Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) նահատակութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Վանայ Յակոբեան: Ան իր խօսքին սկիզբը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախեան ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուած հերոսներուն յիշատակը: Ապա, Յակոբեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Աշոտ Բեկորի կեանքը` հաստատելով, որ ան փոքր տարիքէն դարձած է կամաւոր ղարաբաղեան շարժման եւ իր ամբողջ էութեամբ, գործելաոճով, մտածելակերպով, հոգիով եւ կարգապահութեամբ արտայայտած է իսկական դաշնակցականի բնական կեցուածքը:
«Հերոսները Բեկորի նման անմահ են: Անոնք յաւիտեան կ՛ապրին մեր մէջ», շեշտեց Յակոբեան` նկատել տալով, որ բոլոր մարտերուն ժամանակ Բեկոր միշտ եղած է առաջին անձը, որ նետուած է մարզադաշտ եւ վերջինը, որ դուրս եկած է անկէ: Ան ըսաւ, որ Բեկոր իր մղած մարտերուն ընթացքին վիրաւորուած է 11 անգամ, բայց 24 օգոստոս 1992-ին Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած պատերազմը Աշոտի համար եղաւ վերջինը: «Աշոտ Ղուլեանի կենդանի ոգին կը ստիպէ սերունդներուն, որ շարունակեն ազատութեան պայքարը պատմական կորուսեալ հայրենիքին համար», եզրափակեց Վ. Յակոբեան:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Բեկորի կենսագրութիւնը: Տեսերիզին մէջ Բեկորի մասին վկայութիւններ տուին Բալիկ Գազանճեան, Նանոր Պէօյիւքեան, Ժիրուկ Քէշիշեան, Մեղեդի Ջուլճի եւ Նաթան Պետրոսեան:
Օրուան բանախօսն էր Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախկին ատենապետ Պետօ Տեմիրճեան: «6 հոկտեմբերին Աշոտ Ղուլեան (Բեկոր) պիտի դառնար 58 տարեկան: Ան մեզի հետ չէ ֆիզիքապէս, բայց անոր հերոսական ոգին կը շարունակէ սաւառնիլ Արցախի, Հայաստանի եւ սփիւռքի վրայ` ներշնչելով հազարաւոր պատանիներ ու երիտասարդներ», հաստատեց Տեմիրճեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան` շեշտելով, որ երբ Բեկորի մասին խօսինք, պէտք է անպայման յիշենք անոր տիկինը` Նելլին, որ իր հերոս ամուսնոյն բացակայութեան մեծցուց իր երեք երեխաները, առաւել եւս` ան մնաց Արցախ, այն սուրբ հողին վրայ, որուն համար Բեկոր նուիրաբերեց իր կեանքը: Տեմիրճեան ըսաւ, որ ներկայիս Նելլի Ղուլեան ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէնուհին է եւ Բեկորի շունչով կը դաստիարակէ ու կը թրծէ արցախցի հայ պատանիները:
Շարունակելով իր խօսքը` Պետօ Տեմիրճեան շեշտեց, որ ռազմադաշտին վրայ Բեկոր Աշոտի եւ իր զինակիցներուն թափած արեան շնորհիւ մեր յաղթանակը պէտք է յաջողինք վերածել քաղաքական յաղթանակի` աւելցնելով, որ արցախահայութեան իրաւունքը միայն ազատ ինքնորոշումը չէ, այլ մարդկային իրաւունք, կեանքի եւ ապրելու իրաւունք է: «Ամուր բանակ, ամուր սահման, հզօր եւ արդար պետութիւն: Հայ զինուորը իր թիկունքին պիտի ունենայ շէն երկիր, զարգացող երկիր, ժողովրդավար երկիր: Մենք նաեւ մեր ժողովրդավարութեամբ պիտի յաղթենք թշնամիին», հաստատեց Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ մեր սկզբունքները պիտի ըլլան հայկական, արդար եւ ճիշդ ու պէտք է միասնաբար խթանենք Արցախի վերաշինութիւնը եւ վերաբնակեցումը` իւրաքանչիւրս մեր բաժինը ունենալով Արցախի վերելքին, զարգացման եւ հզօրացման մէջ: Բանախօսը շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցները զինուորագրուած են նուաճելու Արցախի քաղաքական յաղթանակը` աւելցնելով, որ պիտի շարունակենք ճանաչման հոլովոյթը քայլ առ քայլ, քաղաք առ քաղաք, նահանգ առ նահանգ, խորհրդարանական խումբ առ խումբ եւ պիտի պարտադրենք, որ ազգային եւ միջազգային կառոյցներ անմիջականօրէն սկսին գործակցիլ Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Եզրակացնելով իր խօսքը` Պետօ Տեմիրճեան կոչ ուղղեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամներուն, որ երթան Արցախ, այցելեն Բեկորի կիսանդրին, ծանօթանան Բեկորի կնոջ եւ «Սօսէ» մանկապարտէզի աշխատանքներուն, դառնան ընկերները Բեկորի որդիներուն, որոնցմէ երկուքը անբաժան մասն են Արցախի բանակին եւ կը շարունակեն իրենց հօր սկսած գործը: «Արցախը մեր գոյամարտի հերոսական դրուագն է: Արիւնով, քրտինքով կերտուած յաղթանակը մեր ձեռքէն ոչ ոք կրնայ խլել: Չենք թողուր, որ խլէ», եզրափակեց Տեմիրճեան:
Գեղարուեստական բաժինով «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութենէն Արազ Էլէյճեան ասմունքեց «Օրհնութիւն» քերթուածը, իսկ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներէն Արի Տագէսեան եւ Գօգօ Պէօյիւքեան կիթառի վրայ մեկնաբանեցին «Արդեօք ովքեր են», «Գետաշէն» եւ «Հայորդիք» երգերը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան քայլերգով: