Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Ճեմարան

April 17, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ճեմարան, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անդամներու կողմէ:

Առաջնորդ սրբազանը նախ ծանօթացաւ «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի անձնակազմին եւ աշխատելաձեւին, ապա շրջագայեցաւ կառոյցին զանազան բաժինները: Այնուհետեւ դպրոցի մայր շէնքին մէջ տնօրէնութեան հետ հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Ճեմարանի եւ կրթական մարզին վերաբերող զանազան նիւթեր:

Այցելութեան յաջորդ փուլը հանդիպում մըն էր աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ: Գիտական դասարանի աշակերտներէն Լեւոն Գալայճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ընթացք առաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն աւարտին Սրբազանը աշակերտներուն ուղղեց իր պատգամը: Ապա ան այցելեց դպրոցի գրադարանը, ուր անհամբեր կը սպասէին ծնողական խորհուրդի անդամներն ու անձնակազմը. ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան կարդաց ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք Նարեկ արքեպիսկոպոս իր պատգամը ուղղեց եւ բարձր գնահատեց կրթական մարզին մէջ բոլոր աշխատողները` ըսելով, որ դպրոցը միայն կառոյց չէ, առանց ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին ան չի կրնար գոյատեւել: Ապա աւելցուց, որ հոգեւորականներն ու ուսուցիչները առաքեալներ են, որոնք նոր սերունդին նկատմամբ ունին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու մեծ յանձնառութիւնը:

Այցելութեան աւարտին սրբազանը իր տպաւորութիւնը արձանագրեց Ճեմարանի յուշամատեանին մէջ:

 

Նախորդը

Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններում Ներդրուելիք Նոր Համակարգի Քննութիւն

Յաջորդը

«Տասն Կուսանաց»-ի Ժամերգութիւն` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական  Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի  Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

January 9, 2026
Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական  Ընդունելութիւններ
Գաղութային

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Եւ Շնորհաւորական Ընդունելութիւններ

January 9, 2026
Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն
Գաղութային

Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Յուշաքարի Քողազերծում` Նուիրուած ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Նահատակներուն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.