Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐԱՀԱՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ

May 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն մէկուկէս տարի է` Պուրճ Համուտ,  «Շաղզոյեան» կեդրոնին ներքեւ կը գործէ   Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը:  Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տեղի ունեցած են այս մէկուկէս տարուան ընթացքին,  եւ ահա այսօր Համազգայինը  պիտի հիւրընկալէ  ցուցասրահի հիմնադիրը` արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանը: Մենք, աւանդութեան համաձայն, ցուցահանդէսէն առաջ հանդիպում ունեցանք ցուցահանդէսի հիւրին հետ:

Լիւսի Թիւթիւնճեան շատ չի սիրեր խօսիլ իր ըրածներուն եւ ընելիքներուն մասին: Ան համեստագոյն կին մըն է, որ Պաապտաթի իր գեղատեսիլ առանձնատան մէջ` բնութեան գիրկին մէջ վրձինը ձեռքին կը ստեղծագործէ: Մանաւանդ վերջին օրերուն շատ կ՛աշխատի, քանի որ ամենայն բծախնդրութեամբ կը պատրաստուի անհատական ցուցահանդէսին: Միաժամանակ կ՛ըսէ, որ այնքան ալ դիւրին չէ ցուցահանդէս ունենալ սեփական անունը կրող ցուցասրահին մէջ: Ողջունելով անցնող տարուան ընթացքին ցուցասրահի գործունէութիւնը` Լիւսի Թիւթիւնճեան ըսաւ, որ ինք միշտ կը քաջալերէ երիտասարդները եւ այսուհետեւ ալ ցանկութիւն կայ կրկին քաջալերելով  ասպարէզը զիջելու անոր: Սակայն ան երբեք վրձինը վար չի դներ ձեռքէն: Օրուան ամէնէն հաճելի պահերը, ինչպէս ըսաւ մեր զրոյցին ընթացքին, գծելու պահերն են:

Գոյներու, պատկերներու աշխարհը առանձնակի գոհունակութիւն մը կը պատճառէ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին, եւ իր խորհուրդը  բոլորին մէկ է` երբեք հեռու չմնալ արուեստի աշխարհէն, միշտ լեցուիլ արուեստով, հոգեւորով. «Առանց հոգեւորի մարդ ոչինչ է: Միայն  արուեստն է, որ իրապէս կը հարստացնէ մարդը», կ՛ըսէ արուեստագէտը: Ան արուեստին նկատմամբ իր սէրը ժառանգած է մանկութենէն: Եգիպտոս, ուր ծնած է, իր հօրեղբայրը կերպարուեստի գործերու հաւաքորդ էր, ան քաջալերած է Լիւսի Թիւթիւնճեանը, որ մինչ այդ դաշնակ կը նուագէր: Եւ գեղանկարչութեան նկատմամբ սէրը այդպէս դարձած է Լիւսի Թիւթիւնճեանի կեանքի ուղեկիցը: Լիբանան տեղափոխուելով` ան մեծ քաջալերանք ստացած է նաեւ Փոլ Կիրակոսեանէն, որ ըսած է, թէ Լիւսի Թիւթիւնճեան միշտ կրնայ աւելին տալ: Ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, նաեւ` Լիբանանէն դուրս:

Այս ցուցահանդէսին Լիւսի Թիւթիւնճեան կը ներկայացնէ  բնանկարներու  հաւաքածոյ մը, որուն մէջ նոյնպէս ցոյց տուած է մարդու եւ բնութեան անքակտելի կապը. «Մարդը բնութեան մէկ մասնիկն է,  եւ դժուար է բնութիւնն ու մարդը զատել իրարմէ», ցուցահանդէսէն առաջ ունեցած մեր զրոյցին ընթացքին ըսաւ Լիւսի Թիւթիւնճեան: Ան մաղթեց, որ նորաբաց ցուցասրահին դռները միշտ բաց ըլլան արուեստին եւ արուեստի սիրահարներրուն առջեւ: «Հայկական շրջանին մէջ նման ցուցասրահի գոյութիւնը պարզապէս անհրաժեշտութիւն էր», ըսաւ Լիւսի Թիւթիւնճեան:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՏՈՒՐՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ՆՇՄԱՐ. ՈՒՍԱՄԱ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ` ՕՊԱՄԱՅԻ… ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻՆ

RelatedPosts

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները.  Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը
Գաղութային

«Les Voix D՛Antoura». Այնթուրայի Ձայները. Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմ` Այնթուրայի Հայ Որբերու Յիշողութեան Եւ Պատմութեան Վէպը

November 26, 2026
«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։