Յայտարարութիւններ (4 Դեկտեմբեր 2020)
ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Յարութ Լատոյեան Տէր եւ տիկին Իշխան Լատոյեան Տէր եւ տիկին Նշան Լատոյեան եւ զաւակունք Տէր եւ տիկին Յակոբ Լատոյեան եւ դուստրը Տէր եւ տիկին Հայկ Թոքաթլեան ... Շարն.
Յայտարարութիւն (4 Դեկտեմբեր 2020)
«ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ» ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ Սագօ Ճընսեան 100.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Արէն Հերկելեան 50.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Մոսիկ Գէորգեան 100.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Ռազմիկ Գէորգեան 100.000 լ.ո. Տէր ... Շարն.
Լիբանանի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի Նոր Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Վարուժան Քէշիշեան Մաս Կազմեց Նոր Ֆետերասիոնին
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ նախարարութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուայտաթի: Այս ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 11 անձերն ալ ընտրուած նկատուեցան, ... Շարն.
Նայիր Տինկիզեան. «Ներկայիս Չեմ Կրնար Ընդունիլ Հայաստանի Հաւաքականին Հրաւէրը»
Մոսկուայի բանակայիններու եւ Ռուսիոյ երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Նայիր Տինկիզեան յայտնեց, որ թէեւ հրաւէր ստացած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականէն, սակայն ցարդ դրական պատասխան տալու որոշում չունի: «Թէեւ մեծ հետաքրքրութիւն կայ ... Շարն.
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Վերստին Արտօնեց Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ Միջազգային Մրցումներու Կայացումը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերստին արտօնեց իր հովանիին տակ տեղի ունենալիք միջազգային մրցումներու կայացումը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Այս որոշումը վերոնշեալ կազմակերպութիւնը ... Շարն.
Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կը Շարունակէ Նախապատրաստուիլ
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, «ԵՒՐՕ-2022»-ի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ երկու մրցում ունի կատարելիք Պուլկարիոյ դէմ: Այդ երկու մրցումներն ալ պիտի կատարուին մրցակիցին դաշտին վրայ: Հայրենի կազմը կը ... Շարն.
Կատարուեցաւ «Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքի Աւարտական Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը
Երէկ` հինգշաբթի, 3 դեկտեմբերին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ կատարուեցաւ «Ազգերու Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ օֆ-ի` աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Անոր արդիւնքին լոյսին տակ, Իտալիա կը մրցի ... Շարն.
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի 750-րդ Կոլը
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ կեանքին ընթացքին իր նշանակած 750-րդ կոլին: 35 տարեկան Ռոնալտօ իր այդ 750-րդ կոլը ... Շարն.
Պարսելոնայի Ֆութպոլիստները Յունուարին Աշխատավարձ Պիտի Չստանան
Պարսելոնայի նախագահի պաշտօնակատար Քարլես Թուսքուեց, անդրադառնալով ակումբին դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապին, ըսաւ, որ անձնակազմը յառաջիկայ յունուարին աշխատավարձ պիտի չստանայ: «Մենք այնպիսի իրավիճակի մը մէջ ենք, որ 2021 տարուան առաջին ամսուան ... Շարն.
Նէյմար. «Կը Փափաքիմ Դարձեալ Խաղալ Մեսսիի Կողքին»
Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմար Ժունիոր յայտարարեց, որ փափաք ունի դարձեալ հանդէս գալ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի կողքին: «Մեծ յոյս ունիմ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ... Շարն.
Զիտանի Կը Սպասէ Ճակատագրական Մրցում Մը
Վերջին շրջանին բաւական կը խօսուի Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտանի պաշտօնազրկման մասին: Ըստ «Քատենա Սեր» լրատուամիջոցին, անոր կը սպասէ բաւական ճակատագրական մրցում մը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ կրնայ ... Շարն.
Փոքեթինօ Կ’ուզէ Ըլլալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիչ
Լոնտոնեան Թոթենհամի նախկին գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կ’ուզէ ստանձնել Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Նշուեցաւ, որ 48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը արդէն իսկ ... Շարն.
Լուքա Եոքիչ Միացաւ Ռէալի Իր Խմբակիցներուն
Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Լուքա Եոքիչ` ապաքինած ըլլալով «Քորոնա» ժահրէն, երէկ միացաւ իր ակումբին խմբակիցներուն, այս մասին յայտնեց «Մարքա»-ն: Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 22 տարեկան ֆութպոլիստը, իր կազմին հետ վերջերս մասնակցեցաւ ... Շարն.
Չաւուշօղլու. «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Կրակոցի Դադրեցման Յայտարարութիւնը Կրնայ Դրական Ազդեցութիւն Ունենալ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գնահատած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ստորագրուած յայտարարութեան հաւանական ազդեցութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա Եւ Ֆրանսա Կը Պահանջեն Օտարերկրեայ Վարձկանները Անյապաղ Դուրս Բերել Լեռնային Ղարաբաղի Տարածքէն
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան Միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով կոչ ուղղեցին Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն անյապաղ դուրս բերելու օտարերկրեայ վարձկանները: Այս մասին կը նշուի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ... Շարն.
«Ռուսիան Կ՛ակնկալէ, Որ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւնները Աւելի Շատ Պիտի Օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու Կեանքի Կոչման» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) անդամ պետութիւնները աւելի աշխուժ պիտի օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման ուղղուած եռակողմ յայտարարութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը ... Շարն.
«Զինուորական Գերիներու Եւ Զոհերու Մարմիններու Փոխանակման Հարցը Ռուս Խաղաղապահ Առաքելութեան Ղեկավարութեան Վերահսկողութեան Տակ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին եւ զինադադարի դրութեան պահպանման: «Անցեալ շաբթուան ընթացքին շարունակուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ... Շարն.
«Ես, Լաւրովն Ու Պիկընը Մտադիր Ենք Շարունակել Աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Շուրջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, անոր ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրով ու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սիթըն Պիկըն մտադիր են շարունակել ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման որոնման ... Շարն.
«Գերմանիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կայուն Լուծման Հասնելու Հարցին Մէջ Յարմար «Գործիք» Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Մաաս
Գերմանիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յարմար «գործիք» կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայուն լուծման հասնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար ... Շարն.
Գերմանիոյ Ներկայացուցիչը Նշանակուած Է ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար
Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Հելկա Շմիտ պիտի նշանակուի ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար: Այս մասին երէկ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ալպանիոյ եւրոպական եւ արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռաման` բացումը կատարելով ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց ... Շարն.