Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւ Այգին Ողողուած Է

March 15, 2013
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Առատ ջուրով, պարարտ հողով, կանաչազարդ մեր այգին մէկ տէր ունի:

Արիւնոտ հողով, արծուեբոյն գագաթով, մեր այգին մէկ տէր ունի:

Սակայն ո՞վ է այս տէրը:

Այգին պաշտպանո՞ղն է արդեօք, կամ ցանկապատ քաշո՞ղը:

Արիւն թափո՞ղն է, կամ զոհուո՞ղը: Խաղող քաղո՞ղն է, կամ ծախո՞ղը:

Այգիին կանչով առիւծներ ծնան, այգիին երգով անոնք մեծցան, այգիին ճամբուն վրայ զոհուեցան եւ հասան այգի: Փլեցին ցանկապատերը, փշրեցին շղթաները ու կառուցեցին ամուր պարիսպներ եւ դարձան անոնց պահակները:

Եթէ առիւծը դարձաւ պահակ, ո՞վ եղաւ տէրը:

Անձնազոհ առիւծը դարձաւ հանդիսատես, եւ տէրը դարձաւ մարախը:

Այս մարախը մուտք գործած է իւրաքանչիւր տուն` հասնելով ամէն գիւղ. կը հսկէ գիւղացիին սեփականին եւ պապենականին վրայ, իւրացնելով անոր իրաւունքը, կործանելով անոր երազները, մինչ պատուաւոր առիւծը կը հսկէ պարիսպները:

Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ այգին, երբ գիւղացի չմնայ. ո՞վ հոգ պիտի տանի խաղողին, երբ հոգատարը չկայ:

Մարախը միայն կը բեկանէ, կը շահագործէ ու կը չարաշահէ, հետզհետէ այգին կը վերածէ ճահիճի մը: Ո՛չ կը ցանէ, ո՛չ կը ջրէ, այլ միայն «կը հնձէ»:

Նոյն ժամանակ դժբախտ գիւղացին յուսալի կը մնա՞յ. ի՞նչ ապագայ կայ այգիին մէջ իր զաւկին ու թոռան: Ապրիլը նոյնիսկ հարկադրանք կը դառնայ անոր համար, որ ունի այգի, սակայն իրեն չի պատկանիր եւ ունի խաղող, որմէ չի սնանիր: Եւ այսպիսով, «հպարտ եմ, քանի կ՛ապրիմ պապերուս հողին վրայ»  խօսքը կը դառնայ հասարակ պատրանք:

Բաւական ետ նայելով` կը յիշեմ ազգ մը, որ հայրենիք չունէր, որուն զաւակը ստրուկ էր, վիզը սուրի տակ էր, որ տուն չունէր, հող չունէր, ազատութիւն չունէր, հանգստութիւն չունէր եւ իրաւունք հասկացողութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունէր:

Բայց նոյնքան եւ աւելի լաւ կը յիշեմ նոյն ազգին զաւակը, որ զարթօնք ապրեցաւ հինգ հարիւր տարի ստրկութենէ ետք  եւ  ունեցաւ գիտակցութիւն, կերտեց տիպար, տաշեց գաղափար եւ նետուեցաւ  պայքարի դաշտ. հետեւաբար շատեր  հաւաքուեցան մէկ դրօշի`  «Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգը կրող  կարմիր դրօշի տակ:

Եւ այնպիսով, ազատատենչ ազգի զաւակներ նահատակուեցան ազատութեան ճանապարհին վրայ, նախընտրեցին մահը` ստրկութեան ու բռնատիրութեան ենթակայ ըլլալու փոխարէն:

Հետաքրքրականօրէն, կարմիր դրօշի զաւակները մինչեւ օրս կառչած կը մնան իրենց գաղափարին, աշխարհի չորս ծագերուն: Անոնք նոյն ազգին զաւակներն են, ինչպէս` այգիին գիւղացիները: Բայց ի՞նչն է, որ այսօր զանոնք կը տարբերէ իրենց պապերէն. պատասխանն է` ՈՉԻ՛ՆՉ:

Անոնք ունին նոյն թշնամին` մարախը, սակայն հիմա մարախը տարբեր գոյներ ունի, տեղացի է մարախը եւ գիւղացի դարձած է: Ամէն մարդ գիտակից է անոր գոյութեան մասին, սակայն կ՛անտեսէ զայն, կը վախնայ անկէ, հաշտուած է այդ իրողութեան հետ: Ի՞նչը կը տարբերէ մարախ մը ուրիշէ, ի՞նչը կը տարբերէ անբարոյ եւ անգութ ոճրագործ մը ուրիշէ, պատասխանը նոյնն է` ՈՉԻ՛ՆՉ:

Լա՛ւ, ո՞ւր են նոյն ազգի զաւակները, երբ այգին կը կանչէ, ո՞ւր են ասլանները, երբ ճահիճ դառնալու սպառնալիքը անոր սեմին է:

Եթէ կը կարծեն, թէ թշնամին միայն օտարն է, չարաչար կը սխալին. եթէ կը կարծեն, թէ այգի պահելը միայն սահման գծելով է, նոյնպէս կը սխալին:

Միակ բանը, որ անհրաժեշտ է մարախին գոյատեւման եւ հզօրացման, այն է, որ լաւ մարդիկ բան չընեն, ձեռնածալ նստին, հաշտուին կատարուածին հետ եւ…

Այսպիսով, այգի խլելը գայլերու գործ է, այգի ազատագրելը առիւծներու, իսկ այգին, այգի պահելը` իսկատիպերու:

 

 

Նախորդը

Վերադարձէ՛ք

Յաջորդը

Բաց Նամակ` Մեր Ուսուցիչներուն

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.