Իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ թեքուանտոյի կրտսերներու ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութ իր վերադարձին շատ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ:
Յորդանանի մէջ Լիբանանի համար պրոնզ մետալներ ապահովեցին Ռաֆայէլ Քուտսի, Քարլա Պուսթանի եւ Զուի Հաժժար:
Պատուիրակութիւնը դիմաւորողներուն կարգին էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Մոն լա Սալի նախագահ, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի այլ անդամներ, մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: