Հովանաւորութեամբ «Իննովաս ֆարմ» ընկերութեան տնօրէն տոքթ. Ռիթա Սըֆէյրի երէկ` հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Լենա Այտընեանի «Յոյսի աղբիւր» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին մեծ թիւով լիբանանահայ արուեստագէտներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօրուան ցուցահանդէսը հարազատօրէն կ՛արտացոլէ արուեստագէտին աշխուժ եւ կենսունակ գործունէութիւնը: Այտընեանի գործերուն մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել հոգիի էութիւնը եւ մարդկային պոռթկումը: Անոր գործերուն մէջ ընդհանրապէս ներկայ են կինն ու ծառը` արուեստագէտին իւրայատուկ ոճով եւ զօրաւոր գոյներով:
Այնուհետեւ արաբերէնով խօսք առաւ տոքթ. Ռիթա Սըֆէյր: Ան անդրադարձաւ արուեստագէտին աշակերտական տարիներուն, երբ միասին դեղագործութիւն կ՛ուսանէին, Լենան մարմնի ցաւերը բուժելէ աւելի կը նախընտրէր հոգիի խորքերը մտնել եւ երեւան հանել յուզմունքներն ու ցաւերը: Անդրադառնալով ցուցահանդէսի խորագիրին` «Յոյսի աղբիւր», ան մաղթեց, որ Այտընեան իր կեանքի ընթացքին կարենայ իրականացնել իր բոլոր երազներն ու յոյսերը:
Այս առիթով արուեստագէտին կողմէ իւրաքանչիւր այցելուի տրամադրուած էր վիճակահանութեան կտրօն մը: Բախտաւորները ստացան նուէրներ` իբրեւ յուշանուէր դարձեալ տրամադրուած արուեստագէտին կողմէ:
Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ ջութակահար Լիւսի Չամսարեան, որ ներկայացուց հայկական եւ օտար երաժշտութեան փունջ մը:
Ցուցասրահին երկու յարկերուն վրայ ներկայացուած են 50 իւղաներկ եւ խառն թեքնիք պաստառներ: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 24 նոյեմբեր 2018 եւ բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30: