Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ մօտերս տրուելիք մէկ որոշումին, ըստ որուն, վերոնշեալ կազմակերպութիւնը կրնայ Մանչեսթըր Սիթին կախակայել` եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն մասնակցելէ:
Նշուեցաւ, որ Մանչեսթըր Սիթի խախտած է ֆեր-փլէյ-ի կանոնը:
Նշենք, որ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Սիթի յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ին: