Աղեղնախաչբառ -14
Պատրաստեց՝ ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ -ԹԱՇՃԵԱՆ Շարն.
Յայտարարութիւններ (22 Փետրուար 2021)
ՄԱՀԱԶԴ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական ԺԱՔ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 21 փետրուար 2021-ին, Պէյրութ: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Շրջանային ... Շարն.
Եւրոպայէն 80 Երիտասարդներ Կը Սկսին HAYTADOLOGY II. Դասընթացքին
Կիրակի, 21 փետրուարի երեկոյեան սկիզբ առաւ Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած Haytadology II հայկական ժամանակակից հարցերուն նուիրուած խտացեալ դասընթացքը` առցանց «Զում» հարթակի վրայ: Չորս օրերու վրայ երկարող դասընթացքին մասնակցութիւն կը ... Շարն.
Ոչ Եւս Է ՀՄԸՄ-ական Ժաք Պոյաճեան
Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն` վաստակաշատ եղբայր Ժաք Պոյաճեանին: Աւելի քան 70 երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90-ամեայ ... Շարն.
Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Զտումի Մրցաշարք Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Տպաւորիչ Յաղթանակը Պահրէյնի Դէմ` 102-87 Արդիւնքով
Շաբաթ, 20 Փետրուարին, Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը, Որ Պահրէյնի Մայրաքաղաք Մանամայի Մէջ Մրցեցաւ Դաշտին Տիրոջ Դէմ, Արձանագրեց Իր 5-Րդ Յաջորդական Յաղթանակը, 102-87 Արդիւնքով: Այս Մրցումը Կ’իյնայ Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի ... Շարն.
Թենիս. Ճոքովիչ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ. Օսաքա` Աղջկանց Տիտղոսակիր
Երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իր աւարտին հասաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը, աշխարհի թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ ... Շարն.
«ՖԻՖԱ» Հայաստան` 99-րդ Դիրքին Վրայ
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որ եղաւ 2021 տարուան առաջինը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ազգային հաւաքականը մնաց ... Շարն.
Կիպրական Ֆութպոլ. Յովհաննէս Համբարձումեան Կերտեց Իր Ակումբին Յաղթանակը
Կիպրոսի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Անորթոսիս, որ հիւրընկալեց Տոքսա Քաթոքափիան, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը: Անորթոսիսի այս յաղթանակը ... Շարն.
«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Յաջորդական 13-րդ Յաղթանակը. Լիվըրփուլի Յաջորդական 4-րդ Պարտութիւնը` «Էնֆիլտ»-ի Մէջ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, բաւական կարեւոր մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք ... Շարն.
«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Յաղթեց, Թլեթիքօ Մատրիտ Պարտուեցաւ
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտին վրայ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը իր հիւրէն` Լեվանթայէն: Աթլեթիքոյէն Մարիօ Հերմոսօ 30-րդ վայրկեանին ... Շարն.
«Քալչիօ». Միլանօ Քաղաքի Տերպին Աւարտեցաւ Ինթերի Յաղթանակով
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, երէկ` կիրակի, 21 փետրուարին, իրարու դէմ մրցեցան պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլանը եւ անոր անմիջական մրցակիցը` Ա. Սէ. Միլան: Միլանօ քաղաքի ... Շարն.
«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն (2-1)
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը` Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ: Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Փորթօ 2013-էն Ետք Նշանակեց «Փլէյ Օֆ»-ի Ամէնէն Արագ Կոլը
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, փորթուգալեան Փորթօ Եուվենթուսի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ընթացքին (2-1) բաւական կարեւոր իրագործում մը կատարեց` նկատի ունենալով, որ անիկա այս մրցաշարքին «փլէյ ... Շարն.
Թիերի Հանրի` Փորթցմաութի Մարզի՞չ
Անգլիական «Միրըր» օրաթերթին համաձայն, քանատական Մոնրէալ Իմփեքթ ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Թիերի Հանրի շատ հաւանական է, որ գլխաւորէ անգլիական Փորթցմաութ խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «չեմփիընշիփ»-ին մէջ: 43 տարեկան ... Շարն.
Թեհրան Ուաշինկթընի Հետ Ոչ Պաշտօնական Ժողով Գումարելու Եւրոպական Առաջարկ Մը Կը Քննարկէ
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրած երկիրներուն հետ ոչ պաշտօնական ժողով մը գումարելու Եւրոպական Միութեան առաջարկը կը սերտէ: Ան նշեց, ... Շարն.
«Էս-400»-ներու Նոր Խումբի Մատակարարման Շուրջ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Սառեցուած Չեն» Կ՛ըսէ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»
Հակաօդային պաշտպանութեան «Էս-400 Թրայըմֆ» համակարգերու լրացուցիչ խումբի մատակարարման շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները չեն սառեցուած: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ի ղեկավար Ալեքսանտր Միխէեւը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու ... Շարն.
«Փութինի` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Միջնորդութեան Յաջող Առաքելութենէն Ետք Արեւմուտքը Յանկարծ Տագնապեցաւ» Կ՛ըսէ Լաւրով
Արեւմուտքին անհրաժեշտ է ուքրանական վարչակարգը` Ռուսիան անընդհատ ջղագրգիռ դարձնելու եւ ռուսատեաց քաղաքականութեան նոր պատճառներ որոնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ ... Շարն.
Լաւրովի Կարծիքով` Թուրքիան Մեծն Թուրանի Ստեղծման Նպատակ Չի Հետապնդեր
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չի կիսեր այն կարծիքը, որ Թուրքիան նպատակ ունի ստեղծել «Մեծն Թուրան» (պետութիւն, որ պիտի երկարի Պոսֆորէն մինչեւ Ալթայ): Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Իզ» ... Շարն.
Էրտողան Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախստանի Եւ Խըրխըզիստանի Հետ 12 Միջկառավարական Համաձայնագիր Վաւերացուցած Է
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վաւերացուցած է 12 միջկառավարական համաձայնագիրներ, որոնց բնագիրները երէկ հրապարակուած են Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական տեղեկագիր «Ռեսմի Կազեթէ»-ի մէջ: Ուժի մէջ մտնող համաձայնագիրներու շարքին են Ազրպէյճանի հետ ... Շարն.
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հսկայածաւալ Հանրահաւաքին Ընթացքին Ազդարարուեցաւ Ամէնօրեայ Անդադրում Անհնազանդութեան Շարժումներու Մեկնարկը
Յառաջիկային Համահայկական Ներկայացուցչական Մեծ Ֆորում` Հայաստանի Վերելքի Ծրագիրը Մշակելու Համար Շաբաթ, 20 փետրուարին, Ազատութեան հրապարակին վրայ սկիզբ առաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հսկայածաւալ հանրահաւաքը: Օրը պատահական չէր ընտրուած` 1988-ին, նոյն օրը ... Շարն.