Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-Ամեակին Առիթով Հայկական Մշակութային Գոհարներու Ներկայացում` Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» Պատկերասփիւռի «Միուզիքըլ» Յայտագիրէն

Մայիս 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Հայ երաժշտութիւնը իր մէջ
կը սնուցանէ ոգին ի՛ր իսկ ցեղին,
որովհետեւ երաժշտութիւնը
ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին»:

ԿՈՄԻՏԱՍ

Ազգերու պատմութեան մէջ մեծերը սոսկ երեւոյթ չեն, այլ նոյնինքն ազգին ինքնութիւնը կը կերտեն: Հայոց պատմութեան մէջ Մեսրոպ Մաշտոց մեր ինքնութեան հիմնադիրը եղաւ եւ մեր գոյատեւումը գիրով ու բանով դարբնողը: Կոմիտաս եկաւ ամբողջացնելու Մեսրոպ Մաշտոցի աշխատանքը, որովհետեւ հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ կը պակսէր ազգային ինքնուրոյն երաժշտութիւնը, որ դարերու ընթացքին զանազան ժողովուրդներու երգերու ազդեցութիւնը կրած էր: Եւ ահա հոս կը կայանայ անմահանուն Կոմիտասի անուրանալի դերը, երբ 1913 թուականի իր յօդուածով ան յայտարարեց, որ հայը ունի ինքնուրոյն երգ ու երաժշտութիւն: Կոմիտաս զտեց, մաքրեց դարերու փոշին եւ լոյս աշխարհ բերաւ հայ մշակոյթի առանձնայատկութիւնը: Կոմիտաս ժողովրդական երգին մէջ լսած է չերգուածը եւ մեզի ալ լսելի դարձուցած:

Այս նախաբանը լաւագոյնս կը համընկնի անդրադառնալու համար կիրակի, 3 մայիս 2020-ի լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած «Միուզիքըլ» յայտագիրին, ուր տաղանդաւոր արուեստագէտներ Րաֆֆի Չիլինկիրեան տուտուկի վրայ, Յակոբ Փամպուքեան կիթառի վրայ, Կարօ Սվաքճեան սրինգի վրայ հայ մշակոյթի գոհարներէն նմուշներու  բարձրորակ ներկայացում մը հրամցուցին: Այս յայտագիրը բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր երաժշտագէտ, յօրինող, դաշնակահար եւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի դասախօս Ղասսան Եամմինի եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի շրջանաւարտ, տուտուկահար Րաֆֆի Չիլինկիրեանի կողմէ: Յայտագիրը կը վարէր հաղորդավար Ռանիա Աշքար: Նշենք, որ այս երաժիշտներու նուագախումբը` «Արմինիըն սոլ պենտ» անունով, իր անդրանիկ ելոյթը ներկայացուց այս յայտագիրին ընթացքին:

Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին նուիրուած այս եզակի յայտագիրը սկսաւ կոմիտասեան «Տէր ողորմեա»-ով, որ ձօնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն եւ Լիբանանի նահատակներուն (Լիբանանի Նահատակաց տօնը քանի մը օր ետք էր):

Ղասսան Եամմին անդրադարձաւ յատկապէս տուտուկին նուագակցութեան եւ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի վիշտն ու տխրութիւնը կ՛արտայայտէ եւ հոգեգրաւ նուագարան մըն է: Ապա դարձեալ խումբը նուագեց Կոմիտասէն «Հով առէք սարեր ճան» երգը: Եամմին նշեց, որ անցեալ տարի Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակն էր, եւ անոր ստեղծագործութիւնները հրաշալի են իրենց պարզութեամբ եւ մեղեդիականութեամբ:

Ղասսան Եամմին բացատրական մը տուաւ իւրաքանչիւր երաժշտական մատուցման նախօրէին` հանդիսատեսները հաղորդ դարձնելով երգին բառերուն եւ Կոմիտասի արժէքին: Ան  ըսաւ, որ Կոմիտասի երգերուն մէջ տեղ գտած է մարդկային մեծ ցաւ մը, եւ մարդը կը դիմէ բնութեան` շեշտելով անոր անհրաժեշտութիւնը: Ռանիա Աշքար իր կարգին ողջունեց հայ ժողովուրդը, որ ցաւի ու տառապանքի բովէն անցնելով պայքարած է եւ գոյատեւած: Իսկ Ղասսան Եամմին նախքան Փարիզ իր մեկնումը երաժշտական ուսումը կատարելագործելու համար ունեցած է հայ երաժիշտ ուսուցիչներ, որոնցմէ շատ գիտելիք ամբարած է:

Այնուհետեւ «Արմինիըն սոլ պենտ» խումբը ներկայացուց Խաչատուր Աւետիսեանի «Կռունկներ» երգը, որուն բառերուն մէջ սէրը գերակշռող է: Ղասսան Եամմին գնահատեց այս ելոյթին համար Կարօ Սվաքճեանի երաժշտական վերադաշնաւորումի աշխատանքը: Ապա արուեստագէտները դարձեալ ներկայացուցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած բալենի» ստեղծագործութիւնը: Յայտագիրի վերջին երգն էր Տոտոխեանի «Ծիծեռնակ»-ը:

Յայտագիրի աւարտին Ղասսան Եամմին յոյժ գնահատեց տուտուկահար Րաֆֆի Չիլինկիրեանը, որուն հետ նախաձեռնեց այս եզակի ելոյթին յաջողութեան, իսկ Ռանիա Աշքար շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆիին, Յակոբին եւ Կարոյին, որոնք հայկական մշակոյթի (երաժշտութեան) նմուշներ ներկայացուցին եւ հոգեկան բերկրանքի պահեր մատուցեցին հանդիսատեսներուն:

Արդարեւ, Րաֆֆի Չիլինկիրեանի նման հայ մշակոյթի ջահակիր եւ յանձնառու հայու մը ճիգերով եւ անմիջական գործակցութեամբ Կարօ Սվաքճեանի ու Յակոբ Փամպուքեանի անգամ մը եւս հայ մշակոյթը տարածուեցաւ եւ Կոմիտասն ու մեր երաժիշտները մեծարուեցան: Նման վեհ առաքելութեան նուիրուած արուեստագէտներուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ: Այս առիթով շնորհակալութի՛ւն` վաստակաւոր երաժիշտ Ղասսան Եամմինին եւ «Էմ.Թի.Վի.»-ին:

Թող հայ երգը միշտ պատնէշի վրայ մնայ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէին Գործունէութիւնը` Շրջանի Հայութեան Ընկերային Կարիքներուն Հասնելու Առումով

Յաջորդը

Փաշինեանի Ուշագրաւ Խոստովանութիւնը` «Այսօր Մեր Եւ Իմ Մեծագոյն Պարտութեան Օրն Է», Կամ` Պատգամաւորներու «Մանտադ»-ները…

RelatedPosts

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ
Անդրադարձ

Ուժգին Դղրդոցէն Ծնած Արհաւիրք Ու Յարգելի Յիշատակ

Դեկտեմբեր 6, 2025
303  Երեխաներու  Հովանաւորութիւն`  «Յասմիկ Ջլուտեան»  Կտակին  Միջոցով
Անդրադարձ

303 Երեխաներու Հովանաւորութիւն` «Յասմիկ Ջլուտեան» Կտակին Միջոցով

Դեկտեմբեր 6, 2025
Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…
Անդրադարձ

Ծախողը, Գնողը Եւ Զոհերը…

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?