Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Ամավարկի Գծով Սեղմում Ընելը Լաւագոյն Որոշումն Էր»

Ապրիլ 12, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 11 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարուեցաւ կառավարութեան նիստը` 34 կէտէ բաղկացած օրակարգով:

Նիստին ընթացքին վարչապետը դիտել տուաւ, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը դրական անդրադարձ ունեցաւ լիբանանեան կեանքին մէջ, յատկապէս թղթոսկիի կայունութեան եւ ելեւմտական առումով, որովհետեւ անիկա վստահութիւն կը ներշնչէ ապագային Լիբանանի մէջ ներդրում ունեցողներուն: Ան հաստատեց, որ ասիկա առաջին ցուցանիշն է կառավարութեան լրջութեան` պետական ամավարկին  նիւթական բացը նուազեցնելու, մսխումին դէմ պայքարելու, «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ստանձնած որոշումները գործադրելու:

Սաատ Հարիրի ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ տրուած լաւագոյն որոշումն է նիւթական բացը դարմանելու եւ ամավարկին մէջ սեղմումներ կատարելու որոշումը, նախքան երկրին` տագնապի մէջ իյնալը: Ըստ անոր, այլ երկիրներ աւելի դժուար, ծայրայեղ եւ ցաւցնող քայլերու ստիպուեցան դիմել, որովհետեւ դարմանումի որոշումը տուին տագնապի ստեղծումէն ետք միայն: Լիբանանի պարագային ան կարեւոր նկատեց անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ կատարել` տագնապին առաջքը առնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ դիմուած քայլերը կառավարել այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ պաշտպանել լիբանանեան տնտեսութիւնն ու լիբանանցին:

Վարչապետին համաձայն, Լիբանանի մէջ կացութիւնը հանգստացնող է, տնտեսութեան, թղթոսկիի ու ելեւմտական կայունութեան նկատմամբ վստահութիւնը առկայ է, կայ նաեւ ապագայի բարգաւաճման յոյսը, մանաւանդ եթէ հարկ եղած որոշումները տրուին եւ անոնց գործադրութիւնը իրականանայ: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին պատասխանատուները կառավարութիւնն ու խորհրդարանն են, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ համերաշխութիւնն ու համաձայնութիւնը` Լիբանանի վերաբերող տարբեր թղթածրարներուն, յատկապէս ամավարկին շուրջ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ ամավարկը մօտիկ ապագային պիտի ներկայացուի կառավարութեան, եւ կարելի պիտի ըլլայ լիբանանեան ելեւմտական կեանքին մէջ կարգաւորման հասնիլ: Ան աւելցուց, որ պետական ամավարկը արդէն հասաւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղարութեան, վարչապետ Հարիրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ կը կատարեն վերջին վերստուգումները, որմէ ետք նախարարաց խորհուրդին տրամադրութեան տակ պիտի դրուի` առ ի քննարկում:

Նախորդը

Մաթոսեան. «Ելեկտրականութեան Ծրագիրի Որդեգրումը Ողջունելի Է, Թէկուզ` Ուշացած»

Յաջորդը

Լիբանանեան-Հայաստանեան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աթաբէկեանին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?