գործնական Ընթացքը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.