Փերուի ֆութպոլի Քլաուսուրայի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած Իւնիվերսիտատ Սան Մարթին-Քախամարքա ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
1-0 արդիւնքով պարտուած Քախամարքա յաջողեցաւ 80-րդ վայրկեանին նշանակել իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեանի:
Նշենք, որ ընթացիկ ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 34 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ նշանակած է 5 կոլ:
Ան այս տարեշրջանի առաջին բաժինի մրցումներուն (19 հանգրուան) նշանակեց 10 կոլ: