Վերջին Երգը` Անձայն
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Գիշերները խառնուած էին: Գորոնան, մեր բառբարին մէջ` գրանը (համաճարակ) երկրորդական կարգի անցած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի մահասփիւռ որոտումը, որուն մասնակից եղանք զոհերով` նոյնպէս: Լիբանանի տնտեսական ահաւոր տագնապը` դարձեալ: Հրատապ ... Շարն.
Լիբանանի Փինկ Փոնկի Նոր Ֆետերասիոնին Ընտրութիւնները` 12 Դեկտեմբերին
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 12 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մոն Լա Սալի ... Շարն.
Պարաքաթ. «Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբին Իրագործումը Պէտք Չէ Չարաշահել Ընտրութիւններուն Համար»
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ժորժ Պարաքաթ իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ շնորհաւորեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ Պահրէյնի մէջ իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց Ասիա-2021-ի պասքեթպոլի բաժակի ... Շարն.
Արմէն Մելիքբէկեան Հանդիպեցաւ Եուրի Ճորքայէֆի Հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան երէկ տեսակցեցաւ Եուրի Ճորքայէֆի հետ, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ֆետերասիոնին նախագահը Եուրի Ճորքայէֆին նուիրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 6, իսկ Տենիս Ճորքայէֆին` ... Շարն.
ՖԻՏԷ. Արոնեան Մնաց 6-րդ Դիրքին Վրայ
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ` 6-րդ: Բնականաբար, առաջին դիրքին վրայ կը մնայ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կազմակերպէ Աղջկանց Ֆութսալի Բաց Ախոյեանութիւն
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ աղջկանց ֆութսալի բաց ախոյեանութիւն: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ տարիքային դասաւորումով. 12 տարեկանէն վար, 15 տարեկանէն վար եւ 15 տարեկանէն ... Շարն.
Յունահռոմէական Ոճի 9 Ըմբիշ Կը Մասնակցի Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութեան
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի յունահռոմէական ոճի աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան կը մասնակցի 9 մարզիկով: Աշխարհի այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն` Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Արմէն ... Շարն.
Դաւիթ Եուրչենքօ Հեռացաւ Շախտիոր Քարականտայէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ լքեց իր ակումբը` ղազախական Շախտիոր Քարականտան, այս մասին յայտնեց «Sport.kz» կայքը: Անոր պայմանագրութիւնը ղազախական ակումբին հետ նախատեսուած էր մինչեւ 31 դեկտեմբեր: 27 մարտ ... Շարն.
Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններուն Պիտի Ըլլայ Միայն Մէկ Թեկնածու
Մարտ 2021-ին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին նախագահական ընտրութիւնները` անոր 137-րդ համագումարին ընթացքին: Թեկնածուներուն առաջադրման ժամկէտը աւարտեցաւ 30 նոյեմբերին: Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախագահի ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Շախտիոր Տոնեցք-Ռէալ Մատրիտ` 2-0 . Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ-Փարիզ Սեն Ժերմէն
Ինչպէս ծանօթ է, երէկ` երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ կատարուեցան ութ մրցումներ: Այսօր եւս կը կատարուին ութ ճակատումներ` չորս տարբեր ... Շարն.
Հաստատուեցաւ ԱՊՀ-ի Երկիրներու Խաղերուն Կայացման Վերջնական Թուականը
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ հաստատուեցաւ ԱՊՀ-ի երկիրներու առաջին մարզական խաղերուն վերջնական թուականը: Այդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 4-11 սեպտեմբեր 2021-ին, Քազանի մէջ (Ռուսիա): Սկզբունքով անիկա ... Շարն.
Քալտերոն. «Ռոնալտոն Ծախելը Շատ Մեծ Սխալ Էր»
Ռէալ Մատրիտի նախկին նախագահ Ռամոն Քալտերոն քննադատեց արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսը, որ 2018-ին Եուվենթուսին ծախեց փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: «Ան մեծ սխալ գործեց, երբ որոշեց ծախել Ռոնալտոն, որ 9 ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-1». Լուիս Հեմիլթըն Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով
7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին հաղորդեց «Ֆորմիւլա-1»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս պատճառով «Մերսետես»-ի վարորդը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել կիրակի, 6 ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Հանգուցեալ Կարապետ Պապահէքեանի մահուան քառասունքին առիթով` - Տիկին Յասմիկ Պապահէքեան եւ ընտանիք 500.000 լ. ո Շարն.
Յայտարարութիւններ (2 Դեկտեմբեր 2020)
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ ՇԱՐԺԱԿՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԵՐՈՒՆ (2020 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺԱԿԻ ԱՄՓԵՐԻ ՍՊԱՌՄԱՆ ՍԱԿԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ) Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած 2020 նոյեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի ... Շարն.
Ռուսիան Ու Թուրքիան Արցախի Մէջ Հսկողութեան Կեդրոնի Ստեղծման Վերաբերեալ Համաձայնագիր Ստորագրած Են
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է զինադադարի դրութիւնը վերահսկելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու հարցով Ռուսիոյ հետ համաձայնագիր ստորագրելու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: ... Շարն.
Ալիեւ Առաջարկած Է Նախիջեւանը Ազրպէյճանին Եւ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին Միացնող Նոր Միջանցքներ Կառուցել
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առաջարկած է ստեղծել Նախիջեւանը երկրի արեւմտեան հատուածին կապող միջանցք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Մենք Նախիջեւանը կը հանենք շրջապատումէն` միեւնոյն ժամանակ բանալով նոր փոխադրամիջոցային զարկերակ: ... Շարն.
Թուրքիա Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Համար Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարէ
Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ երկրի Ազգային հետախուզական ծառայութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավարը իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարէ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ: Այս մասին «Ալ Մոնիթըր»-ին յայտնած են բարձրաստիճան աղբիւրներ: Կայքի երեք տարբեր աղբիւրները ... Շարն.
Իրանի Խորհրդարանը Որդեգրեց Կառավարութեան` Իւրանիոմի Հարստացումը 20 Առ Հարիւրէն Աւելի Դարձնել Պարտաւորեցնող Օրէնք Մը
Իրանի խորհրդարանը որդեգրեց երկրի հիւլէական գործունէութեան աշխուժացման նախագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս իրանցի օրէնսդիրները որոշած էին քննարկել «Պատժամիջոցներու ջնջման ռազմավարական միջոց» անունով օրինագիծը: Իրանի հիւլէական ... Շարն.
«Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը Ծրագրուած Է Ամերիկեան-Իսրայէլեան-Սէուտական Հանդիպման Ժամանակ» Կ՛ըսէ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ երկրի հիւլէական ծրագիրի գլխաւոր մասնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութիւնը ահաբեկչական վախկոտ գործողութիւն մըն էր, որ պայմանաւորուած էր վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին ... Շարն.