Յայտարարութիւններ (7 Ապրիլ 2021)
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ` ՄԱՐՏ 2021 ԱՄՍՈՒԱՆ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՃԱՐՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ) Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած մարտ 2021 ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Դրօ Մանտալեանի մահուան առիթով, փոխան ծաղկեպսակի` - Կարին Յակոբեան 250.000 լ. ո. - Ռազմիկ Յակոբեան 250.000 լ. ո. - Գրիգոր Կէօզիւպէօյիւքեան 250.000 լ. ո. - Յովիկ Կէօզիւպէօյիւքեան 250.000 լ. ո. ... Շարն.
Վաղուան Մրցումին Մխիթարեանի Մասնակցութիւնը Կը Յստականայ Այսօր
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութիւնը` վաղուան մրցումին, կը յստականայ այսօր, երբ անոր ակումբին կողմէ հրապարակուի պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը: «Եուրոփա Լիկ»-ի քառորդ աւարտականի ... Շարն.
Մարմնամարզութիւն. Հայաստան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցի Հինգ Մարզիկով
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականը Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ հինգ մարզիկով: Ախոյեանութեան մասնակցող հինգ մարզիկներն են` Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան, Արթուր ... Շարն.
Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստան-Լիբանան Ա. Հանգրուանի Մրցումը Յետաձգուեցաւ
Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք աղջկանց ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի Հայաստան-Լիբանան մրցումը յետաձգուեցաւ: Նշենք, որ Հայաստանի մէջ այսօր` չորեքշաբթի 7 ապրիլին կը սկսի «Աուըր Կէյմ» աղջկանց ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Հայաստանի Հաւաքականները Սկսան Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Ախոյեանութեան
Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճերու հաւաքականները սկսան նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը: Ազատ ոճի հաւաքականը, որ նախորդ 4 ապրիլին Օլիմփիաւանի մէջ սկսաւ իր հաւաքին, զայն կ՛աւարտէ ... Շարն.
Միհրան Յարութիւնեան Մոսկուայի Մէջ Յաղթեց Իր Ռուս Մրցակիցին
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ Միհրան Յարութիւնեան, որ իր 5-րդ մենամարտը կատարեց «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն, արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը: Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Իկըլզ ... Շարն.
Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ Պայքարը Նոր Թափ Ստացաւ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Աթլեթիքօ Մատրիտ-Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ պայքարը` տիտղոսի տիրանալու համար, նոր թափ մը ստացաւ: Արդարեւ, պարագլուխի դիրքին վրայ ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Մրցակիցները Յստակացան
Երէկ` երեքշաբթի, 6 ապրիլին տեղի ունեցաւ «ՎԻՊԵԹ» Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Տիտղոսակիր Նոա կը մրցի Ալաշկերտի դէմ, իսկ ախոյեան Արարատ-Արմենիա իր դէմ կ՛ունենայ Արարատը: Հայաստանի ֆութպոլի ... Շարն.
Էրտողան Հաստատած Է Ազրպէյճանի Հետ Պաշտպանական Արդիւնաբերութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիրը
Թուրքիան հաստատած է Ազրպէյճանի հետ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Թուրքիոյ պետական «Ռեսմի Կազեթէ» կայքը կը հաղորդէ, որ որոշումը ստորագրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Ազրպէյճանի եւ ... Շարն.
Թուրքիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներ` Ռուսիոյ Հետ «Նկատառելի» Գործարքի Եւ Պաշտպանութեան Ու Տեղեկահաւաքի Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւններու Պատճառով
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու նախագահութիւնն (ՊՃՆ) ու անոր մէջ գործող չորս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ ատոր նախագահ Իսմայիլ Տեմիրը, պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուին ... Շարն.
Խօսելով Այսօր Տեղի Ունենալիք Փութին-Փաշինեան Հանդիպումին Մասին. «Ռուսական Կողմին Համար Կարեւոր Է, Որ Հայաստանեան Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կատարուին Քաղաքակիրթ Ձեւով» Կ՛ըսէ Քրիլով
Ռուսիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայի Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի գլխաւոր գիտաշխատող, Ռուսիոյ Կովկասագէտներու գիտական հանրութեան նախագահ Ալեքսանտր Քրիլովի համաձայն, այսօր Մոսկուայի մէջ սպասուող Փութին-Փաշինեան հանդիպումի օրակարգին վրայ քննարկուող բոլոր հարցերն ... Շարն.
Ռուսիան Միացեալ Նահանգներուն Համապարփակ Բացատրութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Կացութեան Մասին
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները բանակցութիւններ վարած են Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքի տիրող կացութեան շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Ռիապքովի ... Շարն.
Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան 8-9 Ապրիլին Նոր Մարտավարական Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները միացեալ տարեկան ծրագիրի ծիրին մէջ 8 ապրիլին պիտի կատարեն մարտավարական ռազմափորձեր, որոնց պիտի մասնակցին երկու երկիրներու զինուորական անձնակազմերը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: ... Շարն.
Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Յորդանան
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի Ամմանի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանը, որ երկուշաբթի օր հասած էր Յորդանան: Սէուտական դիւանագիտութեան պետը Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին ... Շարն.
Ըստ Դիւանագիտական Աղբիւրներու. Ռուսիոյ Դեսպանը Ուաշինկթըն Պիտի Վերադառնայ, Երբ Ամերիկացիները «Գոնէ Բան Մը» Ընեն Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար
Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնովի` Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ժամկէտը կախեալ է անկէ, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ քայլերու պիտի ձեռնարկէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական ... Շարն.
Էրտողան Երաշխաւորած Է, Որ Թուրքիան Մոնթրոյի Ուխտէն Դուրս Պիտի Չգայ, Մինչեւ Աւելի Լաւ Տարբերակ Գտնելը
Թուրքիան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ նեղուցներու կարգավիճակին մասին Մոնթրոյի ուխտին եւ կը գիտակցի ատոր օգուտներուն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի նախագահական ... Շարն.
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք` Սեւան Քաղաքին Մէջ
Երէկ` երեքշաբթի, 6 ապրիլ 2021-ին, Սեւան քաղաքի «Սուրէն Զաքարեան»-ի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ընդդիմադիրները ... Շարն.
Կիրօ Մանոյեան. «9 Նոյեմբերէն Ետք Այս Իշխանութիւններուն Լուրջ Վերաբերող Պետութիւն Չկայ»
6 ապրիլ 2021-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Փաստարկ» ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմի առաջին օրերէն մինչեւ վերջ, ... Շարն.
Դատարանը Դադրեցուց Քոչարեանի, Խաչատուրովի, Օհանեանի Եւ Գէորգեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ 6 ապրիլ 2021-ին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, յանցագործութեան դէպքի բացակայութեան հիմքով, դադրեցուց քրէական հետապնդումը քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածով, ամբաստանեալներ` Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, 2008-ին ... Շարն.