Յայտարարութիւններ (28 Օգոստոս 2020)
ՄԱՀԱԶԴ Տէր եւ տիկին Աւետիս Խաչիկեան եւ զաւակունք Յակոբեան եւ Ատուրեան ընտանիքներ Պալապանեան եւ Խուրի ընտանիքներ Պշարա ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հարազատին` ԱՆԷԹ ԽԱՉԻԿԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ ... Շարն.
Ճատրակ. Համաշխարհային Առցանց Օլիմփիատ. Հայաստան Յաղթեց Յունաստանի Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին
«ՖԻՏԷ»-ին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի Համաշխարհային Օլիմփիատի առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը, որ երէկ փլէյ-օֆ-ի նախնական հանգրուանին մրցեցաւ Յունաստանի դէմ, արձանագրելով երկու յաղթանակ (երկու ռաունտի ընթացքին), ապահովեց քառորդ ... Շարն.
«Եւրոպայի-Լիկա». Հայրենի Երեք կազմերն ալ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
Երէկ՝ հինգշաբթի, 27 օգոստոսին, Եւրոպայի տարածքին տեղի ունեցան «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները: Նախքան մանրամասնութիւնները, նշենք, որ մրցումները ներկայ դրութեամբ պիտի չկատարուին երթուդարձի դրութեամբ, այլ մէկ մրցումով եւ ... Շարն.
Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ՝ Առցանց
Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որ նախատեսուած է կատարել Փերուի մէջ, յառաջիկայ 11-18 նոյեմբերին, տեղի պիտի ունենայ առցանց: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը այս որոշումին ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի 12 Սեպտեմբերին
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց բարձրագոյն դասկարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 12 սեպտեմբերին: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ խումբերը. Ալաշկերտ, Հայասա, ... Շարն.
Մինչեւ 2020-ի Վերջը՝ «Պունտըսլիկա»-յի Մրցումները Կրնան Կատարուիլ Առանց Հանդիսատեսներու
«AFP» լրատու գործակալութեան համաձայն, «Պունտըսլիկա»-յի մրցումները, շատ հաւանաբար մինչեւ 2021 թուականը, կատարուին առանց հանդիսատեսներու: Նկատի ունենալով որ «Քորոնա» ժահրը Գերմանիոյ մէջ կը շարունակէ տիրական ներկայութիւն մը դառնալով վտանգել մարդոց կեանքերը, ... Շարն.
«Քալչիօ». Նոր Տարեշրջանին Մեկնարկը Կրնայ Յետաձգուիլ
«Sky Italia» կը յայտնէ ըսելով, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին մեկնարկը կրնայ յետաձգուիլ: Նշուեցաւ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նամակ մը ստացած է Ինթեր Միլանէն, որուն մէջ ... Շարն.
Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան. Այսօր՝ Լիոն-Տիժոն Երկրորդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը
Այսօր՝ ուրբաթ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի երկրորդ հանգրուանի բացման մրցումին, Լիոն իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Տիժոնին: Մրցումը պիտի սկսի՝ ժամը 22:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: Լիոն, Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց, մինչ ... Շարն.
Փոմփէօ. «Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Պիտի Վերականգնին 20 Սեպտեմբերի Կէս Գիշերին»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ «Թուիթըր»-ի ճամբով յայտարարեց. «Իրանի դէմք պատժամիջոցները պիտի վերականգնին 20 սեպտեմբերի կէս գիշերին»: «Եթէ ՄԱԿ-ի անդամներէն մէկը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացումը ... Շարն.
Փոմփէօ. «Օմանի Սուլթանին Հետ Քննարկեցի Խաղաղութեան Կառուցումը` Միացեալ Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդին Ճամբով»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իսրայէլի հետ արաբական երկիրներուն յարաբերութիւններու բնականոնացումը քաջալերելու նպատակով ձեռնարկած միջինարեւելեան իր շրջապտոյտի վերջաւորութեան երէկ այցելել Օման, ուր հանդիպում ունեցաւ Օմանի սուլթան Հայսամ պըն ... Շարն.
Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ուժերու Միջեւ «Ճակատում» Հասաքէի Մէջ
Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հասաքէի մէջ ամերիկեան ուժերուն պատկանող շարք մը զրահապատ մեքենաներ չորեքշաբթի օր փորձած են արգելք հանդիսանալ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան շարք մը զրահապատ մեքենաներու, որոնք սովորական ... Շարն.
Թրամփ Մտահոգ Է. Թրամփ-Էրտողան Եւ Թրամփ-Միցոթաքիս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ` Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Թուրք-Յունական Լարուածութեան Մասին
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր` նաեւ շրջանային վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար արեւելեան Միջերկրականի մէջ թուրք-յունական ... Շարն.
Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա Եւ Իտալիա Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն Կիպրոսի Հարաւը
Յունաստան, Կիպրոս, Ֆրանսա եւ Իտալիա չորեքշաբթի օր սկսած են օդուժի եւ ծովուժի ռազմափորձերու` Կիպրոսի հարաւը: Ռազմափորձերը, որոնք ստացած են «Եունոմիա» անունը, կը կատարուին 26-28 օգոստոսին եւ կը հանդիսանան չորս երկիրներու ... Շարն.
«Եթէ Մեր Սահմանները Խախտէք, Ապա Մեր Պատասխանը Յայտնի Է, Սակայն Երկխօսութեան Կը Զօրակցինք», Յունաստանին Կ՛ըսէ Աքար
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է. «Թուրքիոյ եւ Յունաստանի խնդիրներու լուծումը մեր միջեւ հանդիպումին ու երկխօսութեան ճամբով կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ Ֆրանսային ու ... Շարն.
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իրաք
Իրաքի Նախագահը Կը Շեշտէ Միջազգային Օրէնքները Խախտող Թրքական Զինուորական Ոտնձգութիւններու Դադրեցման Կարեւորութիւնը Իրաքի նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս ... Շարն.
«Չինաստանի Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակելը Մեզ Չի Վախցներ», Կ՛ըսէ Պիլինկսլի
Հիւլէական զէնքերու տարածման արգիլման բանակցութիւններուն ամերիկացի պատուիրակ Մարշըլ Պիլինկսլի յայտնեց, որ Չինաստան շատ կը սխալի, եթէ կը կարծէ, թէ Հարաւային Չինական ծովու մէջ թեւաւոր հրթիռներ արձակելը կրնայ վախցնել Միացեալ Նահանգները: ... Շարն.
ԿՈՉ. Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին
Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին իբրեւ հետեւանք բնակարանային վնասներու արձանագրութեան առաջին փուլի աշխատանքները, Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը կը ծանուցէ, որ շաբաթ, 29 եւ երկուշաբթի, 31 օգոստոս 2020-ին, առաւօտեան ... Շարն.
Տեղի Ունեցաւ 3 Կուսակցութիւններու Աշխատանքային Խումբի Հերթական Նիստ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Հայրենիք կուսակցութիւններու աշխատանքային խումբի հերթական նիստը: Քննարկելով «Քորոնա» համավարակին իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական ... Շարն.
Առաջին Ազգային Հերոս Բժիշկը. Բժիշկ Հրայր Յովակիմեան Պարգեւատրուած Է Հայրենիքի Շքանշանով
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով բժիշկ Հրայր Յովակիմեանին շնորհուած է Ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչում` բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելուն եւ տարած երկարամեայ անձնուրաց աշխատանքին համար: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնէ ... Շարն.
Աքար. «Հայաստանը Իր Գլուխէն Մեծ Գործերու Միջամուխ Կ՛ըլլայ»
Անգարա պատրաստ է ներդրում կատարել Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտական պատրաստուածութեան կատարելագործման մէջ: Երէկ Անգարայի մէջ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար ... Շարն.