Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, կիսաւարտական հանգրուանի երթին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ սուր ճակատում մը, որուն ընթացքին Ա. Սէ. Միլան կը հիւրընկալէ Եուվենթուսին: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Անիկա ուշագրաւ պիտի ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ այս մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Եուվենթուս) եւ Զլաթան Իպրահիմովիչ (Ա. Սէ. Միլան):
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը պիտի կատարուի 4 մարտին: