Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2021)
ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ռուպինա Թորոսեան եւ զաւակունք Տիար Ռուբէն Ճերիտեան եւ զաւակունք Տիկին Ռամելա Ճերիտեան եւ դուստրը Տէր եւ տիկին Սահակ Աճէմեան եւ զաւակունք Տիկին Եսթեր Աճէմեան ... Շարն.
Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ժամհուր
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի 2020-2021 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 27 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Կազմին Երկրորդ Պարտութիւնը
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, երբ այս անգամ նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը կրեց Իթթիհատ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ-Մութթահետ
- Հուփս Եւ Աթլաս Յաղթական Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի երկու մրցումներ: Հուփս տարեշրջանին սկսաւ յաղթանակով, երբ ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Երիտասարդական Հաւաքականը Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն
Երէկ` ուրբաթ, 26 մարտին Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը (21 տարեկանէն վար), որ հիւրընկալեց Պիելոռուսիան, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հիւր կազմը 18-րդ վայրկեանին նշանակեց ... Շարն.
Եգիպտոսի Մէջ Երկու Գնացքներու Միջեւ Բախում Մը Կը Պատճառէ 32 Զոհ Եւ 66 Վիրաւոր
Եգիպտոսի Սուհաժ նահանգի Թահթա կեդրոնին մէջ երկու ճամբորդատար գնացքներու բախումին պատճառով արձանագրուեցաւ 32 զոհ եւ 66 վիրաւոր: Արկածին պատճառով երեք վակոններ դուրս եկան գիծէն: Եգիպտոսի ընդհանուր դատախազը հրամայեց դէպքին շուրջ ... Շարն.
Պլինքըն Յոյս Ունի, Որ Թուրքիան Որոշ Քայլերու Կը Ձեռնարկէ «Էս-400»-ներուն Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը Լուծելու Ուղղութեամբ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան որոշ քայլերու կը ձեռնարկէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն շուրջ ստեղծուած կացութիւնը լուծելու համար: ... Շարն.
Վրաստան Առաջարկած Է Արցախեան Հիմնախնդիրը Առանց Ռուսիոյ Քննարկել
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի յայտարարած է, որ Արցախի տագնապի լուծման շուրջ շրջանային միացեալ հարթակին մէջ կարելի չէ Ռուսիոյ հետ աշխատիլ: Ան առաջարկած է նոր հարթակ` Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ ... Շարն.
Աքար Անդրադարձած Է Պայտընին Ուղղուած` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչին
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երկրի խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է վերջերս ամերիկացի քանի մը տասնեակ ծերակուտականներու կողմէ երկրի նախագահ Ճօ Պայտընին ուղղուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ ... Շարն.
Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ
Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, շաբաթ 27-էն կիրակի 28 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ: Շարն.
Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի 3 Եւ Արցախի 2 Նախկին Նախագահները
Հինգշաբթի, 25 մարտ 2021-ին, հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ, յայտնած է Լեւոն Տէր ... Շարն.
Քանատայի Խորհրդարանի Նիստին Թուրքիոյ Վաճառուած Ռազմական Սարքերուն Առնչութեամբ Հարցադրման Կ՛ենթարկուի Վարչապետ Թրուտօ
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 25 մարտի Քանատայի խորհրդարանի հերթական նիստին ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած քանատական ռազմական սարքերուն առնչութեամբ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ ... Շարն.
Արցախի Պաշտօնական Լեզուներն Են` Գրական Հայերէնը Եւ Ռուսերէնը
25 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Ազգային ժողովի լիագումար նիստը ընդունեց օրէնքի նախագիծ մը, ըստ որուն 25 մարտ 2021-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան գրական հայերէնն ու ռուսերէնը: Քննարկման ... Շարն.
Սահմանադրական Դատարանը Հակասահմանադրական Նկատեց Քոչարեանի Հետապնդման Հիմք Հանդիսացած Քրէական Օրէնսգիրքի Յօդուածը
Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնական դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձ կատարուած է Սահմանադրական դատարանի` Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածը անվաւեր եւ հակասահմանադրական ճանչնալու որոշումին: «Քիչ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարան անվաւեր եւ ... Շարն.
Լաւրով Հանդիպում Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արա Այվազեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին երէկ յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր ... Շարն.
Պաշտօնական Այցելութեամբ Հայաստան Կը Գտնուի Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը
24 մարտին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Իրաքի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Ժումաա Ինատի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: 25 մարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախարարներուն առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած ... Շարն.
Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Ընդհանուր Զօրաշարժը Վեց Ամիսով Կ՛երկարաձգէ
Ս. Զատկուան Եւ Ֆիթրի Տօներուն Ընթացքին Եռօրեայ Ամբողջական Փակում «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւին արձանագրած աճին լոյսին տակ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ ... Շարն.
Նախագահ Աուն Սահմանադրական Խորհուրդը Տեղեակ Պահեց Իր Ունեցուածքէն Եւ Ընդունեց Շիան
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աունի Ռամատանի եւ Ռիատ Ապու ... Շարն.
Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Փրկելու Երթը Վճռակամութեամբ Պիտի Շարունակենք»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Աւետման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ անոր պատրիարքութեան ստանձնումի 10-ամեակը: Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ ... Շարն.
Պըրրի Կրիոյի Եւ Ռուշտիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող դժուարութիւնները: Կրիօ ընդգծեց կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու ... Շարն.