«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Ապրօ Սոմունճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Սիւզան Պարսումեան 300.000 լ. ո. Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Մարալ Մխճեան 200.000 լ. ո. Տոքթ. Նազարէթ Աղէկեան (Գերմանիա) 200.000 լ. ... Շարն.
Կռփամարտ. Ամերիկաբնակ Ազատ Յովհաննիսեանի 19-րդ Յաղթանակը
Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած կռփամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր 19-րդ յաղթանակը` արհեստավարժ ռինկի վրայ (19-3-0): Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ տեղի ունեցած 10 ռաունտնոց մենամարտին ընթացքին, Յովհաննիսեան 8-րդ ռաունտին ... Շարն.
Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ճոքովիչի 300-րդ Յաղթանակը` «Կրան Շլեմ»-ի Մրցումներուն
Նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան Աւստրալիոյ թենիսի «կրան շլեմ»-ի միջազգային բաց մրցաշարքին մրցումները: Գործող ախոյեան եւ տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, ... Շարն.
Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը. Լիվըրփուլի 6-րդ Պարտութիւնը` Լայսթըր Սիթիէն
Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 24-րդ հանգրուանի ճակատումները: Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Մանչեսթըր Սիթի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` ... Շարն.
«Լա Լիկա». Աթլեթիքօ Մատրիտ, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման առաջին երեք դիրքերուն` Աթլեթիքօ Մատրիտի, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ գտնուող կէտերու տարբերութիւնը մնաց անփոփոխ` նկատի ունենալով, ... Շարն.
Մոհամետ Մահմուտ Ալ Խաժա` Իսրայէլի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Առաջին Դեսպան
Տուպայի մամլոյ գրասենեակը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ տեղի ունեցած է Մոհամետ Մահմուտ Ալ Խաժայի` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի առջեւ իբրեւ Իսրայէլի ... Շարն.
«Իրան Սուրիայէն Եւ Իրաքէն Պիտի Հեռանայ Այն Ժամանակ Միայն, Երբ Պաղտատը Եւ Դամասկոսը Ատիկա Ուզեն» Կ՛ըսէ Վիլայեթի
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իրան իր «զինուորական խորհրդատուները» անմիջապէս Սուրիայէն եւ Իրաքէն պիտի հեռացնէ այն ժամանակ միայն, երբ ... Շարն.
Սինժարի Դէմ Թրքական Յարձակումի Մը Վերաբերեալ Իրաքեան Զգուշացումներ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սպառնաց զայն ջնջելու կամ շրջանէն դուրս մղելու համար հիւսիսային Իրաքի Սինժար նահանգին վրայ յարձակում գործելու մտադրութեամբ, այնպիսի պահու մը, երբ ... Շարն.
Խրիմի Մէջ Արձագանգած Են Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանէն Ցուցադրուած Քարտէսին. «Թուրքիոյ Կարելի Է Միայն Խորհուրդ Տալ Հրաժարիլ Ռուսիոյ Տարածքի Մասին Երազանքներէն»
Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն նկատմամբ Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնումը անհեթեթ երազանք է, որ գիտաերեւակայական տիպի մէկ պատառիկ կը յիշեցնէ: «ԵուրԷյժաՏէյլի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Խրիմի ժողովրդական դիւանագիտութեան եւ ազգամիջեան ... Շարն.
Ծերակոյտը Թրամփը Պաշտօնազրկման Չենթարկեց. «Մեր Պատմութեան Այս Տխուր Փուլը Մեզի Յիշեցուց, Որ Ժողովրդավարութիւնը Դիւրաբեկ Է. Պէտք Է Զայն Միշտ Պաշտպանել» Կ՛ըսէ Պայտըն
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը արդարացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, հանրապետական Տանըլտ Թրամփը` անոր պաշտօնազրկումը յայտարարելու գործի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Թրամփին պաշտօնազրկումը ... Շարն.
Հուսիները Դարձեալ Հարուածեցին Սէուտական Արաբիոյ Ապհա Օդակայանը
Եմէնի զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքերու ուժերը յաջողած են կիրակի կէսօրէ ետք «Սամատ 3» եւ «Քէյ2» երկու անօդաչու թռչող սարքերով հարուածել Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ապհայի ... Շարն.
Երբ Ձուկերը Ցամաք Ելան
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ «Այս ի՞նչ տարօրինակ վերնագիր է» մտածեցիք վստահաբար: Խօսքը ձկան ծովէն դուրս գալու մասին է: Ձուկը ինչպէ՞ս ծովէն (կամ պարզապէս՝ ջուրէն) դուրս պիտի ելլէ, ինչո՞ւ պիտի ելլէ. կը մեռնի, ... Շարն.
«Մենք Որեւէ Պարագայի Տոնպասը Առանձին Պիտի Չձգենք» Կ՛ըսէ Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ռուսիան Տոնպասը առանձին պիտի չձգէ` աւելցնելով. «Սակայն նախքան որոշում մը տալը, պէտք է մտածել մեր առնելիք որեւէ քայլի հետեւանքներուն մասին»: Ռուսիոյ նախագահը ռուսական լրատուամիջոցներու ... Շարն.
Պորել Եւրոպական Միութեան Եւ Ռուսիոյ Յարաբերութիւնները Նկատած Է «Հեռու` Բաւարար Ըլլալէ»
Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները հեռու են բաւարար ըլլալէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ճոզեփ ... Շարն.
Ճափոնի Վարչապետը Կ՛ափսոսայ, որ Ռուսիոյ Հետ Առայսօր Խաղաղութեան Համաձայնագիր Չէ Ստորագրուած
Ճափոնի վարչապետ Եոսիհիտէ Սուկա տեսաուղերձ յղած է տարեկան «Հիւսիսային տարածքներու (Հարաւային Քուրիլներ) վերադարձի ազգային հանրահաւաք»-ին: Ան ափսոսանք յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ չէ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ ըսած է, որ ... Շարն.
Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Քաղաքական Հարցերով Տեղակալի Պաշտօնին Առաջադրած Է Նուլընտի Թեկնածութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր երկրի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի պաշտօնին առաջադրած է Վիքթորիա Նուլընտի թեկնածութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը: Թեկնածութիւնը ուղարկուած է ... Շարն.
«Պլումպըրկ»-ի Համաձայն. Պայտընի Վարչակազմը Կը Քննարկէ «Քորոնա»-ի Հետեւանքներուն Դէմ Պայքարելու Համար Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Թեհրանին Վարկի Տրամադրման Աջակցելու Հարցը
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը քննարկէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի հետեւանքներուն մեղմացման համար Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ Թեհրանին վարկի տրամադրման աջակցելու հարցը: Միւս կողմէ, ... Շարն.
Ճրագներով Երթ` Արցախեան Շարժման Օրուան Առիթով Եւ Պատերազմին Նահատակուած Զինուորներու Յիշատակին
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, 13 փետրուարին կազմակերպուած է ճրագներով երթ` Արցախեան շարժման օրուան առիթով եւ պատերազմի ընթացքին նահատակուած զինուորներու յիշատակին: Ընտրուած օրը պատահական չէր` 33 տարի առաջ նոյն օրը ... Շարն.
Հայաստանի Մէջ Երկրաշարժ. Երեւանի Մէջ Ցնցումի Ուժգնութիւնը Կազմած Է 5-6 Պալ
Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 փետրուար 2021-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 15:29-ին, Երեւան քաղաքէն 8 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք (Նուպարաշէն վարչական շրջանէն մօտ 2 քիլոմեթր հիւսիս) արձանագրուած է երկրաշարժ: ... Շարն.
Դատական Նիստ Նշանակուած Է Պետական Դաւաճանութեան Հարցով
Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրաբեանը գրած է. «Ինչպէս տեղեկացրել էի, Հայաստանի Հանրապետութեան դատախազութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան անգործութեան վերաբերեալ բողոք էինք ներկայացրել դատարան: Բողոքի քննութիւնը նշանակուել ... Շարն.