Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ռաֆայէլ Նազարեան:
Ան անցեալին եղած է Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի մարզիչ եւ արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներ:
Ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շապիկը կրած է 23 մրցումի ընթացքին (1997-էն 2007) եւ անոր հետ նշանակած կոլ մը:
Նշենք, որ անոր գլխաւորած կազմը այսօր` չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին կը հիւրընկալէ Լիբանանի կազմը: Երկու օր ետք, ուրբաթ, 23 օգոստոսին, երկու կազմերը դարձեալ իրարու կը հանդիպին Երեւանի մէջ: