Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ՄԻՐԷՅ ԿՈԿԻԿԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

May 20, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բացման հանդիսութեան ներկաները

Երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեանին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միրէյ Կոկիկեանի իւղաներկի եւ միքսթ միտիայի գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Օրուան առաջին խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ Կոկիկեան իւրայատուկ է իր ոճով եւ գոյներու իւրայատուկ սլացքով: Ան աւելցուց, որ Կոկիկեան հանրածանօթ գեղանկարիչ է, որ ոչ միայն ճանչցուած է լիբանանահայութեան կողմէ, այլեւ` լիբանանեան եւ միջազգային շրջանակներու կողմէ:

Յակոբեան-Եափուճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց գեղանկարիչին կենսագրութիւնը եւ ըսաւ, որ ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ան նաեւ յայտնեց, որ Միրէյ Կոկիկեան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին մէջ ուսուցիչ է աւելի քան տասը տարիէ ի վեր:

Ապա խօսք առաւ Միրէյ Կոկիկեան, որ ըսաւ, թէ գեղանկարիչը իր երեւակայութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ իր ապրումները եւ յուզմունքները: Ան նշեց, որ իւրաքանչիւր գեղանկար արուեստագէտին էութեան արտայայտութիւնն է:

Իր գեղանկարելու եղանակին մասին խօսելով` Կոկիկեան յայտնեց, որ ինք դանակի հարուածներով կը գծէ, երբ գոյները մղիչ ուժ կը հանդիսանան ստեղծելու երանգները: Իր խօսքի աւարտին Կոկիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ այն անհատներուն, որոնք նպաստեցին այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:

Աւարտին նաեւ խօսք առաւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան, որ յայտնեց, թէ Միրէյ Կոկիկեան գեղանկարիչներուն մէջ իւրայատուկ դէմք մըն է, որ ունի իր արժէքն ու կարեւորութիւնը: Այանեան յաւելեալ վերելք ու նորանոր նուաճումներ մաղթեց գեղանկարիչին:

Յայտնենք, որ Կոկիկեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած է 50 գեղանկարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մասնայատուկ նիւթ եւ գունաւորում: Անոր գեղանկարները բնութեան տարրերու ու բնակավայրերու ընդմէջէն կը ներկայացնեն մարդկային զգացումներ եւ մթնոլորտ:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 30 մայիս 2011:

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԵՐԸ` ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՕՐԱՑՆԵԼՈՒ ՈՒ ԹՄՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԸՆԴՎԶՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՅՍԸ` ԺԱՆ ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՒՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.