Յայտարարութիւններ (11 Դեկտեմբեր 2020)
ՍՏԱՑԱՆՔ «ԱՆԱՒԱՐՏ ԴԻՄԱՆԿԱՐ» Հեղինակ` ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ (Թորոնթօ 2010) Այս գիրքին հրատարակութեան հովանաւորն է Թորոնթոյի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղի հիմնած «Յակոբ Կարապենց»-ի անուան Հրատարակչական ֆոնտը Թորոնթօ 2020 ... Շարն.
Յայտարարութիւն ( 9, 10, 11 Դեկտեմբեր 2020)
«ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ Յովսէփ Այարեան 50.000 լ.ո. Հրաչ Մարաշլեան 10.000 լ.ո. Նազօ Պալեան 100.000 լ.ո. Ալեքս Օքաճեան 20.000 լ.ո. Կարպիս Հարուն 10.000 լ.ո. Մովսէս Տէմիրճեան 10.000 լ.ո. Ժոզեֆ Օսալեան ... Շարն.
Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ուալիտ Քասուֆ Այսօր Կը Հրապարակէ Իր Գլխաւորելիք Ընտրացանկը
Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Քասուֆ այսօր կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կը հրապարակէ Լիբանանի վոլիպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն իր գլխաւորելիք ընտրացանկը, որուն մաս կը կազմեն 15 ... Շարն.
Ճատրակ. Շանթ Սարգսեան Ապահովեց Աշխարհի Ախոյեանութեան Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ իր աւարտին հասաւ աշխարհի ճատրակի պատանեկան ախոյեանութիւնը, որ կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ: 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Շանթ Սարգսեան առաւելագոյն 7 կէտէն 5,5 ... Շարն.
«ՖԻՖԱ». Հայաստան Տարին Աւարտեց 99-րդ Դիրքին Վրայ
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, երէկ հրապարակեց ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որ եղաւ 2020 տարուան վերջինը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը տարին աւարտեց 99-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1233 վարկանշային ... Շարն.
Ֆութսալ. «Եւրօ-2020». Հայաստանի Ազգային Հաւաքականի Մրցումներուն Յայտագիրը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ տեղի ունեցաւ «Եւրօ-2022»-ի ֆութսալի ախոյեանութեան խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք զտումի մրցումներուն յայտագիրը: Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ իրեն մրցակից պիտի ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Ռուբէն Ղարիբեան Եւս Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը ներկայացնող մարզիկ մը եւս պիտի մասնակցի աշխարհի բաժակի անհատական մրցաշարքին, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այսպիսով, Ռուբէն Ղարիբեանի (82 քկ) ... Շարն.
Մահացաւ Աշխարհի Ֆութպոլի Ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի
Երէկ` հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, կեանքէն հեռացաւ իտալական ֆութպոլի անցեալի նախկին աստղ, ոսկի գնդակի դափնեկիր եւ աշխարհի ախոյեան Փաուլօ Ռոսսի: Նշուեցաւ, որ 65 տարեկան Ռոսսիի մահուան պատճառը եղած է թոքերու քաղցկեղը: ... Շարն.
Մարատոնայի Ժառանգութիւնը Պիտի Բաժնուի Նուազագոյնը 16 Անձերու Միջեւ
Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ նախորդ 25 նոյեմբերին մահացած Տիեկօ Մարատոնայի ձգած ժառանգութեան` նշելով, որ անիկա շատ հաւանաբար բաժնուի նուազագոյնը 16 անձերու միջեւ: Անոր ունեցած հարստութիւնը կը գնահատուի 40 միլիոն ... Շարն.
Հայաստանի 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Տասնեակ Պիտի Չընտրուի
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս տարի 2020-ի տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու քուէարկութիւնը պիտի չկատարուի: 2020-ին «Քորոնա» ժահրին պատճառով բազմաթիւ մրցաշարքեր` աշխարհի եւ Եւրոպայի տարածքին չկատարուեցան, ... Շարն.
Լիոնել Մեսսիի Յաջորդ Ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիոնել Մեսսիի ֆրանսական ակումբ հաւանական տեղափոխութեան մասին: «Մենք կը յարգենք բոլոր խումբերը եւ կը փափաքինք, ... Շարն.
Մպափէ Գերազանցեց Մեսսիի Մրցանիշը
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք կատարուեցան խմբակներու դրութեամբ, Ը. խմբակին մաս կազմող Փարիզ Սեն Ժերմեն 5-1 արդիւնքով ջախջախեց թրքական Իսթանպուլ Պաշաքշեհիրը: Փարիզեան կազմէն Քիլիան Մպափէ, ... Շարն.
2022-ի Մոնտիալ. Քաթար Կը Մասնակցի Եւրոպայի Գօտիի Զտումի Մրցումներուն
2022-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ յանձնախումբի գործադիր կոմիտէի անդամ Նասեր Հատեր յայտնեց, որ Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբը կը մասնակցի Եւրոպայի գօտիի զտումի մրցումներուն,` մաս կազմելով Ա. խմբակին: Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան` Փորթուգալ, ... Շարն.
«Եւրօ-2021». Խմբային Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը
Երէկ` հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2021-ի երիտասարդական ախոյեանութեան` «Եւրօ-2021»-ի խմբային հանգրուանի մրցաշարքի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Խմբային հանգրուանի մրցումները պիտի կատարուին 24-31 մարտին, Հունգարիոյ եւ Սլովենիոյ մէջ: ... Շարն.
Արեւմտամէտ Քաղաքականութեան «Ձեռքբերում»-ներէն Մէկը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայկական երկու հանրապետութիւններուն սահմանին վրայ` Լաչինի անցքին մօտ օրերէ ի վեր հաւաքուած ու պատրաստ վիճակի մէջ «զերօ ժամ»-ին սպասող ռուսական ուժերը 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն ... Շարն.
Թրամփ. «Մարոք Եւ Իսրայէլ Ամերիկեան Միջնորդութեամբ Համաձայնեցան Իրենց Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել»
Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «Մարոք եւ Իսրայէլ ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնեցան իրենց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել»` աւելցնելով, որ ինք ստորագրած է յայտարարութիւն մը` ճանչնալով Արեւմտեան Անապատին վրայ Մարոքի ... Շարն.
Իմ պատասխանները՝ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ 8 հարցի եւ 8 պատասխանի
ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Հետեւեալ աշխատութիւնը ծնունդն է Ժիրայր Լիպարիտեանի «Արմենփրէս»-ի մէջ լոյս տեսած «Ի՞նչ խնդիր են լուծում Վազգէն Մանուկեանը եւ 17-ը․ ութ հարց եւ ութ պատասխան» յօդուածին, որ իր կողմէ վարկաբեկելու ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Զինուորական Շքերթի Ժամանակ. Ալիեւ. «Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը Մեր Պատմական Հողերն Են»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսի ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «արդարութեան յաղթանակ»-ը եւ ակնարկած պատերազմի հաւանական շարունակութեան մասին` մինչեւ իսկ Հայաստանի տարածքի գրաւումը: Այս մասին ... Շարն.
Էրտողան Յայտարարած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Հայաստանի Մասնակցութեամբ «Վեցեակի Հարթակ» Ստեղծելու Կարելիութեան Մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ հաւանական է «վեցեակի հարթակ» ստեղծել համագործակցութեան զարգացման համար: «Մենք այսօր եղբօրս (Ալիեւի, «Ա.») հետ ... Շարն.
«Շրջանին Մէջ Կ՛ապաշրջափակուին Բոլոր Տնտեսական Փոխադրամիջոցային Ուղիները» Կ՛ըսէ Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ճամբաներու ապաշրջափակման հարցին: «Երեք երկիրներու ղեկավարներու` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին համաձայն, իսկապէս շրջանին մէջ ... Շարն.