Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով. ՀՄԸՄ-ական` Լարա Քեչեպաշեան Նշանակուեցաւ Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբի Մարզիչ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) գումարեց իր երկրորդ ժողովը` նախագահութեամբ ֆետերասիոնին նախագահ Ժորժ Քուփալիի եւ այլ անդամներու: Իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը քննարկելէ բացի, ֆետերասիոնը ... Շարն.
Հայաստանի Երեք Դահուկորդ Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանը ներկայացնող երեք դահուկորդներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի դահուկարշաւի բաժակի մրցաշարքին: Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն (29-31 յունուար), ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Հայաստանի Ֆետերասիոնը Հայաստանի Ախոյեանութեան Արդիւնքները Նկատեց Բաւարար
Հայաստանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, մասնակցողներու եւ արդիւնքներու տեսանկիւնէն անակնկալ արդիւնքներ չարձանագրուեցան: Աղջկանց ազատ դասական ոճերուն մէջ, Հայաստանի ախոյեան հանդիսացաւ Քաթիա Գալստեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը ... Շարն.
Վիգէն Խաչատրեան. «Յաջողեցանք Ծանրաբարձներուն Մարզավիճակը Պահպանել»
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ շատ հաւանական է, որ անոր մասնակցի զօրաւոր կազմով մը: Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի մարզիչ Վիգէն Խաչատրեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Ապրիլին մեր ... Շարն.
Գեղարդ Մուսասի. «Եթէ Պարտուիմ, Պիտի Աւարտեմ Արհեստավարժ Ասպարէզս»
Խառն մենամարտերու «Պելաթոր»-ի միջին քաշային կարգի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Գեղարդ Մուսասի յայտարարեց, որ պատրաստ է իր յաջորդ մենամարտը կատարելու: «Պատրաստ վիճակի մէջ եմ մենամարտ կատարելու: Սակայն այժմէն իսկ կու գամ ... Շարն.
Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Կը Մասնակցի Աւստրալիոյ Բաց Ախոյեանութեան
Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեանին առիթ տրուած է մասնակցելու Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի բաց ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայ մարզիկը Աւստրալիա պիտի մեկնի իբրեւ «Լաքի լուզըր»: ... Շարն.
Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, նոր մրցանիշ մը հաստատեց: 34 տարեկան Նատալ, որ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին («Էյ. Թի. Փի.») ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.» Պրուքլին Նեթց` Յաղթական
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան յայտագիրին վրայ եղող 10 մրցումներէն 9-ը կատարուեցան, մինչ Ոաւշինկթըն Ուիզըրտծ-Քլիվլենտ Քաւալիրզ մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ կարգ մը մարզիկներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Ճէյմս ... Շարն.
Մեսսի 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ
Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի երէկ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 2 մրցումով կախակայուեցաւ: Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի ... Շարն.
Ռաուլ Կոնզալես Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով
Ռէալ Մատրիտի անցեալի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես, որ այժմ կը մարզէ արքայական ակումբին երիտասարդներու խումբը, վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կոնզալես, որ այժմ մեկուսացուած է, աշխատանքի ... Շարն.
Տաւիտ Ալապա 4 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի Հետ
Պայէրն Միւնիխի աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա ամրան ընթացքին պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ: «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը արքայական ակումբին հետ կնքեց 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, որ ... Շարն.
Իտալական Ֆութպոլ. Թորինօ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը
Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի («Քալչիօ») ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Թորինոյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տաւիտ Նիքոլա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Մարքօ Ճիամփոլոն, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն ... Շարն.
Մարիօ Մանծուքիչ Միացաւ Ա. Սէ. Միլանին
Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի, Եուվենթուսի, Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Պայէրն Միւնիխի նախկին ֆութպոլիստ Մարիօ Մանծուքիչ երէկ պաշտօնապէս միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան իտալական կազմին հետ ... Շարն.
Իշխան Սաղաթէլեան. «Վիտալի Բալասանեանի Եւ Դաւիթ Բաբայեանի Հետ Քննարկած Ենք Արցախի Սահմաններու Պաշտպանութեան, Ազգաբնակչութեան Անվտանգութեան Ապահովման Եւ Արցախի Կարգավիճակի Վերաբերեալ Հարցեր»
Արցախ այցելութեան պաշտօնական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանին հետ քննարկած ենք հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած ... Շարն.
Հայ Համայնքի Դիմումով Փաֆոսի Քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշա Փողոցը Վերանուանած Է Արդարութեան Փողոց
Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբը երախտագիտութիւն յայտնեց Փաֆոսի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք, ընդառաջելով երկրի հայ համայնքի դիմումին, շատ արագ փոփոխութեան ենթարկած են քաղաքի Թալէաթ Փաշա փողոցի անուանումը` զայն վերանուանելով Տիկէոսինիս ... Շարն.
Հրանդ Տինքի Սպանութեան 14-րդ Տարելից. Կարօ Փայլան. «Կը Շարունակենք Պայքարիլ` Երազներդ Իրականացնելու Համար»
19 յունուարը կը զուգադիպի պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» ամսաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին: Այս տարի անոր սպանութեան 14-րդ տարելիցն է: Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան Դիմատետրի իր ... Շարն.
Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Պայտընի Նախագահական Երդման Արարողութիւնը` Առողջապահական Եւ Ապահովական Մտավախութիւններու Ներքեւ
Երէկ շարունակուեցան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի այսօր տեղի ունենալիք երդման արարողութեան պատրաստութիւնները` Ուաշինկթընի մէջ ապահովական մարմիններու մեծաթիւ ներկայութեամբ: Քափիթոլի ու մայրաքաղաքի կեդրոնի փողոցները փակուեցան հասարակութեան առջեւ եւ Ազգային ... Շարն.
«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին. «Հաւաքական Ճիգերով Միայն Կրնանք Այս Մարտահրաւէրները Յաղթահարել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր «Վանայ Ձայն»-էն տարեմուտի հարցազրոյցին ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ 2020 տարուան իրադարձութիւններուն` զայն կոչելով համբերութեամբ գոյատեւելու տարի: Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր ... Շարն.
Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Կրնայ Զարգացում Մը Արձանագրուիլ` Հասսան Տիապի Ճիգերուն Շնորհիւ
Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ այցելեց իշխանութեան երկու պետերուն, ինչպէս նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի` փորձելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացում մը արձանագրել: Հասսան Տիար երէկ յետմիջօրէին այցելեց Հարիրիի Կեդրոնական ... Շարն.
Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու
«Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի, եւ բոլոր ճիգերը կ՛ուղղուին այդ փակումը աւելի եւս երկարաձգելու ուղղութեամբ: Այս նպատակով «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապը ... Շարն.