Աթլեթիզմ. Լիբանանեան 5 Նոր Մրցանիշներ Հաստատուեցան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան աթլեթիզմի երեք տարբեր տեսակի մրցումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ... Շարն.
Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Ընտրութիւնները` 21 Յունուարին
Պաապտայի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ երէկ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ փոխնախագահ Հաշեմ Հայտարի: Ժողովականները նախ եւ առաջ շնորհաւորեցին լիբանանցիները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով` յոյս յայտնելով, ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց «Մերսետես»-ի Հետ
7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած, անգլիացի փորձառու վարորդ Լուիս Հեմիլթըն նախորդ շաբաթավերջին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր մաս կազմած խումբին` «Մերսետես»-ի հետ: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է երկու տարիով: 35 տարեկան ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթեց, Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 62 Կէտ
«Էն. Պի. Էյ. »-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ 137-122 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ... Շարն.
«Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ». «Պուֆոն` Բոլոր Ժամանակներու Լաւագոյն Բերդապահը»
Ֆրանսական «Ֆրանս-Ֆութպոլ» մարզական պարբերաթերթը վերջերս Լեւ Եաշինը ընտրեց իբրեւ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն բերդապահը: Իր կարգին, իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփորթ» մարզական անուանի օրաթերթը, իր կողմէ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին լոյսին տակ, ... Շարն.
23 Տարեկան Ֆութպոլիստ Մը Զոհ` Ինքնաշարժի Արկածի
Սպանական Աթլեթիք ֆութպոլի ակումբի սան Այթոր Կանտիակա, նախորդ շաբաթավերջին զոհ գնաց ինքնաշարժի արկածի մը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: 23 տարեկան ֆութպոլիստը իր «Փէօժօ» ինքնաշարժով բախելէ ետք ճամբորդներու փոխադրակառքի մը տեղւոյն ... Շարն.
Սոն Հէունկ Մին` Ասիոյ 2020 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Թոթենհամի յառաջապահ Սոն Հէունկ Մին ճանչցուեցաւ Ասիոյ 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց «Ֆոքս Սփորթց-Ասիա»-ն: Ան ապահովեց 286 կէտ եւ ունեցաւ կէտերու հսկայ տարբերութիւն մը երկրորդ դիրքը գրաւած ֆութպոլիստին ... Շարն.
Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Պիլպաոյի Մարզիչը Պաշտօնանկ Եղաւ
«Լա Լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Պիլպաոյի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պաշտօնազրկեց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Կայսքա Կարիթանոն: 55 տարեկան մարզիչին պաշտօնազրկումը կատարուեցաւ Էլչէի դէմ (17-րդ հանգրուան) արձանագրուած յաղթանակէն (1-0) կարճ ժամանակ ետք: ... Շարն.
Մեսսիի 750-րդ Մրցումը
Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նախորդ շաբաթավերջին Հուեսքայի դէմ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին 750-րդ անգամ ըլլալով դաշտ ներկայացաւ իր կազմին հետ. ախոյեանութեան ... Շարն.
Ռոնալտօ Գերազանցեց Փելէի Նուաճումը
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ պաշտօնական մրցումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով գերազանցեց պրազիլցի անուանի ֆութպոլի աստղ Փելէն: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Եուվենթուս Ուտինեզէի ... Շարն.
«Լ՛Էքիփ». 2020-ի Խորհրդանշական Կազմը` Առանց Լիոնել Մեսսիի
Ֆրանսական հռչակաւոր «Լ՛էքիփ» մարզական պարբերաթերթը երէկ հրապարակեց 2020-ի աշխարհի խորհրդանշական կազմը, որուն մէջ չկայ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի անունը: Այս կազմին մէջ են Պայէրն Միւնիխի 5 ներկայացուցիչներ, որոնք վերջին ... Շարն.
Մոսկուա Դիտաւորեալ Նկատած Է Ազրպէյճանի Կողմէ «Մի-24» Ուղղաթիռի Վար Առնուիլը
Ռուսիոյ զինուորական հետաքննութիւնը խստացուցած է այն յօդուածը, ըստ որուն, հետաքննուած է Ազրպէյճանի հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ռուսական բանակի «Մի-24» ուղղաթիռի ջախջախման դէպքը: Եթէ նախապէս խօսքը Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 351-րդ ... Շարն.
Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ծոցին Մէջ «Նաւարկումի Կանոնները Խախտելուն Համար» Գրաւեց Հարաւային Քորէական Նաւ Մը
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժին պատկանող նաւեր երէկ առաւօտեան Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ գրաւած են հարաւային քորէական դրօշը բարձրացուցած «Հանքոք Չայնա» նաւը` «նաւարկումի կանոնները խախտելուն ... Շարն.
Փենթակոն. «Իրանի Սպառնալիքներուն Լոյսին Տակ, «Նիմից» Օդանաւակիրը Պիտի Մնայ Ծոցին Մէջ»
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Եու.Էս.Էս. Նիմից» օդանաւակիրը Ծոցին մէջ պիտի մնայ Իրանի կողմէ վերջին սպառնալիքներուն պատճառով»: Նախապէս հաղորդուած էր, որ նշեալ օդանաւակիրը պիտի վերադառնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող իր ... Շարն.
«Ուաշինկթըն Պիտի Կրէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Պատասխանատուութիւնը» Կ՛ըսէ Թեհրան
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ չի ձգտիր «շրջանին մէջ լարուածութեան, եւ պիտի չտատամսինք ուժեղ կերպով մեր անվտանգութիւնը պաշտպանելու»: «Մեր պաշտպանողական ու հրթիռային կարողականութեան շուրջ պիտի չբանակցինք, եւ մենք զանոնք ... Շարն.
Փութին Յանձնարարած Է Վրաստանի Հետ Սահմանազատման Աշխատանքներ Կատարել. Վրաստան Բացառած Է Նման Քննարկումները
Ռուս-վրացական սահմանի սահմանագծման հարցը չի կրնար ըլլալ օրակարգի վրայ, այնքան ատեն որ չէ գործադրուած 12 օգոստոս 2008 թուականի զինադադարի մասին համաձայնագիրը: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած ... Շարն.
Իրաքեան Բանակ. «Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան Պէտք Է Յարգեն Իրաքի Գերիշխանութիւնը»
Իրաքի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարի բանբեր Եահիա Ռասուլ զգուշացուց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ որեւէ բախում «աղէտալի» հետեւանքներ պիտի ունենայ` շեշտելով, որ «Ուաշինկթըն եւ Թեհրան պէտք է յարգեն Իրաքի ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու 10 Պաշտպանութեան Նախկին Նախարարներ Կը Զգուշացնեն Ամերիկեան Բանակը Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը Շրջելու Համար Օգտագործելէն
Միացեալ Նահանգներու 10 պաշտպանութեան նախկին նախարարներ ամերիկեան իշխանութիւններուն յղեցին նամակ մը` յորդորելով իշխանութեան խաղաղ փոխանցման հոլովոյթը յառաջ մղել եւ զգուշացնելով բանակը ընտրութեան արդիւնքը շրջելու կամ ատոր վրայ ազդելու համար օգտագործելէն: ... Շարն.
Փելոսի Վերընտրուած Է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահ
Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նենսի Փելոսի վերընտրուած է Միացեալ Նահանգներու 117-րդ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 80 տարեկան ամերիկուհին ստացած է ընտրութեան նիստին ներկայ քոնկրեսականներու քուէներուն ... Շարն.
Միացեալ Նահանգները Ծովուն Մէջ Իրենց Գերակայութեան Հիմնական Սպառնալիք Նշած Են Ռուսիան Եւ Չինաստանը
Ռուսիան ու Չինաստանը ծովային գերակայութեան երկու հիմնական «սպառնալիքներն են» «համաշխարհային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» դարաշրջանին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու ծովուժի, առափնեայ պահպանութեան եւ ... Շարն.