Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, այսօր` շաբաթ, 7 սեպտեմբեր, յետմիջօրէի ժամթ 16:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ «Պէյրութ-օփըն-2» թեքուանտոյի միջազգային 2-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ երկիրները. Յորդանան, Իտալիա, Սուրիա, Փղոսկրեայ Ափունք, Զուիցերիա, Իրաք, Պաղեստին, Քաթար, Ղազախստան, Քոնկօ, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Թուրքիա, Ղանա, Քուէյթ, Օման, Սերպիա, Վենեզուելա, Տաճիկիստան եւ Լիբանան:
Նշենք, որ մրցումները արդէն իսկ սկսան երէկ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:30:
Անոնք կը շարունակուին այսօր եւս, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:30, ինչպէս նաեւ բացման հանդիսութենէն անմիջապէս ետք, յետմիջօրէի ժամը 17:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 22:00: Վաղուան մրցումները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:00-էն եւ կը տեւեն մինչեւ երեկոյեան ժամը 22:00:
Մրցաշարքին մասնակցող պատուիրակութիւնները երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին կը սկսին մեկնիլ Լիբանանէն:
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ լիբանանցի մարզասէր հասարակութիւնը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու այս մրցաշարքին եւ անոր բացման հանդիսութեան: