Սլաք. Ծիծաղելիութիւնը Սահման Չի Ճանչնար…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի իշխանութիւններուն ծիծաղելիութիւնը (դուք կրնաք ըսել նաեւ անմտութիւնը, անհեթեթութիւնը կամ այլ) սահման չի ճանչնար եւ իւրաքանչիւր օրուան հետ նոր ողբերգութեամբ մը «կը հարստանցնէ» մեր նորագոյն պատմութիւնը: Նորագոյն գիւտը. ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 7 եւ ուրբաթ, 8 յունուար 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 9 յունուար 2021-ին: Շարն.
Յայտարարութիւններ (6 Յունուար 2021)
Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2021 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ» Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, Յունուար 10, 2021-ին, Լիբանանի Թեմի բոլոր ... Շարն.
ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Օրհնաբանում Ենք Նորածին Փրկչին
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Էր Լոյսն ճշմարիտ, որ լուսաւոր առնէ զամենայն մարդ, որ գալոց է յաշխարհ» (Յովհ. 1.9): Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ մեր ի հայրենիս եւ ի ... Շարն.
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Դառնանք Մեր Փրկիչին
Աւետարանիչը կը վկայէ, թէ գիշեր մը դաշտին մէջ, երբ հովիւները իրենց հօտերուն պահակութիւնը կ’ընէին, Աստուծոյ հրեշտակը կ’երեւնայ. հովիւները կը վախնան. հրեշտակը կ’ըսէ անոնց` մի՛ վախնաք, այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր ... Շարն.
Երանի Կարենայինք Պահ Մը Փակել Մեր Մարմնաւոր Աչքերը, Որպէսզի Մեր Սրտերուն Մէջ Երեւէին Միայն Հոգեւոր Իրականութիւններ
«Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր‚ որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ: Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին. - Ո՞ւր է հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի ... Շարն.
Յոյսին Խաղաղութիւնը
... Որով ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ` «խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու» ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու: Ղուկ. 1.78-79 Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ... Շարն.
«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցին Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը
Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին, «Վանայ Ձայն»-էն կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց լիբանանցիին արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ յոյսին կառչած մնալու ... Շարն.
«Նահատակները` Փարոս Մեր Պահանջատիրութեան». Պատերազմին Ինկած Նահատակներու Յիշատակի Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն (ԼՊՄ), երեքշաբթի, 5 յունուար 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած արցախեան ... Շարն.
Ս. Ծնունդի Առիթով Հայ Մշակոյթի Տարածում` «Էմ. Թի. Վի.»-ի Եւ «Էլ. Պի. Սի.»-ի Կողմէ
Համաարաբական պատկերասփիւռին հսկայ լսարան ունեցող լիբանանեան հեռատեսիլի երկու կայաններ երէկ երեկոյեան սփռեցին հայկական մշակոյթը ներկայացնող յայտագիրներ: «Էմ. Թի. Վի.» կայանը սփռեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ պատրաստուած յատուկ յայտագիրը, իսկ ... Շարն.
Քաթարի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Սահմաններու Բացում
Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահ երկուշաբթի գիշեր պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Արաբական ծոցի շրջանի վեհաժողովի սկիզբէն ժամեր առաջ յայտնեց. «Հիմնուելով երկրի իշխան Նաուաֆ ... Շարն.
«Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք Իրանի Մէջ Գրաւուած Քարիւղատար Նաւու Ազատ Արձակման Համար» Կ՛ըսէ Սէուլ
Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քանկ Քիոնկ Հուա յայտարարեց, որ իր երկիրը դիւանագիտական ջանքեր կը թափէ Իրանի մէջ գրաւուած հարաւային քորէական քարիւղատար նաւուն կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակման համար: ... Շարն.
Վար Առնուած «Մի-24»-ի Գործով Ռուսիան Ազրպէյճանէն Իրաւաբանական Օգնութիւն Խնդրած Է
Ռուսիոյ զինուորական քննիչները իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներէն օգնութիւն խնդրած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ռուսական զինուորական «Մի-24» տիպի ուղղաթիռի վար առնուելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի քննութեան հարցին մէջ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սփորթինկ Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան
Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սփորթինկ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նահտա Պար Էլիասին: Սփորթինկ, որ ունեցաւ 28 ... Շարն.
«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլի Երկրորդ Պարտութիւնը
Անգլիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Լիվըրփուլ 2021 տարին սկսաւ պարտութեամբ, երբ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուած վերջին մրցումին, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաութհեմփթընի դաշտին վրայ: ... Շարն.
Եուվենթուս Եւ Ինթեր Միլան Հետաքրքրուած` Կրացիանօ Փելէով
Իտալական երկու անուանի ֆութպոլի կազմեր` Եուվենթուս եւ Ինթեր Միլան, բաւական մօտէն հետաքրքրուած են, իտալացի 35 տարեկան յառաջապահ Կրացիանօ Փելէով, այս մասին յայտնեց «Ֆութպոլ Իտալիա»-ն: Չինական Շանտուն Լունենէն հեռանալէ ետք ան ... Շարն.
Էտկար Տաւիտծ Գլխաւորեց Փորթուգալեան Օլիանենսէն
Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Էտկար Տաւիտծ գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Օլիանենսէի, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Փորթուգալի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն: 47 տարեկան մասնագէտին դիմաց դրուած է պայման ... Շարն.