Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆԻ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

May 6, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առաջնորդ սրբազանը կ՛ուղղէ իր խօսքը

Երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցասրահի հիմնադիր, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի իւղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը:

Յակոբ Հաւաթեան

Ձեռնարկին խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Լիւսի Թիւթիւնճեան իր անուան սրահի բացումէն` նոյեմբեր 2009-էն ի վեր գոհունակութեամբ կը հետեւի ցուցասրահի աշխատանքներուն:

Հաւաթեան ըսաւ, որ Թիւթիւնճեան Համազգայինի երդիքին տակ հիմը դրաւ կառոյցի մը, որ բոլորին հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ այսօր կը գոյատեւէ եւ գոհացուցիչ արդիւնքներ կու տայ: Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին ցուցասրահին:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր կարգին յայտնեց, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը լիբանանահայ արուեստագէտներու համախմբման կեդրոնն է, ինչ որ քաջալերական է ու մխիթարիչ: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան անձ մըն է, որ իր կեանքին ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնած է լիբանանահայութեան:

Կարէն Թիւթիւնճեան
Լիւսի Թիւթիւնճեան

Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի թոռը` Կարէն Թիւթիւնճեան ներկայացուց գեղանկարներու հեղինակը եւ նշեց, որ գնահատելի է ցուցասրահին մէջ տարուած աշխատանքը: Վերջապէս, խօսք առաւ Լիւսի Թիւթիւնճեան, որ նշեց, որ ինք իր գեղանկարներուն ընդմէջէն ներկայացուցած է բնութիւնն ու մարդը` իրենց բոլոր երեսներով: Թիւթիւնճեան յայտնեց, որ ցուցասրահը երիտասարդ ուժերու գեղանկարներու ցուցադրութեան բեմ պէտք է ըլլայ, որպէսզի անոնք հետագային դառնան լիբանանահայ գեղանկարչութեան ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցադրած է 31 ստեղծագործութիւններ, որոնք կը կրեն «Գեղեցկութիւն եւ պարզութիւն», «Լիբանանեան սարալանջ», «Վերջին փորձը», «Ընտանիքի վերամիացում» եւ այլ անուններ: Գեղանկարները գոյներու ճոխութեամբ կը ներկայացնեն մարդ անհատին ապրումներն ու ապրելակերպը, ինչպէս նաեւ բնութիւնն ու բնակավայրերը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 17 մայիս 2011, երկուշաբթիէն շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՌԱՆՑ ՕԴԱՉՈՒԻ ՍԱՐՔ ՄԸ ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԵՐԿՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԷ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։