Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներու մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով արդէն աւելի քան 30 միլիոն մարդ կը գտնուի մասնակի աշխատանքի վիճակի մէջ, յառաջիկայ ամիսներուն անոնք կրնան համալրել գործազուրկներու բանակը, եթէ անյապաղ քայլեր չձեռնարկուին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Աշխատանքի եւ ընկերային իրաւունքի հարցերով եւրոպական յանձնակատար Նիքոլաս Շմիտթի Պրիւքսելի մէջ կայացած տեսաժողովի ընթացքին յայտարարութեան:
«Այսօր աւելի քան 30 միլիոն մարդ մասնակի աշխատանքի պայմաններու մէջ կը գտնուի: Եթէ անյապաղ քայլերու չձեռնարկուին, մասնակի աշխատանքը կրնայ լիարժէք գործազրկութեան վերածուիլ: Միացեալ Նահանգները մեզի ցոյց տուած են, թէ գործազրկութեան ոլորտին մէջ իրավիճակը ինչպէ՛ս բառացիօրէն պայթած է մէկ ամսուան ընթացքին. Եւրոպան ատիկա չի կրնար արտօնել», նշած է ան` աւելցնելով, որ ատիկա Եւրոպական Միութեան մէջ գործազրկութեան աւելի քան երեք անգամ աճ պիտի նշանակէ` փետրուար 2020-ին համեմատ, երբ, ըստ «Եւրոսթաթ»-ի, Եւրոպական Միութեան մէջ 14,1 միլիոն գործազուրկ կար: Ամէնէն ծանրը երիտասարդութեան աշխատանքի հարցն է. Եւրոպական Միութեան որոշ երկիրներու մէջ այս ընկերային խումբին մէջ (մասնաւորաբար` զբօսաշրջութենէն լուրջ կախուածութիւն ունեցող) գործազրկութիւնը արդէն 50 առ հարիւրի հասած է:
Յանձնակատարը նոյն ատեն ընդգծած է. «Մեզի համար հիմնական առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ երիտասարդութեան գործազրկութեան դէմ պայքարը, որոշ երկիրներու մէջ երիտասարդութեան իւրաքանչիւր երկրորդ ներկայացուցիչ (29 տարեկանէն փոքր` ըստ եւրոպական դասակարգման) արդէն գործազուրկ է, ինչ որ աւելի վատ է, քան վերջին ճգնաժամի ժամանակ (Եւրոյի գօտիի 2012-2014 թուականներու գերիշխանական պարտքի)»:
Ըստ յանձնակատարին, ճգնաժամը ծանր հարուած պիտի հասցնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ գաղթականներու եւ քաղաքական տեղահանուածներու վիճակին, ինչպէս նաեւ` գնչուական բնակչութեան: Եւրոպայի մէջ տնտեսական գաղթականներու մեծ մասը բաւականաչափ բարձր հմտութիւններ չունի կամ նոյնիսկ «կը սայթաքի» լեզուական պատնէշի վրայ, ինչ որ կը խոչընդոտէ անոնց եւրոպական աշխատանքի շուկային մէջ համարկումը:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական տեղահանուածներու կարգավիճակ ունեցող անձերուն, Եւրոպական Միութեան երկիրներէն շատերու մէջ անոնք հիմնականին մէջ իրաւունք չունին աշխատելու, անոնք կ՛ապրին ընկերային նպաստներու հաշուոյն, որոնք պիւտճէներու վրայ հսկայական բեռի պատճառով կրնան սկսիլ արագօրէն կրճատուիլ:
Յիշեցնենք, որ 6 մայիսին, Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած էր իր գարնանային տնտեսական նախատեսութիւնը, համաձայն որուն 2020 թուականին Եւրոպական Միութեան համայնքի պատմութեան մէջ աննախադէպ 7,7 առ հարիւրի անկում կ՛ակնկալուի: