Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ քուէյթեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Խալետ Ալի Օպէյտը, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:
Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած այլ հաղորդագրութեամբ մը նշուեցաւ, որ նախանցեալ օր Սատ Պաուշրիէի մէջ արձանագրուած միջադէպին պատճառով ձերբակալուած են 5 քաղաքացիներ:
Հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտաւ նաեւ այն, որ Սատ Պաուշրիէի մէջ քաղաքացիներու միջեւ արձանագրուած են բախումներ, որոնք աւելի ուշ դարձած են աւելի բուռն` հասնելով մինչեւ կրակոցի, դանակի եւ բիրերու օգտագործումին` պատճառելով 7 վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց չորս քաղաքացիներ, որոնք մայրաքաղաքին մէջ խուլիկանութիւններ եւ անկարգութիւն գործած էին:
Իր կարգին, Զինուորական ատեանը ձերբակալեալ Հիւսէյն Ահմետ Հուժէյրին ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի հետ գործակցելու յանցանքով: