Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Եուվենթուսի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Սարիի մօտ առողջական խնդիրներ ի յայտ եկած են:
Ան խումբին կատարած վերջին քանի մը օրուան փորձերուն չմասնակցեցաւ:
Բժշկական քննութիւնները ցոյց տուին, որ 60 տարեկան մարզիչին թոքերը բորբոքած են, եւ ան հոգատարութեան կարիք ունի` լաւապէս ապաքինելու համար:
Չելսիի նախկին մարզիչը` իտալացի Սարի, Եուվենթուսի մարզիչի իր պաշտօնը ստանձնած էր նախորդ յունիսին: