Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Կատարուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Արժէքը Կրկնապատկուած Է Եւ Հասած` 150 Միլիոն Տոլարի»

Փետրուար 29, 2016
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Kahwaji_Mccain_022916
Զօր. Քահուաժի – Ճոն Մըքքէյն

Բանակը զինելու նպատակով, երեք տարի շարունակ Սէուտական Արաբիոյ երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը սպասելէ ետք, յատկացուած այդ նպաստը ջնջուեցաւ, հակառակ անոր որ Լիբանանի արեւելեան սահմաններէն երկրին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը աւելի լրջացաւ:

Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի ապահովական պատասխանատուներու եւ բարձրաստիճան զինուորականներու հետ` քննարկելու համար ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պայքարը, լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանան վերադառնալէ ետք զօր. Քահուաժի այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն զեկուցեց Ուաշինկթընի իր հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին:

Զօր. Քահուաժի - Թամմամ Սալամ
Զօր. Քահուաժի – Թամմամ Սալամ

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական անվտանգութեան, Քոնկրեսի պաշտպանութեան, ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբերու նախագահներուն հետ ունեցած է հանդիպումներ եւ կրցած է լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովել` առ ի զօրակցութիւն ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պատերազմին:

Մ. Նահանգներ կատարած իր այցելութեան մասին զօր. Քահուաժի քանի մը առիթով ունեցաւ հարցազրոյցներ, որոնց կ՛անդրադառնանք յապաւումներով:

Զօր. Քահուաժի Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պատասխանատուները կրցաւ համոզել, որ լիբանանեան բանակին զինումը անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու նպատակով:

Այս առումով զօր. Քահուաժի կրցաւ ամերիկացի պատասխանատուներուն հետ յանգիլ այն եզրակացութեան, որ Ուաշինկթընի կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուած 70 միլիոն տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւնը բարձրանայ 150 միլիոն տոլարի:

Քոնկրեսին կողմէ տրուած այս որոշումը ինքնին նուաճում է Լիբանանի համար, որուն բանակին կարիքները լրջօրէն քննարկուած են ամերիկեան ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն եւ պետական պաշտօնատարներուն հետ:

Այդ հանդիպումներու շրջագիծին մէջ յատկանշական եղած է զօր. Քահուաժիի հանդիպումը ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին գործերու նախագահ Ճոն Մըքքէյնի հետ:

ngar_022916

Հանդիպումին ընթացքին Մըքքէյն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնած է լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին` ընդգծելով, որ զօր. Քահուաժի իրենց դաշնակիցն է` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ պայքարելու առումով:

Իր կարգին, զօր. Քահուաժի ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, յատկապէս անոր արեւելեան սահմաններուն սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ:

Ամերիկացի պատասխանատուներ հասկացողութիւն ցուցաբերեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով լիբանանեան բանակին ստանձնած ծանր պարտականութեան ու բեռին վերաբերեալ`  հաստատելով, որ բանակը կարիք ունի զինուելու` պաշտպանելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Ամերիկացի պատասխանատուները գնահատեցին բանակին դերակատարութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը այն բանակն է, որ իր համեստ կարողութիւններով կը պայքարի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ:

«Ամերիկացի պաշտօնատարներուն կողմէ լիբանանցիներուն տրուած խորհուրդը եղաւ հետեւեալը. «Պահեցէք բանակը եւ երկրին պետական հաստատութիւնները, մինչեւ որ անցնի շրջանային տագնապի փոթորիկը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Լիբանանեան բանակին իրագործած նուաճումներուն շրջագիծին մէջ զօր. Քահուաժի ներկայացուց զեկուցում մը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ, թէ լիբանանեան բանակը ինչո՛վ կը տարբերի շրջանի բանակներէն, ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը երկիրը բաղկացնող բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները կը ներկայացնէ եւ կը գործէ առանց խտրութեան` կազմակերպչական միացեալ եւ արդար տարազի մը հիման վրայ:

Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին մարտերն ու մարտավարութիւնները արժանացած են ամերիկացի զօրավարներուն եւ սպաներուն ողջոյնին, աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու բանակին հիմնական փորձառութիւնը 2000-ի Տըննիէի դէպքերն են, սակայն բանակին յաջողութեան հիմնական բանալին կը մնայ անոր միասնականութիւնը:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Մ. Նահանգներ իր կատարած այցելութիւնը ամէն իմաստով յաջող կը նկատուի, յատկապէս անոր համար, որ բանակը ամերիկեան զէնքերով զինելու կողքին, ան հաւաստիացումներ ստացած է, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան:

«Ամերիկացի զինուորականներուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպումներու ընթացքին ընդգծեցի լիբանանեան բանակին կատարուելիք ամերիկեան օժանդակութիւններուն կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա գրաւականն է նաեւ լիբանանեան պետութեան գոյատեւումին: Ուաշինկթընի մէջ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցի, որ Լիբանանը սակարկութեան քարտի չվերածուի` շրջանային տագնապներու լուծման ծիրին մէջ: Այս առումով ամերիկացի պաշտօնատարները վստահեցուցին, որ նման ծրագիր չկայ, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր են Լիբանանի կայունութեան եւ սահմաններուն ապահովութեան», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ է, որ լիբանանեան բանակին օգտագործած զէնքերուն 85 առ հարիւրը ամերիկեան է, հետեւաբար կարելի է ըսել, որ Մ. Նահանգներուն կողմէ Լիբանանին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնը որակական է:

Ան շեշտեց, որ նոր օժանդակութիւններուն շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին պիտի յանձնեն արհեստագիտական նոր արտադրութիւններ, որոնք պիտի օժանդակեն բանակին` հետապնդելու եւ տեղեկութիւններ հաւաքելու իր կարողութիւնները հզօրացնելու:

AIR_Super_Tucanos_Formation_lg_022916

Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի ստանայ հետախուզական նպատակներու համար օգտագործուող թռչող սարքեր, «Սուփըր Թուքանօ» տիպի 6 ռմբաձիգներ, ինչպէս նաեւ` մասնայատուկ ուժերու մարզում:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ ներկայիս պատերազմը ուղղակիօրէն կապուած է արհեստագիտութեան, «յաւելեալ տեղեկութիւն ունեցողն ու միւսէն առաջ իմացողը յաղթական դուրս կու գայ», աւելցուց ան:

Զօր. Քահուաժի ըսաւ նաեւ, որ ամերիկացի պատասխանատուներուն հետ ինք քննարկած է նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն, երկրին տնտեսական կայունութեան, չափաւորական քաղաքականութեան, միջազգային բանաձեւերու, յատկապէս ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, աղբի տագնապի եւ այլ հարցեր:

Ան նշեց, որ ինք ամերիկացի պատասխանատուներուն յայտնած է, որ բանակը կը նմանի գլուխ չունեցող մարմնի մը եւ անոր առաքելութիւնը կը բարդանայ հանրապետութեան նախագահին չգոյութեան պատճառով: «Բանակին վերաբերող որոշումները, որոնք երեք ստորագրութեան կարիք ունէին, այսօր 24 նախարարներու հաւանութեան կը կարօտին, ինչ որ կը դժուարացնէ աշխատանքը», ըսաւ ան` աւելցնելով սակայն, որ բանակը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ Լիբանանին մէջ եւ երկրին սահմաններուն վրայ:

«Մեզի համար առաջնահերթութիւն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը Լիբանանի դէմ էական սպառնալիք է, հետեւաբար ՏԱՀԵՇ եւ անոր նմանները մնայուն կերպով պիտի ըլլան բանակին ռմբակոծման թիրախները», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն ընդգծած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, աւելցնելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան չէ վերադարձած իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:

Նախորդը

Պարիս Պիտի Բացայայտէ՞ ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Բանակայիններուն Արգելարանը

Յաջորդը

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան Զոհերուն Յիշատակի Հաւաքին Շեշտուեցաւ Մարտահրաւէրները Միասնական Ուժով Դիմագրաւելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յուլիս 1, 2025
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Յուլիս 1, 2025
Երազային Անկախութիւն
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Երազային Անկախութիւն

Յուլիս 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?