Յայտարարութիւն (4, 5, 9, 11 եւ 12 2021)
«ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ Բենօ Զաքարեան 10.000 լ.ո. Արամ 20.000 լ.ո. Կարինէ Պետրոսեան 10$ Ազգասէր 20.000 լ.ո. Վաչէ Թրթըրեան 50.000 լ.ո. Ազգասէր 25.000 լ.ո. Ազգասէր 1.000 լ.ո. Ազգասէր 5.000 լ.ո. ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Ալիք Պէքէրէճեանի ընդ Սերժ Կիտանեանի նշանախօսութեան առիթով` - Տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան 500.000 լ. ո. Ժորժ Մուրատեանի մահուան առիթով` - Տիկին Անի Կարապետեան 1.000.000 լ. ո. Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պաթրունի Եւ Սպաքեթ-Թրիփոլիի Ակադեմիաներուն Մէջ` Զտումի Մրցումներ
Հսկողութեամբ ու հովանաւորութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, Պաթրունի եւ Սպաքեթ-Թրիփոլիի ակադեմիաներուն մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի թրի փոյնթի եւ ցուցադրական զտումի մրցումները` ներկայութեամբ մարզիկներու ծնողներուն: Սպաքեթ-Թրիփոլի ակադեմիայի նախագահ ... Շարն.
Հայրենի Ըմբիշները Հաւաք Կը Կատարեն Ծաղկաձորի Մէջ
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականները սկսան նախապատրաստուելու նոր տարեշրջանին: 10-24 յունուարին Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մեծերու, երիտասարդներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի մեծերու ... Շարն.
Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Մարկարիթա Գասպարեան Յաղթանակ Արձանագրեց Զտումի Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն
Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Մարկարիթա Գասպարեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, երէկ արձանագրեց յաղթանակ մը` շրջանցելով զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: Հայ մարզիկը, որ ... Շարն.
Ճափոնի Բնակչութեան 80,1 Տոկոսը Դէմ Է Ողիմպիական Խաղերուն Կայացման
Ըստ Ճափոնի մարզական մամուլին, երկրին բնակչութեան 80,1 տոկոսը դէմ է 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, ինչպէս նաեւ փարալիմփիք խաղերուն կայացման` աշխարհի տարածքին հետզհետէ դարձեալ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նշուեցաւ, որ այս ... Շարն.
Հայկական Պասքեթպոլ. Ա. Լիկայի Մրցումը Մնաց Կիսատ` Ծեծկռտուքի Պատճառով
Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Վահագնի Սիթի - Մետ Ֆոքսիս մրցումը մնաց կիսատ` երկու կազմերու մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցած զանգուածային բախումին պատճառով: Մրցումը ընդհատուեցաւ առաջին քորթըրին 7-րդ ... Շարն.
Յայտարարութիւններ (12 Յունուար 2021)
ՄԱՀԱԶԴ Տիար Յակոբ Նազարեան Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Նորա Նազարեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Զարեհ եւ Հալա Նազարեան եւ զաւակունք Տիկին Անի Պալըքճեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին ... Շարն.
Ռոնալտօ Մրցանիշ Մը Հաստատեց Եւրոպայի 5 Յառաջատար Ախոյեանութիւններուն Մէջ
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Սասուոլոյի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ», 17-րդ հանգրուան) մրցումին իր նշանակած կոլին շնորհիւ յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել, այս մասին ... Շարն.
53 Տարեկան Միուրա Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Եոքոհամայի Հետ
Եոքոհամայի ճափոնցի յառաջապահ Քաթույոշի Միուրա երկարաձգեց իր գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 56 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը: Նախորդ տարեշրջանին Միուրա ... Շարն.
Մանչեսթըր Եունայթըտ Սահմանեց Փոլ Փոկպայի Գինը
Անգլիական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ պատրաստ է ծախելու իր ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Փոլ Փոկպան: Մանչեսթըրեան ակումբը սահմանեց իր գինը, որուն համապատասխան առաջարկ մը ստանալու պարագային թոյլ ... Շարն.
Նէյմար Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, ապաքինած ըլլալով իր ստացած վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն` իր խմբակիցներուն հետ, յայտնեց մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը ... Շարն.
Գերմանական Ֆութպոլ. Լեւանտովսքի Կրկնեց Կերթ Միւլըրի 52 Տարուան Մրցանիշը
Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի թէեւ նախորդ շաբաթավերջին իր կազմին հետ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա», 15-րդ հանգրուան) գծով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն (3-2), սակայն ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթեց Ռոքեթցին` 120-102 Արդիւնքով
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, արձանագրեց տարեշրջանի իր 8-րդ յաղթանակը, երբ 120-102 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Վերջինս, ... Շարն.
Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Թրքամէտ Զինեալներու Դիրքերն Ու Քարիւղատար Բեռնակառքերը
Ռուսիոյ օդուժը հարուածած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող զինեալ խմբաւորումներու Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող դիրքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» լրատու գործակալութիւնը: Օդային հարուածները սկսած են շաբաթ առաւօտեան եւ ուղղուած եղած ... Շարն.
«Պայտընի Խումբը Թուրքիոյ Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններ Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Քալըն
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի փոխանցման խումբը Անգարայի հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ զարգացնել: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն: «Պայտըն, ... Շարն.
Անգարայէն Պայտընի Նկատմամբ Դժգոհութեան Առաջին Ազդանշանը
Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պետական պատկերասփիւռի կայանը դժգոհութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի որոշումին նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Սիրիըն Օպզըրվըր» կայքը` նշելով, որ Անգարայի արձագանգը ... Շարն.
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կ՛ուզեն Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել» Կ՛ըսէ Քըրքաշ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը «կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել», ինչպէս նաեւ նշեց, որ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ակնկալութիւն ունի: Ան ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հարուստ Երկիրները Քննադատած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստանիւթի Հարցին Մէջ «Ազգայնականութիւն» Դրսեւորելու Համար
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կարծիքով` որոշ զարգացած երկիրներ կ՛անտեսեն բնակչութեան պատուաստումներու հարցին մէջ այլ երկիրներու կարիքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Կութիերեսի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բացայայտած ... Շարն.
«Ներկայ Թուրքիան Համեմատելի Չէ 2000-ական Թուականներու Սկիզբի Երկրին, Որ Կ՛առաջնորդուէր Եւրոպական Արժէքներով» Կ՛ըսէ Տենտիաս
Ներկայիս Թուրքիան համեմատելի չէ 2000-ական թուականներու սկիզբի երկրին, որ կ՛առաջնորդուէր եւրոպական արժէքներով, եւ ո՛չ ալ 2016 թուականի երկրին, որ հետախուզական հարցերու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէր: Յունական «Էքաթիմերինի» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ... Շարն.