Յայտարարութիւններ (12 Դեկտեմբեր 2020)
ՄԱՀԱԶԴ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու բազմավաստակ անդամ` ԵՂԲ. ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 դեկտեմբեր 2020-ին, Պէյրութ: --------------------------------------- ՄԱՀԱԶԴ ՀՄԸՄ-ի ... Շարն.
Վոլիպոլ. Ուալիտ Քասուֆ Հրապարակեց Ընտրութիւններուն Մասնակցող Իր Ցանկը
Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆ երէկ հրապարակեց իր գլխաւորած ցանկը, որ պիտի պայքարի յաղթանակ արձանագրելու այս ընտրութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի պիտի ունենան ... Շարն.
Դահուկարշաւ. 2019-2020 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը` Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբերին
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի դահուկարշաւի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Ռեսթըն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն): Այս մրցանակաբաշխութեան զուգահեռ, ... Շարն.
Վաղարշապատի Ֆութպոլի Ակադեմիան Փոխ Տրուեցաւ Նոա Ֆութպոլի Ակումբին
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ Նոա ֆութպոլի ակումբը երէկ կնքեցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Վաղարշապատի ֆութպոլի ակադեմիան 5 տարուան համար (ապագային այդ մէկը երկարաձգելու նախապայմանով) փոխ տրուեցաւ Նոա ֆութպոլի ակումբին: Ֆետերասիոնի ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըրի Եւ Մատրիտի Տերպիի Մրցումները
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ կը խոստանան ըլլալ Մանչեսթըրի եւ Մատրիտի տերպի-ի մրցումները: Առաջինին, Եունայթըտ կը հիւրընկալէ Սիթին, իսկ երկրորդին, ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Այսօր Կը Սկսի Աշխարհի Բաժակի Անհատական Մրցաշարքը
Հայաստանը ներկայացնող ըմբիշները այսօր կը սկսին իրենց պայքարը` լաւ արդիւնքներու հասնելու համար աշխարհի ըմբշամարտի բաժակի անհատական մրցաշարքին: Այս մրցաշարքին, Հայաստանը պիտի ներկայացնեն. Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Արմէն Մելիքեան (60 քկ), ... Շարն.
Գեղասահք. Եւրոպայի Մեծերու Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ
Հայաստանի գեղասահքի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Եւրոպայի գեղասահքի մեծերու ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ: Նշենք, որ անոր թուական ճշդուած էր 25-31 յունուար 2021, իսկ վայրը` Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպը: Անոր զուգահեռ, յետաձգուեցաւ նաեւ Պէյճինկի մեծ ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ն Ներկայացուց Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստի Մրցանակի Թեկնածուներուն Եռեակը
Իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն, ՖԻՖԱ-ն ներկայացուց այն երեք ֆութպոլիստներուն անունները, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի 2020 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Այդ երեք թեկնածուներն են` Լիոնել Մեսսի, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: Մրցանակաբաշխութիւնը ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Հեմիլթըն Պիտի Մասնակցի Ապու Տապիի «Կրան-Փրի»-ին
Անգլիական «Սքայ-Սփորթց» տեղեկացուց, որ 7-րդ անգամն ըլլալով «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած Լուիս Հեմիլթըն, ապաքինած ըլլալով («Քորոնա» ժահրէն), իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ վաղը` կիրակի, Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) «Եաս-Մարինա»-ի ... Շարն.
Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդը Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը
Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը վերահաստատած է Արցախի անկախութեան ճանաչումն ու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կոչ ուղղած հետեւելու այդ քայլին: Քաղաքային խորհուրդը որդեգրած է այդ բովանդակութեամբ բանաձեւ մը, որուն հեղինակը քաղաքային խորհուրդի ... Շարն.
Էրտողանի Համաձայն, Փութին Ընդունած Է Շրջանային Հարթակ Ստեղծելու Անգարայի Առաջարկը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Պաքուէն Անգարա վերադառնալու ընթացքին, օդակայանին մէջ գտնուող լրագրողներուն ըսած է, թէ Ռուսիան ընդունած է Անգարայի առաջարկը` ստեղծելու շրջանային անվտանգութեան հարթակ, որուն կրնան անդամակցիլ Ռուսիան, Թուրքիան, ... Շարն.
Զարիֆ Կոշտ Պատասխան Տուած Է Էրտողանի` Պաքուի Շքերթի Ընթացքին Արտասանած Խօսքին
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Պաքուի զինուորական շքերթի ընթացքին կատարած յայտարարութեան: «Նախագահ Էրտողանին չեն տեղեկացուցած, որ Պաքուի շքերթին ... Շարն.
ՄԱԿ Հաստատած Է Լեռնային Ղարաբաղ Առաքելութիւն Ուղարկելու Իր Մտադրութիւնը
ՄԱԿ-ը կը պահպանէ Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն ուղարկելու իր մտադրութիւնը եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` համագործակցելու, որպէսզի ատիկա կարելի եղածին չափ շուտ ըլլայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան ... Շարն.
Իրանի Հաւանական Յարձակումի Մտավախութենէն Մղուած. Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Ամերիկեան Ուժերը Դրուած Են Բարձր Պատրաստուածութեան Մէջ
Իրան կրնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման վերջին օրերուն զինուորական հարուած հասցնել ամերիկեան զինեալ ուժերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ» օրաթերթը: Իրանի հաւանական հարուածին մտավախութենէն մղուած` «բարձր պատրաստուածութեան» բերուած ... Շարն.
«Ռուսական «Էս-300» Համակարգերու Գնումը Թուրքիոյ ՕԹԱՆ-Էն Հեռացում Չ՛ենթադրեր» Կ՛ըսէ Աքար
Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման բոլոր երեւոյթներուն: Խօսքը քաղաքական, պաշտպանական, տնտեսական եւ ճարտարագիտական բաղադրիչներու մասին է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ ... Շարն.
«Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Մասին Զեկուցումին Մէջ Պիտի Ուսումնասիրուի Նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը» Կ՛ըսէ Մերքել
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները վեհաժողովի ընթացքին համաձայնած են, որ Թուրքիոյ զէնքի արտածման հարցը պէտք է քննարկուի ՕԹԱՆ-ի անդամներու ծիրին մէջ եւ համակարգուի Միացեալ Նահանգներու ... Շարն.
Զաթուլին Էրտողանին Խորհուրդ Տուած Է Յիշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը Գործած Էնվեր Փաշայի Ճակատագիրը
Ռուսիոյ Պետական տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին խորհուրդ տուած է` յիշել Էնվեր փաշայի ճակատագիրը: 10 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ զինուորական շքերթի ընթացքին Ազրպէյճանի ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Ընդլայնեց Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները
Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներն ու կառավարութիւնները որոշած են ընդլայնել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները` Արեւելեան Միջերկրականի մէջ անոր գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Եւրոպական Միութիւնը ... Շարն.
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութեանց Լոյսին Տակ. Դատաւոր Ֆատի Սուուանի Կոչերուն Գծով Թեր Ու Դէմ Կեցուածքները Կը Շարունակուին
Յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ստանձնած դատաւոր Ֆատի Սուուանի դատական հայցի կոչերը երէկ շարունակեցին առանցքը կազմել տարբեր կողմերու դրական թէ ժխտական կեցուածքներուն: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ ... Շարն.
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` Մարզական Ֆետերասիոններու Վարչութիւններու Ընտրութեան Մասին
Մեկնելով մարզական տարբեր ֆետերասիոններու վարչական խորհուրդներու ընտրական թափանցիկ եւ անշեղ գործընթացի գծով` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախանձախնդրութենէն եւ խուսափելով այդ ընտրութիւններուն հեզասահ ընթացքը խափանելու միտող ճնշումներէ կամ կասկածելի քայլերէ` երիտասարդութեան ... Շարն.