Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Այաքս Ամսթերտամ նախորդ շաբաթավերջին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ազ Ալքմաարի դաշտին վրայ:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին վերջին վայրկեանին:
Այսպիսով, 63 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Այաքս Ամսթերտամ յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով չի յաջողիր կոլ նշանակել:
Նախորդ 2 մրցումներուն, Այաքս 1-0 արդիւնքով պարտուած էր սպանական Վալենսիայէն («Չեմփիընզ լիկ») եւ Ուիլեմ Բ.-էն (2-0):
Հակառակ կր կրած այս պարտութեան, անիկա մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, իր ունեցած կոլ էվըրէյճի տարբերութեամբ միայն գերազանցելով նոյնինքն Ազ Ալքմաարին (անոնք ունին 41-ական կէտ):